Մահացած է հեղինակաւոր ցեղասպանագէտ Իսրայէլ Չարնի
Ցեղասպանութեան եւ մարդկային իրաւունքներու հետազօտութիւններու միջազգային հիմնարկը Երեքշաբթի օր հաղորդեց, թէ հեղինակաւոր ցեղասպանագէտ Իսրայէլ Չարնի իր մահկանացուն կնքած է. ան 93 տարեկան էր։
«Դոկտոր Չարնի ցեղասպանագիտութեան բնագաւառի ռահվիրաներէն էր եւ մարդկային իրաւունքներու հաստատակամ ջատագովը: Ան մեր հիմնարկի Genocide Studies International ակադեմական ամսագիրի հիմնադիր համախմբագիրներէն էր. ան առանցքային դեր ունեցած է ցեղասպանագիտութեան կարգապահութեան ձեւաւորման գործին մէջ, ոչ միայն ամսագիրը, այլ նաեւ Ցեղասպանագէտներու միջազգային միութիւնը համահիմնադրելով եւ այդ նիւթով բազմաթիւ յօդուածներ, հատորներու գլուխներ եւ գիրքեր գրելով եւ նոյնիսկ ցեղասպանութեան մասին հանրագիտարան մը կազմելով: Անոր ներդրումը այնքան խոր էր, որ անոր երեք գիրքերը Ամերիկեան գրադարանային միութեան կողմէ արժանացած են հեղինակաւոր «Տարուան լաւագոյն ակադեմական գիրք» մրցանակին», կ՛ըսուի հիմնարկին տարածած հաղորդագրութեան մէջ։
Շարք մը համալսարաններու մէջ դասախօսած Չարնի նաեւ Երուսաղէմի Ողջակիզումի եւ ցեղասպանութեան հիմնարկի գործադիր տնօրէնը եղած էր։
Նշենք, որ Չարնի եղած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին ջատագով մը, յատկապէս ջանալով այդ մէկը իրականացնել Իսրայէլի մէջ։
«Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը կը ցնցէ, կը յուզէ, յարգանք կը պարտադրէ եւ մեղաւորներուն նկատմամբ բուռն զայրոյթով կը համակէ», յայտարարած էր Չարնի 2015ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» երկօրեայ համաշխարհային հաւաքին ընթացքին:
Իսկ 2020ի 44օրեայ պատերազմի օրերուն, Չարնի ըսած էր, թէ իսրայէլցիներուն մեծամասնութիւնը Հայաստանի հետ է եւ սրտնեղած է Իսրայէլի կառավարութեան «տգեղ դերակատարութենէն», ակնարկելով Ատրպէյճանին զէնք վաճառելու իրականութեան:
Աղբիւրը՝ Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ