Մատրիտի համալսարանին մէջ կայացած է հայագիտական կեդրոններու անդրանիկ համաժողովը Մատրիտի համալսարանին մէջ կայացած է հայագիտական կեդրոններու անդրանիկ համաժողովը 

Մատրիտի համալսարանին մէջ կայացած է հայագիտական կեդրոններու անդրանիկ համաժողովը

Համաժողովին ներկայ Վենետիկի, Հռոմի, Սալցպուրկի, Լայփցիկի, Սինալոայի, Քենըտիի, Ռոսարիոյի, Հալլէ-Վիթենպերկի «Մ. Լիւթեր» համալսարաններու եւ շարք մը այլ հայագիտական ամպիոններու ղեկավարները ցուցադրած են սահիկներ՝ նուիրուած իրենց կեդրոններու գործունէութեան եւ իրականացուցած ծրագրերուն:

Նոյեմբեր 21-22, Մատրիտի «Գոմփլութենսէ» համալսարանին մէջ կայացած է օտար երկիրներու համալսարաններէն ներս գործող հայագիտական կեդրոններու անդրանիկ համաժողովը՝ «Հայագիտութեան զարգացման տեսլականը, մարտահրաւէրները եւ հեռանկարները» բնաբանով, կազմակերպութեամբ՝ Սպանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, աջակցութեամբ՝ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարարութեան։

Համաժողովին մասնակցած են ԿԳՄՄ փոխնախարար Արթուր Մարտիրոսեան, Բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան յանձնախումբի փոխնախագահ Արթուր Մովսիսեան, դեսպան Սօս Աւետիսեան, աշխարհասփիւռ հայագիտական ամպիոններու եւ կեդրոններու ղեկավարներ: Համաժողովին ներկայ եղած են նաեւ Մատենադարանի, Երեւանի պետական համալսարանի, «Խաչատուր Աբովեան» պետական մանկավարժական համալսարանի մասնագէտներ: Համաժողովը վարած է Վենետիկի Կա’Ֆոսկարի համալսարանի փրոֆ. Սոնա Յարութիւնեան:

2022 թուականէն Գոմփլութենսէ համալսարանին մէջ Հայաստանի պետական գանձատրումով կը գործէ Սպանիոյ առաջին հայագիտական ամպիոնը, ղեկավարութեամբ փրոֆ. Ֆրանսիսքօ Զօրեանի:

Արթուր Մարտիրոսեան իր ելոյթին յայտարարած է, թէ արտասահմանի մէջ գործող հայագիտական կեդրոնները մեծ դեր ունին հայագիտութեան զարգացման մէջ՝ նշելով, թէ սա պահուս նման կեդրոններ ունինք 13 երկրի 15 համալսարանի մէջ, որոնց մեծ մասը Եւրոպայի տարածքին: “Այս կեդրոնները պէտք է իրարու հետ գործակցին, միատեղ հետազօտութիւններ կատարեն եւ տեսանելի արդիւնք ցուցաբերեն նաեւ ցանցային գործակցութեան առումով՝ գրաւիչ դարձնելով հայագիտութիւնը”,– ընդգծած է փոխնախարարը՝ յայտնելով, թէ արդէն հաստատուած է Ցանցային հայագիտական համալսարանի զարգացման հայեցակարգը:

Դեսպան Սօս Աւետիսեան ողջունած է նմանօրինակ ձեւաչափով կազմակերպուած առաջին համաժողովի մասնակիցները՝ յաջողութիւն եւ արդիւնաւէտ աշխատանք մաղթելով անոնց:

Համաժողովին ներկայ Վենետիկի, Հռոմի, Սալցպուրկի, Լայփցիկի, Սինալոայի, Քենըտիի, Ռոսարիոյի, Հալլէ-Վիթենպերկի «Մ. Լիւթեր» համալսարաններու եւ շարք մը այլ հայագիտական ամպիոններու ղեկավարները ցուցադրած են սահիկներ՝ նուիրուած իրենց կեդրոններու գործունէութեան եւ իրականացուցած ծրագրերուն:

Մասնակիցները քննարկուած են առկայ խնդիրները, զարգացման ուղիները եւ կեդրոններու միջեւ համագործակցութեան հեռանկարները:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/12/2024, 09:47