Սուրիա Սուրիա  (ANSA)

Սուրիական բանակը կը շարունակէ Համայի գիւղական շրջանին մէջ ետ մղել զինեալ ընդդիմութեան յարձակումները

Իտլիպի հարաւային գիւղական շրջանին մէջ օդային յարձակումները կեդրոնացան Խան Շէյխուն եւ Մաարեթ Նոհման շրջաններուն վրայ:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ սուրիական բանակն ու օժանդակ ուժերը Համայի հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ ետ մղած են Ալֆան Ալուասթանի գիւղին վրայ զինեալ խմբաւորումներու բուռն յարձակումը:

Սուրիական եւ ռուսական օդուժները երէկ արշալոյսին Իտլիպի գիւղական շրջանի Խան Շէյխուն քաղաքին մէջ երկու օդային յարձակումներ գործած են զինեալ խմբաւորումներու մէկ կարաւանին վրայ:

Իտլիպի հարաւային գիւղական շրջանին մէջ օդային յարձակումները կեդրոնացան Խան Շէյխուն եւ Մաարեթ Նոհման շրջաններուն վրայ:

«Մայատին» կը հաղորդէ, որ Իտլիպի եւ Հալէպի նահանգները վերածուած են զինեալ խմբաւորումներուն եւ սուրիական բանակին միջեւ պատերազմի բաց դաշտի:

Քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիական ժողովրդավարական ուժերը սկսան Հալէպի հիւսիսային գիւղական շրջանին մէջ իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջանները յանձնել Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող Ազգային բանակին: Ըստ «Մայատին»-ի, անոնք յանձնած են Թել Ռիֆաաթ, Հարպալ, Ըմ Հոշ, Ահրաս, Քաֆարնայա, Տէյր Ժամալ, Ըքըյպէ, Զիարա, Քաֆին, Մըսքան եւ Ֆաֆին գիւղերը: Անոնք ընդհանուր առմամբ 100-150 քառակուսի քիլոմեթր տարածք յանձնած են Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող ուժերուն:

Քիւրտերը կիրակի օր մեծապէս ամրապնդած էին իրենց ներկայութիւնը Մընպեժ քաղաքին մէջ, որ Հալէպի գիւղական շրջանին եւ Եփրատի արեւելեան ափին միջեւ անցման կարեւոր կէտ մըն է:

Քրտական ուժերը երէկ պահանջեցին քիւրտ քաղաքայինները Հալէպի մերձակայքէն տեղափոխել Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններ:

Սուրիական ժողովրդավարական ուժերու հրամանատար Մազլում Ապտի հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Աշխատանք կը տանինք Սուրիոյ մէջ բոլոր գործող կողմերուն հետ հաղորդակցելու` ապահովելու համար մեր ժողովուրդին պաշտպանութիւնը, եւ զայն անվտանգ դուրս բերելու Թել Ռիֆաաթ եւ Շահպա շրջաններէն, դէպի երկրին հիւսիս արեւելքը գտնուող մեր անվտանգ շրջանները»:

«Սուրիական բանակին ու անոր դաշնակիցներուն նահանջելէն ետք, մեր արեւելեան շրջաններուն եւ Հալէպի ու Թել Ռիֆաաթի միջեւ մարդասիրական միջանցք բացինք», ըսաւ ան:

Սուրիական զինուորական երկու աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին. «Իրանամէտ զինեալ խմբաւորումներ Իրաքէն մտան Սուրիա` ընդդիմութեան դէմ կռիւին մէջ սուրիական ուժերուն օգնելու համար»:

Ռուսական աղբիւրներ իրենց կարգին «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեցին. «Սուրիական ընդդիմութեան Հալէպ ներխուժելէն ետք, Ռուսիան պաշտօնազրկեց Սուրիոյ մէջ իր ուժերու պատասխանատուն»:

Իսրայէլեան քաղաքական աղբիւր մը իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին յայտնեց. «Իրան Սուրիոյ նախագահին օգնելու փորձով մը սկսաւ ուժեր ուղարկել Սուրիա»:

Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդ. «Սուրիական Բանակն
Ու Դիմադրութեան Ճակատը Ուժեղ Կերպով
Պիտի Հակադարձեն Սուրիոյ Մէջ Սիոնականներու Արարքներուն»

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը նշեց, որ Սուրիական բանակն ու Դիմադրութեան ճակատը վճռականօրէն եւ ուժեղ կերպով պիտի հակադարձեն Սուրիոյ մէջ սիոնականներու արարքներուն:

«Սիոնական գոյացութիւնը կը կարծէ, որ Լիբանանի եւ Կազայի մէջ իր կորուստները պիտի փոխհատուցէ Դիմադրութիւնը Սուրիոյ մէջ զբաղեցնելով», յայտնեց պահակագունդը` նշելով. «Սուրիոյ մէջ զինեալներուն նպատակը Դիմադրութեան ճակատը դիմակայելն ու անոր կարեւորագոյն թեւերէն մէկը եղող Սուրիան տկարացնելն է: Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորումները ընդդիմութիւն չեն, այլ սիոնական գոյացութեան եւ Ամերիկայի վարձկաններ»:

«Սիոնական գոյացութիւնը ձախողեցաւ Հըզպալլան քաղաքականապէս ոչնչացնելու կամ ապազինելու իր նպատակները իրագործել եւ ստիպուեցաւ Հըզպալլայի յաջող ու շարունակուող գործողութիւններուն դիմաց անձնատուր ըլլալ», յայտնեց պահակագունդը:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» զօրամասէն աղբիւր մը քուէյթեան «Ժարիտա» օրաթերթին յայտնած է, թէ Թեհրան որոշած է 20 հազար զինեալներ շտապ կերպով ուղարկել Սուրիա: Անոնց շարքին պիտի ըլլան իրանցիներ, աֆղաններ, փաքիստանցիներ եւ իրաքցիներ:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/12/2024, 06:50