Հալէպէն առնուած լուսանկար Հալէպէն առնուած լուսանկար  (ANSA)

«Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» Սուրիոյ մէջ «Նոր սկիզբ յոյսի եւ անորոշութեան միջեւ»

Սուրիոյ մէջ սկսած են կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագները սակայն Քրիստոնեաներուն ապագային նկատմամբ խիստ մտահոգութիւն կայ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» բարեսիրական կազմակերպութիւնը հանդէս եկաւ «Նոր սկիզբ յոյսի եւ անորոշութեան միջեւ խորագիրով յայտարարութեամբ։

Սուրիոյ մէջ մինչ ժողովուրդը կ՝ապրի փոխանցման կառավարութեան նոր շրջան մը «Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» բարեսիրական կազմակերպութիւնը հաւաքելով նոր վկայութիւններ ներկայացուց Սուրիոյ մէջ ներկայ իրավիճակը առանցքային շրջաններէն ներս՝ ինչպէս Հումս եւ Հալէպը ուր մարդիկ կը դիմագրաւեն բազմաթիւ անորոշութիւնները հին վարչակարգի տապալումէն ետք։

Յայտարարութեան մէջ կը կարդանք, որ Հումսի մէջ չնայած շարունակուող ցոյցերուն մթնոլորտը զգուշաւոր է, սննդամթերքի եւ վառելիքի մատակարարումները շարունակուելով հանդերձ անոնք սահմանափակ են եւ գիները կը շարունակուին աճիլ։ Անցեալ երկուշաբթի օրը վերաբացուած են Դպրոցները ու Քրիստոնեաներուն ապագային նկատմամբ խիստ մտահոգութիւն կայ։

Յայտարարութեան մէջ «Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» կազմակերպութիւնը հաղորդած է Սուրիոյ մէջ անձի մը հետ ունեցած զրոյցը, որուն մէջ  շեշտած է միջազգային աջակցութեան կարեւորութիւնը, որպէսզի մշակուի քաղաքացիական սահմանադրութիւն մը եւ ոչ թէ իսլամական սահմանադրութիւն հիմնուած Շարիայի վրայ։ Մտավախութիւնը կայ նաեւ, որ եթէ սահմանադրութիւնը հիմնուի Շարիայի վրայ, քրիստոնեաները ստիպուած պիտի ըլլան լքելու երկիրը։ Կայ նաեւ այն մտավախութիւնը որ կազմուի ծայրայեղ իսլամական համակարգ մը։

«Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» կազմակերպութեան յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Հալէպի մէջ կայ չափաւոր բարի տրամադրութիւն եւ լաւատեսութիւն ու քաղաքացիները կը փորձեն վերսկսիլ իրենց բնականոն կեանքը ու Սուրբ Ծննդեան նախանշաններ կը յայտնուին ամբողջ քաղաքին մէջ։

Հալէպի տեղական իշխանութիւնները կը քաջալերեն ժողովուրդը նշելու Սուրբ Ծնունդի տօնակատարութիւնը նշուած է յայտարարութեան մէջ ուր աւելցուած է որ չնայած ապրանքներուն գինին սկզբնական աճին կան կայունացման նշաններ. արտասահմանէն ապրանքները հասանելի են աւելի ցած գիներով։ Քրիստոնէական դպրոցներն ու հիւանդանոցները վերաբացած են իրենց դռները եւ դեղագործական գործարանները սկսած են իրենց աշխատանքներուն։

Երկրին մէջ տեղի կ՝ունենան կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագները առանց միջադէպերուն ու հաւատացեալները կը հաւաքուին աղօթելու։ Սակայն քրիստոնեայ համայնքը զգոյշ է ապագային նկատմամբ, 13 տարի հակամարտութիւնէ ետք իշխանութիւններուն նկատմամբ ունեցած անվստահութեան պատճառաւ։ Թէեւ կրօնական խտրականութեան դէպքեր պատահած են, չկան համակարգուած հալածանքի նշաններ։

«Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» կազմակերպութիւնը յայտարարութիւնը աւարտած է նշելով, որ կազմակերպութիւնը կը շարունակէ իր կապերը պահել Սուրիոյ մէջ եկեղեցական պատասխանատուներուն եւ համագործակիցներուն հետ, 2011-էն աջակցելով քրիստոնեաներուն եւ կոչ ընելով միջազգային ընտանիքին երկրին մէջ կրօնական ազատութիւնը ապահովուելու համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/12/2024, 09:15