Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահը կոչ կ՛ուղղէ` վերատեսութեան ենթարկելու Սուրիոյ դէմ հաստատուած կարգ մը պատժամիջոցները
Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն յայտնեց. «Հին Սուրիան չքացաւ, սակայն նոր Սուրիան տակաւին չծնաւ, իսկ Ասատի տապալումը սուրիացիներուն ազատագրումն էր»:
«Յաջորդ փուլը նոր Սուրիոյ կազմաւորման համար վճռորոշ պիտի ըլլայ, եւ Եւրոպան անոր մէջ դերակատարութիւն պիտի ունենայ», աւելցուց Ֆոն Տեր Լեյեն:
«Սուրիոյ մէջ նոր վարչակարգին կողմէ քաջալերական քայլեր տեսանք, սակայն տակաւին կան անպատասխան մնացող հարցումներ», ըսաւ ան` նշելով. «Պիտի աշխուժացնենք նոր վարչակարգին եւ Սուրիոյ բոլոր խմբաւորումներուն հետ մեր ուղղակի հաղորդակցութիւնները»:
Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահը յայտնեց. «Մեր շահերէն կը բխի Սուրիոյ մէջ բոլորը ներառող խաղաղ փոխանցում տեղի ունենալը»:
«Պէտք է վերատեսութեան ենթարկենք կարգ մը ոլորտներու վրայ մեր պատժամիջոցները` դիւրացնելու համար Սուրիոյ մէջ վերաշինութիւնը», նշեց Ֆոն Տեր Լեյեն:
«Ասատի տապալումը շատերուն յոյս տուաւ, եւ տեղահանուածներուն վերադարձը պէտք է կամաւոր ըլլայ առանց պարտադրման», յայտնեց ան` աւելցնելով. «Պատրաստ ենք Սուրիոյ մէջ ենթակառոյցի` աստիճանական քայլերու ձեւով վերականգնման մասնակցելու»:
Աւստրիոյ վարչապետ Քարլ Նէյհամեր գերմանական «Ֆելթ» օրաթերթին յայտնեց, որ «Եւրոպան անմիջական կարիք ունի Սուրիոյ նկատմամբ համապարփակ ռազմավարութեան»` նշելով. «Եւրոպայի համար օգուտ պիտի չըլլայ, եթէ սուրիացի քաղաքացիները պարզապէս Եւրոպայի մէջ վերաբաժնուին, այլ ռազմավարութեան նպատակը պէտք է ըլլայ սուրիացի ժողովուրդին իր հայրենիքին մէջ նոր հորիզոններ տրամադրելը»: Ան աւելցուց, որ ատիկա նաեւ ժողովրդավարութեան կառուցումը կը ներառէ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Մօտէն կը հետեւինք Սուրիոյ մէջ կացութեան զարգացումներուն եւ այդտեղի նոր իշխանութիւններուն ապահովութեան հաստատման վերաբերեալ խոստումներուն գործադրութեան»:
«Մեծ ջանք թափեցինք Սուրիոյ մէջ քաղաքական կարգաւորման համար, սակայն իշխանութիւնը ձախողեցաւ ընդդիմութեան հետ շինիչ երկխօսութիւն կատարելու», նշեց նախարարութիւնը:
«Սուրիոյ գերիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան երաշխաւորման անհրաժեշտութեան վերաբերեալ մեր դիրքորոշումը հաստատ է», յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը` աւելցնելով. «Սուրիոյ ապագան պէտք է սուրիացիները անձամբ ճշդեն, եւ պէտք է ազգային համաձայնութեան գոյացման համար միջսուրիական երկխօսութիւն կատարել»:
Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 12-րդ Կայան.
«Նեթանիահու Բանակին Յանձնարարեց Առնուազն
Մինչեւ 2025-ի Վերջը Մնալ Հերմոն Լերան Վրայ»
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իսրայէլեան բանակին յանձնարարած առնուազն մինչեւ 2025 թուականի աւարտը մնալ Հերմոն լերան վրայ եւ Սուրիոյ հետ անջատման գօտիին մէջ:
Քաթարեան «Ալ Արապի» պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը սուրիական Քնէյթրա շրջանին մէջ կ՛ամրապնդէ իր ուժերը եւ պուլտոզըրներ տեղակայած է:
«Ալ Արապի» կը նշէ, որ իսրայէլեան ուժերը կը սպառնան Քնէյթրայի շրջանի բնակիչներուն եւ տուները կը խուզարկեն:
Իսրայէլեան ուժերը միջազգային կազմակերպութիւններուն կ՛արգիլեն Քնէյթրա որեւէ օժանդակութիւն մտցնել:
Պատկերասփիւռի կայանը կ՛ընդգծէ, որ իսրայէլեան ուժերը մուտք գործած են Սայտա Ժուլան եւ Սայտա Հանութ գիւղերը, որոնք կը գտնուին Քնէյթրայի հարաւը, եւ այդտեղ խուզարկութիւններ կատարած են:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ