Եւրոպայի դրօշակը Եւրոպայի դրօշակը  (AFP or licensors)

Եւրոպական Խորհրդարանը ընդունեց Պաքուի դէմ պատժամիջոցներ պահանջող բանաձեւ մը

Բանաձեւին մէջ խստօրէն կը դատապարտուին Ատրպէյճանի մէջ հանրութեան, անկախ լրատուամիջոցներու եւ քաղաքական ընդդիմութեան նկատմամբ շարունակուող ճնշումները, ինչպէս նաեւ բանտարկեալներու մարդկային իրաւունքներու կանոնաւոր խախտումը։

Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր 19 Դեկտեմբերի լիագումար նիստին ընթացքին, 434 կողմ, 30 դէմ եւ 89 ձեռնպահ ձայներով, Եւրոպական խորհրդարանը ընդունեց Ատրպէյճանի հանրութեան եւ անկախ լրատուամիջոցներու շարունակական ճնշումներուն վերաբերեալ բանաձեւը: Այս քուէարկութեան նախորդած էր այս հարցին շուրջ 18 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած խորհրդարանական քննարկումը։

Բանաձեւին մէջ, Եւրոպական խորհրդարանի անդամները խստօրէն կը դատապարտեն Ալիեւի վարչակարգին կողմէ մամուլի ազատութեան եւ այլախոհութեան ճնշումը՝ կոչ ընելով Եւրոպական Միութեան գործադիր իշխանութիւններուն՝ նպատակաուղղուած պատժամիջոցներ սահմանել Ատրպէյճանի այն պաշտօնատարներուն դէմ, որոնք խախտած են մարդկային տարրական իրաւունքները: Խորհրդարանը կ՛առաջարկէ նաեւ բեկանել ուժանիւթի ոլորտին մէջ ռազմավարական գործընկերութեան մասին 2022ին կնքուած փոխըմբռնման յուշագիրը եւ կը պահանջէ «անվերապահօրէն ազատ արձակել քաղաքական դրդապատճառներով ձերբակալուած իրաւապաշտպանները, լրագրողները, հանրային եւ քաղաքական գործիչները»։

Բանաձեւին մէջ խստօրէն կը դատապարտուին Ատրպէյճանի մէջ հանրութեան, անկախ լրատուամիջոցներու եւ քաղաքական ընդդիմութեան նկատմամբ շարունակուող ճնշումները, ինչպէս նաեւ բանտարկեալներու մարդկային իրաւունքներու կանոնաւոր խախտումը։

Բանաձեւին մէջ կը յիշատակուին նաեւ 23 հայ գերիները, ներառեալ՝ Արցախի Հանրապետութեան նախկին ղեկավարները եւ կոչ կ՛ըլլայ՝ անյապաղ ազատ արձակելու նաեւ զանոնք, երկրի բոլոր քաղաքական բանտարկեալներուն հետ:

18 Դեկտեմբերի քննարկումին ընթացքին, քանի մը խորհրդարանականներ բարձրացուցին հայ պատանդներուն եւ Արցախի հայաթափման հարցերը, պահանջելով Պաքուի դէմ պատժամիջոցներու ընդլայնումը:

Մեկնաբանելով բանաձեւը՝ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան ըսաւ հետեւեալը. «Այս բանաձեւը կ՛ընդգծէ Եւրոպական Միութեան գործադիրին կողմէ համապարփակ եւ արդիւնաւէտ միջոցներ ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը՝ զսպելու համար Ալիեւի վարչակարգին բռնաճնշումները եւ անարդարութեան քաղաքականութիւնը: Ընդդիմադիր գործիչներուն եւ լրագրողներուն նկատմամբ աճող բռնաճնշումները եւ անմարդկային պայմանները, որոնց զոհ են նաեւ քաղաքական բանտարկեալները, ներառեալ՝ Արցախի Հանրապետութեան նախկին ղեկավարները եւ այլ կեղծ գործերով բանտարկուած հայերը, կը ներկայացնեն Եւրոպական Միութեան հիմնարար սկզբունքներու եւ արժէքներու խախտումներ»:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/12/2024, 09:42