Ղազախստան. Հայկական մշակութային կեդրոն Ղազախստան. Հայկական մշակութային կեդրոն 

«Ես կ՛աշխատիմ անմեղ հոգիներու հետ»

Դոկտ Հրայր Ճէպէճեան. «Աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուէի Ղազախստան, բայց ինծի համար նոր երկիր մըն էր, ուստի չէի գիտեր, թէ ի՛նչ կրնայի ակնկալել: Այս չգիտնալուն մէջ կար նաեւ հայկական իրականութիւնը, որուն ուզեցի հանդիպիլ եւ ծանօթանալ»:

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Անահիտ Սուլթանեան ծնած է Հայաստան: Ամուսինը երկար ժամանակէ արդէն հաստատուած է Ալմաթի, Ղազախստան: Անահիտը լեզուաբան է, անոր կեանքի կոչումն է մանկավարժութիւնը: Երեսուն տարի եղած է Արտաշատ քաղաքի աւագ դպրոցի տնօրէն: «Եթէ նորէն աշխարհ գամ, դարձեալ կ՛ուզեմ մանկավարժ ըլլալ», ըսաւ Անահիտ մեղմ ժպիտով մը:

Անահիտ ներկայիս կ՛ապրի Ալմաթի եւ կիրակի օրերը հայ մանուկներուն ու պատանիներու կը սորվեցնէ հայերէն` այս գործը նկատելով առաքելութիւն եւ կամաւորաբար կատարելով զայն: Ամէն կիրակի հայ պատանիներ կը հաւաքուին հայկական կեդրոնին մէջ եւ հայերէն կը սորվին: «Ես կ՛աշխատիմ անմեղ հոգիներու հետ», ըսաւ Անահիտ:
Ալմաթի, Ղազախստան, նոյեմբեր 2024:

Ղազախստան Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներէն մին է, որ մաս կը կազմէր Խորհրդային Միութեան համակարգին: Ղազախստան, ինչպէս` մնացեալ խորհրդային համակարգի երկիրները, ստացաւ իր անկախութիւնը 1991-ին, երբ Խորհրդային Միութիւնը փուլ եկաւ: Ղազախստան լեռնային երկիր մըն է, եւ Ալմաթին շրջապատուած է գեղեցիկ լեռներով, որ քաղաքին ու երկրին կու տան յատուկ գեղեցկութիւն եւ ջերմութիւն: Ռուսերէնը խօսակցական լեզուն է, բայց ժողովուրդը ունի նաեւ իր մայրենին` ղազախերէնը: Երկիրը օժտուած է բնական հարստութեամբ, ինչպէս` քարիւղ, ինչ որ կ՛արժեւորէ զայն իր աշխարհաքաղաքական դիրքին մէջ:

ԹԷեւ աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուէի Ղազախստան, բայց ինծի համար նոր երկիր մըն էր, ուստի չէի գիտեր, թէ ի՛նչ կրնայի ակնկալել: Այս չգիտնալուն մէջ կար նաեւ հայկական իրականութիւնը, որուն ուզեցի հանդիպիլ եւ ծանօթանալ:

Ղազախստանի մէջ այսօր կ՛ապրին մօտաւորապէս 10.000 հայեր: Մայրաքաղաք Ալմաթիի մէջ կան մօտաւորապէս 5000 հայեր: Գաղութը ունի հայկական մշակութային կեդրոն մը, որուն յարակից կայ փոքր եկեղեցի-մատուռ մը: Մշակութային կեդրոնը կը գործածուի գաղութի գործունէութիւններու համար: Հայ գաղութի անդամներուն կարեւոր տոկոսը Ղազախստան հաստատուած են Խորհրդային Միութեան օրերուն: Փոքր թիւ մըն ալ Ղազախստան եկած է Հայաստանի անկախութենէն ետք:

«Գաղութը հայախօս չէ, մանաւանդ` նոր սերունդը, որ հայերէն չի խօսիր», Տաթեւիկ Մըխըեանն է խօսողը: – Բայց ազգային ինքնութիւնը շատ զօրաւոր է անոնց մէջ»: Տաթեւիկը ծնած է Երեւան, արդէն 25 տարի է Ալմաթի կ՛ապրի: Ան ներկայիս Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակի ներկայացուցիչն է Ղազախստանի մէջ: Տաթեւիկը պարուսոյց է եւ հայ պատանի-երիտասարդներու կը սորվեցնէ հայկական պար: Պարի բոլոր փորձերը եւ վարժութիւնները տեղի կ՛ունենան հայ մշակութային կեդրոնին մէջ: Տաթեւիկի հայրը` Աւետիս Մըխըեան, եղած է Հայաստանի պարի պետական անսամպլի պարողներէն: «Ամէն տարի ելոյթներ կ՛ունենանք եւ Ղազախստանի ժողովուրդին կ՛ուզենք ներկայացնել ու ծանօթացնել հայ մշակոյթը», ըսաւ Տաթեւիկ:
Տաթեւիկ չի յոգնիր հայ անմեղ հոգիներուն մէջ հայուն մշակութային արժէքները վառ պահելէ։

Հայկական փոքր եկեղեցի-մատուռը նոյնպէս վկայութիւնն է այս քաղաքին մէջ հայուն ներկայութեան: Եկեղեցին չունի կղերական, բայց Լեւոն Պետրոսեանը ստանձնած է հոգեւոր առաջնորդութիւնը: Լեւոնը ծնած է Աբովեան քաղաքի մէջ եւ 22 տարիներէ արդէն հաստատուած է Ալմաթի: «Չորս տարի առաջ սկսանք աղօթք-հոգեւոր խորհրդածութիւն կատարել ամէն կիրակի առաւօտ», ըսաւ Լեւոն:

Հայկական եկեղեցին հիմնուած է 2003 թուականին, բայց չէ կրցած մնայուն հոգեւոր հովիւ մը ունենալ: «2020-էն սկսեալ ամէն կիրակի աղօթք կը կատարենք եկեղեցւոյ մէջ,- յայտնեց Լեւոն: – Եթէ մեր կեանքին մէջ ունինք Քրիստոսի հիմքը, մենք` իբրեւ ազգ, կը գոյատեւենք` անկախ մեր դիմագրաւած բոլոր փոթորիկներէն»: Անոր համար քրիստոնէական հաւատքը սրբութիւն է, բայց նոյնքան ալ ամուր վահան` տոկալու եւ հաստատ պահելու հայուն կեանքը:
Բայց հայը իր սրտին մէջ նաեւ նոյնքան սեղմած է հայրենիքի կարօտը:
Գուրգէնը եկած է Իջեւանէն եւ արդէն երեք տարիէ ի վեր Ալմաթի կ՛ապրի: «Երբ Ալմաթիի լեռներուն կը նայիմ, Արարատն է, որ կը տեսնեմ», ըսաւ Գուրգէն:

Գուրգէնին կարօտը իւրաքանչիւր սփիւռքահայուն կարօտն է, չէ՞…
Այս կարօտը նաեւ կ՛ապրի Սեւակ Պալապէքեանը: «Շատ ուրախ եմ, որ հայ եմ եւ կը սիրեմ Հայաստանը», ըսաւ Սեւակ:

Սեւակը 36 տարեկան երիտասարդ հայն է, որ ծնած է Հայաստան: 2010-ին ան իր ընտանիքին հետ հաստատուած է Ղազախստան: Յաջող գործարար է, որ կը զբաղի ճաշարաններ հիմնելու ասպարէզով: Սեւակը Երեւանը ձգած է պատանի տարիքին: «Ես սփիւռքի մէջ սորվեցայ եւ գտայ հայկական արժէքները», վկայեց Սեւակ:
Սեւակ երեք տարի առաջ այցելած է Երուսաղէմ` Հայկական թաղամաս, հայոց պատրիարքարան, եկեղեցի եւ թանգարան: «Երուսաղէմի մէջ է, որ անդրադարձայ, թէ որքա՛ն արժէքներ ունինք որպէս հայ,- շարունակեց Սեւակ,- մեծ հարստութիւն ունինք որպէս հայ ժողովուրդ, եւ ես չէի գիտեր»:
Մշակութային արժէքներու հետ Սեւակ մտած է նաեւ Երուսաղէմի հոգեւոր աշխարհին մէջ: «Քրիստոնեայ ըլլալը դիւրին բան չէ: Եթէ այսօր կանգ` որպէս հայ ժողովուրդ, այդ ալ շնորհիւ մեր քրիստոնէական հաւատքին է»:
Սեւակ իր այդ «դիւրին բան չըլլալ»-ու իրականութեան լաւապէս կը գիտակցի եւ ամուր կերպով կառչած է անոր: Ան ամէն կիրակի Ալմաթիի մէջ ներկայ կ՛ըլլայ եկեղեցւոյ հոգեւոր արարողութեան: « Աստուած լաւ ու բարի ստեղծեց աշխարհը, մարդուն կը մնայ որոշել, թէ ի՛նչ տեսակ կեանք կ՛ուզէ ապրիլ», նշեց ան:
Դարձեալ Տաթեւիկը. «Մեր նոր սերունդին նաեւ կը սորվեցնենք հայուն պատմութիւնը: Շատ բան չենք կրնար ընել ապրիլ 24-ի յիշատակումներուն մասին, քանի այս երկիրը զգայուն է այս հարցով: Բայց կը հաւաքուինք որպէս հայեր եւ կ՛ոգեկոչենք յիշատակը մեր նահատակներուն»:

Ղազախստան մահմետական երկիր է, ուստի պէտք է ըլլալ զգօն եւ զգուշ: Սփիւռքահայ իրականութիւնները աշխարհի մէջ կը տարբերին մէկը միւսէն, իրենց ապրած երկիրներու քաղաքական ու ընկերային տարբերակներու մէջէն:
Սեւակը նոյնքան ունի ազգային ու հայաստանեան մտահոգութիւններ: «Ճիշդ չէ, որ ապրինք այսօրուան համար միայն, բայց պէտք է զարգացնենք հայուն միտքը, որպէսզի գիտնայ, թէ ո՛ւր կեցած է, եւ ո՛ւր կ՛ուզէ երթալ», դիտել տուաւ ան:
Սեւակ նոյնպէս կը տեսնէ սփիւռքի կարողականութիւնը, երբ հայը կ՛ապրի ուրիշին հետ, իմա` ոչ հայուն հետ: «Հայաստանի մէջ այս փորձառութիւնը չունինք», ըսաւ Սեւակ: «Հոս` սփիւռքի մէջ, հայը կ՛ապրի ուրիշին հետ եւ կը տեսնէ ու կը սորվի ուրիշէն: Այս մեծ գիտելիք ու փորձառութիւն է», եզրափակեց ան:
Ճիշդ է Սեւակը: Սփիւռքը ուժ է եւ այս` ոչ միայն տնտեսական, այլ` մարդուժի եւ փորձառութեան իմաստով: Ան կը գիտակցի այս իրականութեան եւ ամբարած է իր մէջ նոյն այդ ուժը: Սեւակ նոյնքան կ՛ապրի Հայաստանով: «Հայաստանի հետ կապերս շատ լաւ են եւ յաճախ կ՛այցելեմ»:

Շարունակեցի դիտել Անահիտ Սուլթանեանը, որ համբերութեամբ հայերէն կը սորվեցնէ: Ռուսերէն տառերով կը փորձէ հայերէն այբուբենը ընտելացնել անմեղ հայու հոգիներուն մէջ: Որքան սէր եւ նուիրուածութիւն կայ Անահիտին մէջ: Անահիտ ուրախ է, որ հայերէն կը սորվեցնէ: Այս ուրախութիւնը Անահիտ ունի, որովհետեւ, իր իսկ բառերով, «Հայութիւնը իմ կեանքն է: Ես իմ հողին ծառն եմ: Իմ հողիս վրայ կը զգամ ապահով»:

Անահիտին ամուսինին ընտանիքը եղած է Վանէն: Ամուսինին ընտանեկան պարագաները Ցեղասպանութեան օրերուն ողջ-ողջ հրկիզուած են: «Ամուսինս երկար ժամանակ չէր կրնար խորովածի հոտ առնել», ըսաւ ան:
Երբ Անահիտին պատմութիւնը կը լսես, կը հասկնաս` ուրկէ՛ կու գայ այդ սէրն ու նուիրուածութիւնը, զորս ան կը տածէ հայ մանուկ-պատանիին նկատմամբ` անոնց հայերէն սորվեցնելով: Ասիկա հայուն ինքնութիւնն է, որ Անահիտին կեանքն է, եւ որ կ՛ուզէ ապրիլ եւ ապրեցնել: Նոյնքան նաեւ Տաթեւիկը, որ հայկական պարերուն մէջէն իւրաքանչիւր հայ պատանիի անմեղ հոգիին մէջ կ՛ուզէ դարբնել հայութիւնը: Ալմաթի ապրող Տաթեւիկը կ՛ըսէ. «Հայ կը զգամ եւ շատ: Մենք հայ ենք եւ մենք տուն ունինք»: Եւ այդ տունը հայուն մշակոյթն է, որ Տաթեւիկ կը սորվեցնէ:

Հայ անմեղ հոգիները: Ալմաթի եւ քիչ մը ամէն տեղ: Աստուծոյ ստեղծած այս հոգիները, որոնք բարի ու անմեղ են: Բայց մենք պիտի աշխատինք` Ալմաթի թէ ամէն տեղ, որ հայուն այս անմեղ հոգիները անմեղ մեծնան ու աճին:
Այս անմեղ հոգիներն են, որ կ՛ապրին, կ՛ապրեցնեն ու կը շինեն:
Կը կառուցեն հայը, հայուն երկիրն ու պատմութիւնը:

Քուէյթ, դեկտեմբեր 2024

 


 


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/12/2024, 09:00