Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի նուիրուած գիտաժողով. Հարցազրոյց Փրոֆ. Զարուհի Պօղոսեանի հետ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Այս օրերուն` հինգշաբթի 30 նոյեմբերին եւ ուրբաթ մէկ դեկտեմբերին, Հռոմի Արեւելեան Քահանայապետական Ինստիտուտի մէջ տեղի կ՛ունենայ Հայոց Մեծ Հայրապետ` Սուրբ Ներսէս Շնորհալիին նուիրուած միջազգային գիտաժողով մը, որուն կազմակերպումը յանձնուած էր առաջատար համալսարանական հինգ համալսարանականներէ
կազմուած յանձնախումբի մը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ` Իտալիոյ Ֆիրենցէ քաղաքի Համալսարանի դասատու` Փրոֆ. Զարուհի Պօղոսեանը, որուն հետ ունեցանք հակիրճ հանդիպում մը, ու մեզի ներկայացուց գիտաժողովի մասին ինչպէս նաեւ Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի մեծութեան ու անոր Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս կատարած ներդրումներու կարեւորութեան մասին մանրամասնութիւններ։
Ունկնդրենք Փրոֆ. Զարուհի Պօղոսեանի հետ զրոյցը.
Յայտնենք նաեւ թէ վերոնշեալ յանձնախումբի մաս կը կազմեն Փրոֆ. Մարքօ Պայսը` Հռոմի Սափիենցա Համալսարանի եւ Քահանայապետական Արեւելեան Ինստիտուտի դասատու, Հայր Ժելքօ Փաշա միշտ Քահանայապետական Ինստիտուտի դասատու, Տոքթ. Աբրահամ Տէրեան, Նիու Եորքի Սուրբ Ներսէս Նորընծայարանի դասատու, ապա Իսթանպուլի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ Արհ. Պօղոս Եպիսկոպոս Զէքիեանը որ նաեւ բացումը կատարեց Գիտաժողովի աշխատանքային նիստերուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ