Ռուբէն Վարդանեան Ռուբէն Վարդանեան  

Ռուբէն Վարդանեան կրնայ ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուիլ

ուբէն Վարդանեանի դէմ ներկայացուած նոր մեղադրանքները կ՛առնչուին Ազրպէյճանի Քրէական օրէնսգիրքի 20 տարբեր յօդուածներու յատկանիշերուն: Շինծու ապացոյցները ներկայացուած են 100 հատորով, ընդհանուր ծաւալը կը կազմէ շուրջ 25 հազար էջ, ամբողջը` ազրպէյճաներէն:

Ազրպէյճանի դատախազները Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի դէմ շուրջ 45 հաւանական մեղադրանքներու նոր եւ հսկայածաւալ թղթածրար առաջադրած են: Այս մասին կը հաղորդէ անոր պաշտպանական խումբը: Այդ մեղադրանքներով Վարդանեան կրնայ ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուիլ:

Ռուբէն Վարդանեանի դէմ ներկայացուած նոր մեղադրանքները կ՛առնչուին Ազրպէյճանի Քրէական օրէնսգիրքի 20 տարբեր յօդուածներու յատկանիշերուն: Շինծու ապացոյցները ներկայացուած են 100 հատորով, ընդհանուր ծաւալը կը կազմէ շուրջ 25 հազար էջ, ամբողջը` ազրպէյճաներէն:

Ենթադրեալ «ապացոյցները» ամբողջութեամբ թաքցուած են թէ՛ Ռուբէն Վարդանեանէն, թէ՛ հանրութենէն` այն պատճառաբանութեամբ, որ այդ մեղադրանքները կ՛առնչուին «Ազրպէյճանի ազգային անվտանգութեան»:

Ազրպէյճանական կողմը, միեւնոյն ժամանակ, մերժած է Վարդանեանին եւ անոր փաստաբաններուն տրամադրել «ապացոյցներու» պատճէնները: Անոնց կ՛արտօնուի նիւթերուն ծանօթանալ առանց պատշաճ թարգմանութեան, սահմանափակ ժամկէտներու մէջ, սակայն «ազգային անվտանգութեան նկատառումներով»` անոնք սահմանափակած են որեւէ նշում կատարելու կարելիութենէն: Վարդանեանն ու անոր փաստաբանը սահմանափակուած են իրենց իրաւունքներուն մէջ, որպէսզի դատավարութեան ժամանակ պատրաստ չըլլան պաշտպանութեան:

«Այս մեղադրանքները Ազրպէյճանի ստանձնած միջազգային իրաւական պարտաւորութիւններու կոպտագոյն խախտում են: Մեղադրանքներու այդ երկար շարանը ակնյայտ շնական փորձ է Ռուբէն Վարդանեանը մեղադրելու այն ամէն ինչի մէջ, ինչ որ ազրպէյճանական վարչակարգը կատարած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:

«Աւելի՛ն, Ազրպէյճանի մերժումը` հանրային դարձնելու եւ ծանօթանալու այսպէս կոչուած ապացոյցներու, կը վերահաստատէ, որ ատոնք քաղաքական դրդապատճառներ ունին: Վարչակարգը նաեւ կը գիտակցի, որ որեւէ անկախ դէտ պիտի նկատէ, որ ներկայացուած մեղադրանքներուն մէջ որեւէ արժանահաւատ ապացոյց չկայ եւ պիտի չսատարէ անոնց մերկապարանոց մեղադրանքներուն: Այս մօտեցումը յստակօրէն ծրագրուած է, որպէսզի Ալիեւը կարենայ արդարացնել գաղտնի դատավարութեան կատարումը, որ ո՛չ անկախ պիտի ըլլայ, ո՛չ ալ անաչառ», ըսած է Վարդանեան ընտանիքի միջազգային իրաւախորհրդատու Ճարետ Կենսըր:

Ռուբէն Վարդանեանի ընտանիքը ժողովրդավարական աշխարհին կոչ կ՛ուղղէ ցոյց տալու, որ նման աղաղակող խախտումները այլեւս չեն կրնար հանդուրժուիլ, եւ ապահովելու, որ միջազգային կազմակերպութիւններն ու լրատուամիջոցները ներկայ պիտի ըլլան դատավարութեան:

«Հօրս դէմ ներկայացուած այս վերջին մեղադրանքները արդարադատութեան ծաղր են եւ ՔՈՓ29-ի ձախողումներուն համար հատուցում: Ռուբէն Վարդանեան երեք ամիս եղած է պետական նախարար Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, ուր ան կը փորձէր ընկերային կենսական ծրագիրներու միջոցով բարելաւել Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին կեանքը: Ցաւօք, ասոր դիմաց ան կանգնած է ցկեանս բանտարկութեան դատապարտելու սպառնալիքին առջեւ, եւ առաջադրուած կեղծ մեղադրանքները ազդանշան են ամբողջ աշխարհի հայերուն համար, որ ոչ ոք ապահով է: Աւելի քան երկու տարի է, որ ընտանիքը չի կրնար տեսնել զինք: Մենք մտավախութիւն ունինք, որ հաւանաբար այլեւս չկարենանք զինք տեսնել, եթէ ժողովրդավար աշխարհը քայլերու չձեռնարկէ այս անհեթեթութեան վերջ տալու համար», ըսած է Ռուբէն Վարդանեանի որդին` Դաւիթ Վարդանեան:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/12/2024, 08:00