Հալէպի մէջ. Հայ համայնքապետերու հանդիպումը
Սուրիոյ մէջ ստեղծուած նոր իրավիճակի լոյսին ներքոյ Հալէպի հայկական համայնքային շրջանակները կը շարունակեն իրենց բնականոն գործունէութիւնը։ Այս առումով ալ համացանցի վրայ տարածուած տեղեկութիւններէն վերահասու կը դառնանք, որ Հալէպի հայկական համայնքի յարանուանութեանց պատասխանատուները (համայնքապետերը) հերթական հանդիպում մը կայացուցած են։
Ուրբաթ, 13 Դեկտեմբեր 20224-ին, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան համայնքապետարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ` Գերաշնորհ Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան եւ Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան։
Հայ Համայնքապետները խորհրդակցեցան երկրին մէջ տիրող ներկայ իրավիճակին մասին, ինչպէս նաեւ միատեղ իրագործելի ծրագիրներուն եւ առնուելիք որոշումներուն շուրջ ։
Հանդիպումը իր աւարտին հասաւ բարօրութեան եւ լաւատեսութեան ակնկալութեամբ՝ յաղթահարելու ծառացած տագնապները։
Աղբիւրը` Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ