Ափրիկէ, երեխաներ Ափրիկէ, երեխաներ  (AFP or licensors)

ԻՒՆԻՍԵՖ. Աւելի քան 150 միլիոն երախաներ անտեսանելի են քանի որ գրանցուած չէ անոնց ծննդեան թուականը

Իւրաքանչիւր երեխայի գրանցման համար ԻՒԻՆԻՍԵՖ-ը կ՝առաջարկէ հինգ հիմնական գործողութիւնները, որոնց շարքին գրանցման գործընթացի պարզեցումը եւ առողջապահական եւ կրթական համակարգերու կիրառումը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

ԻՒՆԻՍԵՖ-ի զեկոյցին համաձայն, վերջին 5 տարիներուն աւելի քան 500 միլիոն՝ տասէն մինչեւ 8 տարեկան երեխաներ գրանցուած են։ Սակայն զեկոյցի մէջ նշուած է, որ աւելի քան 150 միլիոն երախաներ չեն գրանցուած մասնաւորապէս Ափրիկէի մէջ Սահարայի հարաւը։ Զեկոյցը կ՝ընդգծէ գրանցման կարեւորութիւնը հիմնական իրաւունքներուն եւ ծառայութիւններուն հասանելիութեան ապահովման համար։

ԻՒՆԻՍԵՖ-ի ընդհանուր տնօրէն Քաթրին Ռասէլ ընդգծեց, որ ծննդեան գրանցումը շատ կարեւոր է երեխաներուն իրաւունքներուն պաշտպանութեան համար։ Որոշ երկիրներ ինչպէս Պոթսվանան հասած են համընդհանուր գրանցման, իսկ կարգ մը երկիրներ զգալի առաջընթաց արձանագրած են։

Իւրաքանչիւր երեխայի գրանցման համար ԻՒԻՆԻՍԵՖ-ը կ՝առաջարկէ հինգ հիմնական գործողութիւններ, որոնց շարքին գրանցման գործընթացի պարզեցումը եւ առողջապահական եւ կրթական համակարգերու կիրառումը։

- Գրանցել իւրաքանչիւր երեխայի ծննդեան ժամանակը, որպէս իրաւական ինքնութեան մօտեցում՝ հիմնուած կեանքի ժամանակաշրջանին վրայ։

- Պարզեցնել գրանցումի գործընթացները, բարելաւելու համար ծառայութիւններու մատուցումը եւ առաջնորդելու թուային վերափոխումը։

- Ծնունդներու գրանցումը յաջողցնելու համար օգտագործել առողջապահական, ընկերային պաշտպանութեան եւ կրթական ծրագիրները։

- Իրականացնել ներառական եւ արդարացի հիմնական իրաւական բարեփոխումներ՝ քաղաքական, կենսական վիճակագրութեան համակարգերու համար։

- Համայնքներու կարելիութիւն տալ խնդրելու քաղաքացիական արձանագրութեան ծառայութիւններ, որպէս իրաւունք։

ԻՒՆԵՍՖԻ զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ չնայած առաջընթացներուն, բազմաթիւ երեխաներուն անտեսանելութիւնը կը շարունակուի, ինչ որ կը սահմանափակէ երեխաներուն հիմնարար ծառայութիւններուն եւ իրաւունքներուն հասանելիութիւնը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/12/2024, 10:55