Նիւթական օժանդակութիւն հալէպահայերուն
«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի դիւանին 3 դեկտեմբեր 2024 թուականը կրող յայտարարութեան լոյսին տակ, չորեքշաբթի, 4 դեկտեմբեր 2024-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հովանաւորութեամբ եւ տնօրինութեամբ, Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային վարչութիւնը, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի գլխաւորութեամբ, ընթացք տուաւ հալէպահայ բոլոր ընտանիքներուն նիւթական օժանդակութեան բաշխումին, առանց յարանուանական խտրութեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ:
Սրբազան հայրը բաշխումին ներկայ գտնուելով աղօթք բարձրացուց առ Աստուած` թելադրելով, որ չվախնան, խուճապի չմատնուին, այլ աղօթեն եւ ապագայի նկատմամբ բարձր տրամադրութեամբ դրսեւորեն իրենց ընթացքը, միշտ յուսալով, որ Աստուած մեր կողքին է եւ մեզի չի լքեր, լաւ պիտի ըլլայ ընթացքը, պարզապէս համբերութեամբ պէտք է սպասել:
Այս ուղղութեամբ սրբազան հայրը վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնները փոխանցեց ժողովուրդին` յիշեցնելով, որ վեհափառ հայրապետը միշտ իրենց կողքին է եւ ամէն ճիգ ու ջանք ի գործ պիտի դնէ օգտակար դառնալու հալէպահայութեան:
Սրբազան հայրը խրախուսիչ խօսքերով յաւելեալ տոկունութիւն, համբերութիւն, ուժ եւ կորով մաղթեց ժողովուրդի զաւակներուն, որպէսզի անոնք զօրաւոր կամքով դիմագրաւեն դժուարութիւնները եւ յաղթական դուրս գալով շարունակեն երթը` համագործակցութեան ոգիով զիրար քաջալերելով, ժխտական տրամադրութիւնը մէկ կողմ դնելով եւ միշտ դրական ըլլալով:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ