1661960973075.jpg

Կորպաչովը եղաւ ժողովուրդներու միջև եղբայրութեան հեռատես յանձնառութեան մարդ. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Պետական գնահատելի անձնաւորութիւն, որ յանձնառումով գործեց իր երկրի բարգաւաճումին համար կարեւոր յեղաշրջումներու դարաշրջանի մը մէջ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

91 տարեկանին մահկանացուն կնքած Սովետական Միութեան վերջին նախագահ` Միքայէլ Կորպաչովին մահուան ի լուր, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, չորեքշաբթի 31 օգոստոսին, միանալով ընդհանուր ցաւակցական զգացումներուն, հեռագիր մը յղած է անոր դուստր Իրինային, «երախտապարտութեամբ յիշելով Կորպաչովի յանձնառումը` ի նպաստ ժողովուրդներու միջեւ եղբայրութեան եւ համերաշխութեան»։

Ֆրանչիսկոս Պապը` 1990 թուականին Նոպէլեան Մրցանակին արժանացող Կպրպաչովը որակած է «Պետական գնահատելի անձնաւորութիւն, որ յանձնառումով գործեց իր երկրի բարգաւաճումին համար կարեւոր յեղաշրջումներու դարաշրջանի մը մէջ»։

Ան ապա իր ցաւակցութիւնները փոխանցած է ննջեցեալի բոլոր հարազատներուն աղօթքներ բարձրացնելով առ Աստուած անոր հոգւոյն յաւիտենական հանգստեան համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/09/2022, 07:30