Զուիցերիոյ ազգային խորհուրդը Զուիցերիոյ ազգային խորհուրդը  (AFP or licensors)

Զուիցերիոյ ազգային խորհուրդը երկրի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ` Արցախի Հայերու անվտանգ վերադարձի հարցի քննարկման միջազգային խորհրդաժողով կազմակերպելու

Խորհրդաժողովի նպատակը պիտի ըլլայ «դիւրացնել Ազրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու ներկայացուցիչներուն միջեւ երկխօսութիւնը` հայ բնակչութեան անվտանգ եւ հաւաքական վերադարձի շուրջ` միջազգային դերակատարներու հսկողութեամբ կամ ներկայութեամբ»:

Զուիցերիոյ Ազգային խորհուրդը (խորհրդարանի ստորին պալատ) որդեգրած է բանաձեւ մը, որով երկրի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղուի խաղաղութեան միջազգային խորհրդաժողով կազմակերպելու` Արցախի հայերու անվտանգ եւ հաւաքական վերադարձի հարցը քննարկելու համար:

«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` բանաձեւը որդեգրուած է 96 թեր, 80 դէմ եւ 16 ձեռնպահ քուէներով:

Խորհրդաժողովի նպատակը պիտի ըլլայ «դիւրացնել Ազրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու ներկայացուցիչներուն միջեւ երկխօսութիւնը` հայ բնակչութեան անվտանգ եւ հաւաքական վերադարձի շուրջ` միջազգային դերակատարներու հսկողութեամբ կամ ներկայութեամբ»:

Հիմնաւորման մէջ կը նշուի, որ 2023 թուականի սեպտեմբերին Ազրպէյճանի վերջին զինուորական յարձակումէն ի վեր Արցախը զրկուած է հայ բնակչութենէն:

«Վախնալով նոր ցեղասպանութենէն, ինչպիսին 1915 թուականին հայերուն դէմ գործուեցաւ, բնակչութիւնը ստիպուած եղաւ քանի մը օրուան ընթացքին լքել իր հայրենիքը: Այդ ժամանակէն ի վեր շրջանին մէջ տեղի կ՛ունենան փաստագրուած ցեղային զտումներ. հայկական մշակութային ժառանգութիւնը, ինչպիսիք են եկեղեցիները, վանքերն ու գերեզմանատուները, կանոնաւոր կերպով կ՛ոչնչացուին կամ կը ձեւախեղուին` «վերանորոգման» անուան տակ:

«Հակառակ այս լուրջ իրադարձութիւններուն` Արցախի հայերը կը պահպանեն միջազգային ընտանիքի անվտանգութեան երաշխիքներու տակ հայրենիք վերադառնալու, սեփական քաղաքական ապագան որոշելու եւ ժողովրդավարական ինքնակառավարում իրականացնելու ցանկութիւնը: Միջազգային ընտանիքը բազմիցս հանդէս եկած է որոշակի դիրքորոշումով:

«17 նոյեմբեր 2023-ին Միջազգային դատարանը վճռեց, որ Ազրպէյճանը պարտաւոր է ապահովել Արցախի հայ բնակչութեան «անվտանգ, անարգել եւ արագ վերադարձը»:

«Եւրոպական խորհրդարանը 12 մարտ 2024-ին ընդունած է բանաձեւ, որով կոչ կ՛ուղղուի Ազրպէյճանին համապարփակ եւ թափանցիկ երկխօսութեան մէջ մտնել Ղարաբաղի հայերուն հետ: Նպատակն է յարգել անոնց իրաւունքները, երաշխաւորել անոնց անվտանգութիւնը եւ անոնց կարելիութիւն ընձեռել վերադառնալ իրենց տուները` միջազգային ներկայութեան պայմաններուն մէջ:

«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը, որ նախապէս պատասխանատու էր միջնորդութեան համար, խիստ սահմանափակուած է գործելու իր կարելիութիւններով` աշխարհաքաղաքական լարուածութեան պատճառով:

«Ասիկա կ՛ընդգծէ տագնապի խաղաղ կարգաւորման եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան համար բանակցութիւններու նոր ձեւաչափի անհրաժեշտութիւնը», նշուած է հիմնաւորման մէջ:

Հիմնաւորման մէջ նաեւ կը նշուի, որ Զուիցերիոյ կողմէ կազմակերպուելիք միջազգային խաղաղութեան խորհրդաժողովը կրնայ վճռորոշ ներդրում ունենալ տագնապի լուծման գործին մէջ, ապահովել տեղահանուած անձերու վերադարձը եւ այդպիսով նպաստել ամբողջ շրջանի կայունացման:

«Զուիցերիան եզակի կարելիութիւն ունի օգտագործել չէզոք միջնորդի իր փորձուած դերը` տագնապի կողմերուն միջեւ կառուցողական երկխօսութիւն սկսելու համար: Նման յանձնառութիւնը ոչ միայն պիտի շարունակէ Զուիցերիոյ մարդասիրական աւանդութիւնը, այլ նաեւ պիտի ամրապնդէ անոր` իբրեւ միջազգային դիւանագիտութեան յուսալի գործընկերոջ դիրքերը», ընդգծուած է հիմնաւորման մէջ:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/12/2024, 07:44