Յունաստանի Հ.Կ.Խաչի 100-ամեակի փառաշուք տօնակատարութիւնը Աթէնքի մէջ
Բացառիկ տօնախմբութիւն մը եղաւ Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի հիմնադրութեան 100-րդ տարեդարձին նշումը Աթէնքի մէջ, որ իրագործուեցաւ միութեան Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ մասնաճիւղերու ու ժողովուրդի բազմահարիւր մասնակցութեամբ։
Շաբաթ, 30 Նոյեմբեր 2024-ի երեկոյեան, հակառակ տիրող աննպաստ օդին, որեւէ խոչընդոտ չէր կրնար կասեցնել Հ.Կ.Խաչին ու անոր նուիրական դերակատարութեան հաւատք ընծայող անդամներուն, բայց նաեւ յունահայ հայրենակիցներուն ստուար ներկայութիւնը, որոնք Նէա Զմիռնիի «Էսթիա» սրահին մէջ մէկտեղուեցան, յարգելու համար միութեան շարքերէն ներս գործած անհամար անդամուհիներուն, կրթական մշակներուն եւ բարերարներուն անժամանցելի յիշատակը։
Երկար ժամանակ առաջ ծրագրուած ելոյթը իր արժանի պսակումին հասաւ այդ երեկոյին, ի տես բերնէ բերան լեցուն սրահին մէջ յունահայ հասարակութեան, ուր մատղաշ սերունդէն սկսեալ մինչեւ վաստակաւոր երէց անդամուհիները, ընդառաջեցին մերօրեայ վարչական խաչուհիներու սրտագին հրաւէրին, եւ բոլորը միասնաբար պանծացուցին կանացի մեծ կազմակերպութեան հարիւրամեայ վաստակն ու նուիրուածութեան փառապանծ պատմութիւնը։
Սրահի նախամուտին, հանդիսատեսը արդէն կը ծանօթանար նկարներու շքեղ ցուցադրութեան մէջէն Հ.Կ.Խաչի երկարամեայ գործին, անոր խնամատարական եւ բարեսիրական ազգանուէր մատուցումին։ Սեւ ու ճերմակ նկարները հարազատօրէն ցոլացին Հ.Կ.Խաչի հին օրերը, երբ տարագրեալ գաղթահայութիւնը կենաց մահու պայքարով ինքզինք կը հաստատէր Յունաստանի հիւրընկալ ափերուն վրայ, մինչեւ Հայաստան ու Արցախ հասնող նուիրական ծառայութիւնը կամ հպարտութիւն արթող գաղութի կրթական օճախներու կեանքը։
Սրահի մուտքին, վարչական ընկերուհիներուն կողմէ ժպտադէմ դիմաւորումը հարազատութիւն ստեղծող զգացումներու արտայայտութիւն մը եղաւ։ Ժողովուրդին կողմէ երկար սպասուած այս համախմբումը, ինքնին վերանորոգման եւ վերակենսաւորման լաւագոյն առիթը հանդիսացաւ, որ կը կռանէ յունահայ կանացի մեծ միութեան ապագայի երթը ու ծառայութեան կամքը։
Շքեղ տօնակատարութիւնը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Յունաստանի հայոց թեմակալ առաջնորդ Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, Հայ կաթողիկէ համայնքին կողմէ Հ. Ներսէս վրդ. Սաքայեան եւ հոգեւոր հովիւներ Պարէտ քհնյ. Խաչերեան ու Նարեկ քհնյ. Շահինեան։ Ուրախառիթ էր Հ.Հ. Յունաստանի մէջ դեսպան պ. Տիգրան Մկրտչեանի եւ Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդր. վարչութեան ներկայացուցիչ ընկ. Լիզա Ժիլիպեր-Չալըգեանի ներկայութիւնը։ Նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կեդր. Վարչութեան անդամ տոքթ. Արմէն Տէրեան պատուեց ելոյթը իր ներկայութեամբ։ Յատկանշական էր Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ պ. Եորղոս Քութելաքիսի եւ «Էսթիա»-ի հաստատութեան տնօրէնին ներկայութիւնը։
Յունահայ գաղութի գործօններուն կողմէ ներկայ եղան եւ պատիւ ընծայեցին Ազգային վարչութեան ատենապետ Թագւոր Յովակիմեան եւ անդամները, Հ.Յ.Դ. Կեդր. կոմիտէին կողմէ՝ ներկայացուցիչ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան եւ անդամները, Համազգայինի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջ. վարչութիւններու անդամները եւ տեղական միաւորներու վարչականները։ Հոն էին նաեւ Հ.Կ.Խաչի ազգային վարժարաններու անցեալի երախտաւոր տնօրէններ եւ ուսուցիչներ, ինչպէս նաեւ ներկայ տնօրէնութեանց եւ ուսուցչական կազմերու ամբողջութիւնը։
Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բեմը լեցուեցաւ Հ.Կ.Խաչի երեք վարժարաններու տասնեակ աշակերտներով, որոնք երաժիշտ Միհրան Չալըգեանի ղեկավարութեամբ երգեցին Հայ Կապոյտ Խաչի քայլերգը։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Շրջանային վարչութեան անդամ ընկ. Ալիս Յարութիւնեան, որ հայերէն եւ յունարէն ներածականով ուրուագծեց օրուան յոբելենական ելոյթին իմաստը։
Ներկաները անսահման խանդավառութեամբ ըմբոշխնեցին Հ.Կ.Խաչի ազգային վարժարաններու աշակերտութեան կողմէ մեկնաբանուած յայտագիրը, Միհրան Չալըգեանի ճպոտին տակ։ Ժողովրդային երկու երգերու հնչիւններուն ներքեւ, սրահը լեցուեցաւ պատանեկան ձայներով, երաժշտական գործիքներու ընկերակցութեամբ, որոնք ջերմացուցին մթնոլորտը։ Ներկաներու գնահատանքը արտայայտուեցաւ ջերմ եւ երկար ծափահարութիւններով։
Ողջոյնի խօսքերու շարքին, առաջին խօսողը եղաւ Թեմակալ Առաջնորդը։ Ան վեր առաւ Հ.Կ. Խաչի 100-ամեայ ծառայութեան վաստակը ու արժանի տուրքը տուաւ բոլոր անոնց, որոնք գաղթօճախներուն մէջ սէր եւ գուրգուրանք փոխանցեցին տարագրեալ ժողովուրդի զաւակներուն։ Հայրդ սուրբը իր խօսքին մէջ երախտապարտ զգացումներով արտայայտուեցաւ յունահայ գաղութի կրթական իրագործումներուն ու Հ.Կ.Խաչի բոլորանուէր գործունէութեան մասին։ Աւարտին, ան նոր հարիւրամեակներ մաղթեց, ընդգծելով, թէ այս անկիւնադարձային առիթը վերանորոգ ծառայութեան ուղիներ կը բանայ միութեան առջեւ։
Յաջորդաբար, Հ.Օ.Մ.-ի Կեդր. վարչութեան ողջոյնը արտայայտեց ընկ. Լիզա Ժիլիպեր-Չալըգեան, որ հրաւիրեց Հ.Կ.Խաչի ներկայ բոլոր անդամուհիները պահ մը ոտքի կագնիլ։ Այս շարժումին վրայ, սրահը լեցուեցաւ խանդավառ ծափողջոյններով, երբ անդամուհիներու տարբեր սերունդներու միաւորումը ցոյց տուաւ միութեան շարունակականութեան ուժը եւ աշխատելու յարատեւ ոգին։
Յունաստանի Հ.Կ.Խաչի Շրջ. վարչութեան անունով, ընկ. Նորա Քիւրտօղլեան-Գույումճեան հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով եւ արտայայտեց մերօրեայ խաչուհիներու գործելու անկոտրում կամքը։
Օրուան խօսքը արտասանելու համար բեմ հրաւիրուեցաւ ընկ. Քերոբ Էքիզեան, որ կատարեց 100-ամեայ գործունէութեան արժեւորումը, ապա շրջագիծի մէջ առաւ ապագայի մարտահրաւէրներու դիմակայումը, որուն համար Հ.Կ.Խաչը երախտաւոր դեր ու խօսք ունի։
Յայտագիրի գեղարուեստական բաժինը անհուն խանդավառութեան եւ հրճուանքի պահեր եղան։ Բոլոր դերակատարները մերթ զգայնութեամբ՝ ստեղծեցին խորհրդաւոր մթնոլորտ, մերթ ոգեւորիչ երգերու ներկայացումով՝ սրահը լեցուցին խանդավառ զգացումներով։
Խորհրդաւորութեան մէջ, հայազգի յայտնի դերասանուհի Խրիսթինա Ալեքսանեան, նրբազգաց իր ծանօթ արտայայտչականութեամբ, կարդաց հատուածներ Տիտօ Սոթիրիուի «Մեռելները կը սպասեն» գիրքէն եւ Մահմուտ Տարուիշի «Ուրիշներուն մտածէ» բանաստեղծութիւնը։ Անոր կողքին, երաժիշտ Յովհաննէս Սամուէլեան կիթառով մեկնաբանեց հայկական երեք երգեր։ Խօսքն ու երաժշտութիւնը իրարու միախառնուած, յուզումի եւ զգայնութեան վայելք մը դարձան սրահէն ներս։
Յայտագիրի վերջին մասին, Քսանթիէն հրաւիրուած երգչուհիներ Յասմիկ Բեգլարեան եւ Հռիփսիմէ Դանիէլեան, իրենց գեղեցիկ ձայներով եւ դաշնակի նուագակցութեամբ, ներկայացուցին փունջ մը ազգագրական եւ ժողովրդային ծանօթ երգեր, ոգեւորութեան ալիք մը տարածելով ներկաներուն մէջ։ Ժողովուրդը եւս ձայնակցեցաւ երկու արուեստագէտներու հմայիչ ներկայացման։
Օրուան հանդիսավարին փակման խօսքէն ետք, ժողովուրդը ուղղուեցաւ սրահի նախամուտին, ուր կատարուեցաւ հիւրասիրութիւն զանազան աղանդերներով։ Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութիւնը գոհունակութեամբ ընդունեց բոլորին շնորհաւորութիւններն ու գնահատական խօսքերը օրուան բացառիկ մթնոլորտին կապակցութեամբ։
Յունաստանի Հ.Կ.Խաչի 100-ամեայ տօնախմբութիւնը կանացի մեծ կազմակերպութեան հանդէպ հպարտութիւն ստեղծող առիթէն անդին, ամբողջական վերանորոգման խթան հանդիսացաւ միութեան անշահախնդիր ծառայողներուն համար, ի խնդիր յունահայ գաղութի յարատեւ ու բարգաւաճ իրագործումներուն։
Աղբիւրը` Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ