2018.12.21 Bandiera UE

Եւրոպական Միութիւն. «Սուրիոյ մէջ համայնքային բռնարարքներու վերաբերեալ արդարացի մտավախութիւններ գոյութիւն ունին»

Կը նախատեսուի, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարները Սուրիոյ մէջ կացութիւնը քննարկեն 16 դեկտեմբերին Պրիւքսելի մէջ իրենց ժողովի ընթացքին:

Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ համայնքային բռնարարքներու եւ երկրին մէջ ծայրայեղականութեան վերականգնման վերաբերեալ արդարացի մտավախութիւններ գոյութիւն ունին: Ան այդ մասին ըսաւ հակառակ դրական ցուցանիշերու ակնարկելուն:

Քալլաս Եւրոպական խորհրդարանի յանձնախումբերէն մէկուն մէջ լսումի ընթացքին յայտնեց. «Նոր անձերու գնահատումը անոնց արարքներով կ՛ըլլայ»:

«Տակաւին շատ կանուխ է կանխատեսելու տեղի ունեցողին ուղղուածութիւնը: Նախնական ցուցանիշերը լաւ են, սակայն որեւէ քայլի համար պիտի չաճապարենք, եթէ հաստատ պատկերացում չունինք», աւելցուց ան:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարը նշեց, որ Ասատի տապալումը հարուած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին եւ Իրանին:

«Փութինի եւ իրանեան վարչակարգին համար Ասատի տապալումը երկուքին համար ալ մէջք կտրող հարուած է», ըսաւ ան:

Կը նախատեսուի, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարները Սուրիոյ մէջ կացութիւնը քննարկեն 16 դեկտեմբերին Պրիւքսելի մէջ իրենց ժողովի ընթացքին:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/12/2024, 08:39