2024.12.10 Leader comunità armena ad Aleppo

Սուրիահայութիւնը պիտի աջակցի Սուրիոյ վերականգնումին․ Բերիոյ Թեմ

«Հայ համայնքը միշտ եղած է ու պիտի մնայ սուրիական հայրենիքի բարօրութեան եւ բարգաւաճման սատարող, երկրի տարածքային ամբողջականութեան եւ սուրիական ընկերութեան տարբեր բաղադրիչներու խաղաղ գոյակցութեան ջատագով: Այս երկրին մէջ դարարմատ ու կառուցողական ներկայութիւն ունեցող սուրիահայութիւնը համատեղ աշխատանքով պիտի շարունակէ աջակցիլ Սուրիոյ վերականգնումի բազմաբնոյթ աշխատանքներուն»:

Կիրակի օր, Բերիոյ Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանը հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

«Սուրիական հայրենիքին մէջ փոփոխութիւններու այս փուլին, մեր ժողովուրդի զաւակներուն կը յորդորենք ըլլալ զուսպ եւ զգուշաւոր, այս ժամերուն բնակարաններէն միայն անհրաժեշտութեան պարագային դուրս գալ:

«Հայ համայնքը միշտ եղած է ու պիտի մնայ սուրիական հայրենիքի բարօրութեան եւ բարգաւաճման սատարող, երկրի տարածքային ամբողջականութեան եւ սուրիական ընկերութեան տարբեր բաղադրիչներու խաղաղ գոյակցութեան ջատագով:

«Այս երկրին մէջ դարարմատ ու կառուցողական ներկայութիւն ունեցող սուրիահայութիւնը համատեղ աշխատանքով պիտի շարունակէ աջակցիլ Սուրիոյ վերականգնումի բազմաբնոյթ աշխատանքներուն:

«Խաղաղութիւն կը մաղթենք սուրիական հայրենիքին, իսկ Հալէպէն առժամաբար մեկնողներուն` ապահով ուղիներով բարի վերադարձ, որպէսզի միասին, ձեռք-ձեռքի նպաստենք երկրի բարգաւաճման»:

Նշենք, որ Հալէպի ռազմական կառավարման պատասխանատուները 9 Դեկտեմբերին, հանդիպում մը ունեցան հայ եւ քրիստոնեայ համայնքապետներուն հետ։ Անոնք ըսին, որ կը յարգեն քրիստոնեաներու կրօնական առանձնայատկութիւնները:

Նաեւ, «Գանձասար»ը կը հաղորդէ, որ Կիրակի առաւօտուն, տնօրինութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ, Ս. Աստուածածին եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներուն մէջ Ս․ պատարագ մատուցուեցաւ եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ Դեկտեմբեր 7, 1988ի Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած աղէտալի երկրաշարժի զոհերու յիշատակին:

«Ֆէյսպքւք»ի «Կասիոս-Քեսապ» էջը կը հաղորդէ, որ նոյն օրը, յետմիջօրէին, Քեսապի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Քեսապը ներկայացնող հոգեւոր եւ աշխարհիկ ղեկավարութեան ու երկիրը իրենց վերահսկողութեան տակ առած ընդդիմադիր ուժերու ներկայացուցիչներուն միջեւ:

«Փոխհասկացողութեան եւ գործակցային մթնոլորտի մը մէջ ընթացած հանդիպումին լոյսին տակ՝ կը թելադրենք քեսապահայութեան, որ խաղաղ սրտով եւ լաւատեսութեամբ շարունակեն իրենց ամէնօրեայ բնականոն կեանքը», կ՛ըսուի «Կասիոս-Քեսապ»ի էջի՝ վերոնշեալ գրութեան մէջ:

ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԸ ԻՐ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՊԷՅՐՈՒԹԷՆ

«Սուրիոյ մէջ ստեղծուած ապահովութեան իրավիճակին պատճառով` Դամասկոսի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան դիւանագիտական անձնակազմը իր գործունէութիւնը ժամանակաւորապէս պիտի շարունակէ Պէյրութէն», կը յայտարարէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

«Անցեալ շաբաթ Դամասկոսի դեսպանութեան մէջ թէժ գիծ յայտարարելէ ետք, դեսպանութիւնը պատասխանած է ստացուած հեռաձայններուն, որոնք կը վերաբերէին Հայաստան մուտքի արտօնագիրներու, անձնագիրներ ստանալու եւ տարհանման կարելիութիւններուն: Վերջինիս ապահով կարելիութիւնը այս պահուն կը բացակայի։ Յաջորդիւ, Հայաստանի քաղաքացիներուն հետ կապը պիտի պահպանուի Պէյրութի մէջ Հայաստանի դեսպանութենէն` հետեւեալ թէժ գիծին միջոցով +9617447205 (բջիջային)», կ՛ըսուի նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԷՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴՐՕՇԸ ՀԱՆՈՒԵՑԱՒ

«Ազատութիւն»ը կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպանատունէն Սուրիոյ Հանրապետութեան դրօշը հանուեցաւ:

Դեսպանատունէն յայտնեցին, որ նախկին կառավարութեան դրօշը 8 Դեկտեմբերին հանուեցաւ, իսկ նորը տեղադրելու ժամկէտներուն մասին իրենք տեղեակ չեն:

Թերթը կը նշէ, որ Մոսկուայի մէջ Սուրիոյ դեսպանատան վրայ արդէն կը ծածանի ընդդիմութեան դրօշը, որ բարձրացուեցաւ 9 Դեկտեմբերին երգով եւ ծափահարութիւններով:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/12/2024, 09:00