Ֆրանսայի խորհրդարանը 1962-էն է վեր առաջին անգամ ըլլալով անվստահութիւն յայտնեց կառավարութեան
Ֆրանսայի խորհրդարանը չորեքշաբթի գիշեր անվստահութիւն յայտնեց կառավարութեան, ինչ որ կը նշանակէ, որ կառավարութիւնը պէտք է հրաժարի: Այս զարգացումներու լոյսին տակ կը նախատեսուէր, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն ժողովուրդին պատկերասփռուած ուղերձ մը յղէ:
Ֆրանսայի Ազգային ժողովը 4 դեկտեմբերին վարչապետ Միշել Պառնիէի կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու բանաձեւ որդեգրեց: Անվստահութեան թեր քուէարկեց 331 երեսփոխան: Ազգային ժողովի նախագահ Եաէլ Պրոն Փիվէ յայտարարեց, որ Ֆրանսայի սահմանադրութեան համաձայն, Պառնիէն պէտք է հանրապետութեան նախագահին հրաժարականի դիմում ներկայացնէ:
1962-էն ի վեր առաջին անգամն է, որ խորհրդարանը Ֆրանսայի կառավարութեան անվստահութիւն կը յայտնէ: Միշել Պառնիէի նախարարաց խորհուրդը ընդամէնը 90 օր գոյատեւած է եւ դարձած Հինգերորդ Հանրապետութեան պատմութեան մէջ ամէնէն կարճատեւը:
Երէկ երեկոյեան Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն ընդունեց վարչապետ Պարնիէի հրաժարականը:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ