Giovani-di-Caritas-Internationalis-al-lavoro-in-LibanoAEM.jpg

Միջազգային Քարիթասի համաժողովը Հռոմի մէջ

«Միասին, ծառայել սիրով. Ամրապնդել մեր եղբայրական համագործակցութիւնը»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այս օրերուն` 21 եւ 22 նոյեմբերին Հռոմի «Villa Aurelia» կեդրոնին մէջ կազմակերպուած է` «Միասին, ծառայել սիրով. Ամրապնդել մեր եղբայրական համագործակցութիւնը» բնաբանով Միջազգային Քարիթասի համաժողովը։

Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն համայն աշխարհի Քարիթասներու հարիւրէ աւելի ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին է նաեւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ կաթողիկոս պատրիարքը։ Ժողովականները կոչուած են խորհրդածելու ընդհանուր տեսլականի մը շուրջ՝ մարդասիրական աշխատանքներ իրականացնելու և աղքատներուն ու խոցելի խաւերուն աջակցելու համար։

Այս համաժողովի արդիւնքները Caritas Internationalis-ին հիմք կու տան համադաշնութիւնը ուղղորդելու դէպի յաջորդ Գլխաւոր ընդհանուր Ժողով, զոր տեղի պիտի ունենայ 2023-ի մայիսին:

Նշենք թէ Քարիթասի Համադաշնութեան մաս կը կազմեն 162 ազգային կազմակերպութիւններ, որոնք կը գործեն 200 երկիրներու և տարածքներուն մէջ եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը կիսէ «ծառայելու, ընկերանալու եւ աղքատներն ու խոցելիները պաշտպանելու» առաքելութիւնը։

Վերջին քսան տարիներու ընթացքին, Caritas Internationalis-ը աշխատած է գործընկերութեան սկզբունքներու մշակման ուղղութեամբ՝ Քարիթասի հետ կապուած կազմակերպութիւններու միջև յարաբերութիւններն ուղղորդելու համար՝ համաձայն Համադաշնութեան հիմնադիր արժէքներու և սկզբունքներու:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/11/2022, 09:16