Ասդի քաղաքին մէջ արտասանած Մարեմեան աղօթքէն առաջ Քահանայապետին խօսքերը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ասդիի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ գլխաւորած սուրբ պատարագի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նոյն վայրէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը եւ նախ քան աղօթքը արտասանելը ուզեց շնորհակալութիւն արտայայտել Ասդիի Թեմին ու Ասդի քաղաքի նահանգին իրեն վերապահած ջերմ ընդունելութեան համար, ու շնորհակալ եղաւ նաեւ այցելութիւնը պատրաստող քաղաքացիական եւ կրօնական իշխանութիւններուն։
«Բոլորիդ կ՛ուզեմ ըսել, որ մեծ հաճոյք պատճառեց ձեր հետ հանդիպիլը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը գործածելով տեղական հօրենական բարբառը։
Երիտասարդութեան համաշխարհային թեմական օրեր
Ան ապա յատուկէն ողջունեց երիտասարդները, որոնք մեծ թիւով ներկայ գտնուեցան արարողութեան, յիշելով, որ Քրիստոս Թագաւոր Տիեզերքի օրուան առիթով անցեալ տարուընէ սկսեալ կը յիշատակուի Երիտասարդներու Համաշխարհային թեմական օրը։
Այս տարուայ նիւթը, որ նոյնն է Լիզպոնի մէջ կայանալիք ԵՀՕ նիւթին, Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած խօսքն է. «Մարիամ փութով կանգնեցաւ եւ մեկնեցաւ» (Ղուկ. 1,39)։
Մարիամ փութով կանգնեցաւ եւ մեկնեցաւ
«Տիրամայրը այդ մէկը ըրաւ երբ երիտասարդ էր եւ կ՛ըսուի, թէ երիտասարդ մնալու գաղտնիքը այդ երկու բայերուն մէջ կը կայանայ. Ոտքի կանգնիլ եւ երթալ» ըսաւ Քահանայապետը շեշտելով, որ պէտք է միշտ ոտքի կանգնիլ ու երթալ, անշարժ չմնալ, կեանքը մսխելով հանգստութիւնն ու վերջին նորոյթներու հետապնդումով, այլ ձգտիլ դէպի Վսեմը, ուղեւորութեան մէջ դնել մենք զմեզ, դուրս ելլել մեր վախերէն, որպէսզի ձեռք երկարենք անոր` որ կարիքի մէջ է։
Պէտք ունինք խիզախ երիտասրադներու
«Եւ այսօր մենք պէտք ունինք երիտասարդներու, որոնք իսկապէս «պարտազանց» են, ոչ թէ համակերպող, որոնք բջջային հեռախօսի ստրուկը չեն, այլ աշխարհը կը փոխեն Մարիամի նման՝ Յիսուսը տանելով ուրիշներուն, հոգ տանելով միւսներուն, կառուցելով եղբայրական հասարակութիւններ ուրիշներու հետ, իրականացնելով խաղաղութեան երազանքները» ըսաւ Սրբազան Պապը։
Խաղաղութեան ծարաւը եւ Կազայի գաղթավայրի զոհերուն համար աղօթք
«Մեր ժամանակաշրջանը կ՜ապրի խաղաղութեան ծարաւը. Մտաբերենք աշխարհի այն բազմաթիւ վայրերը, ուր կայ պատերազմի պատուհասը, յատկապէս մարտիրոս Ուքրանիան» աւելցուց նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով «Գործի լուծուիլ եւ աղօթել խաղաղութեան համար»։
Աղօթենք նաև Պաղեստինի Կազայի փախստականներու ճամբարին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցած ծանր հրդեհի զոհերու ընտանիքներուն համար, ուր զոհերու շարքին էին նաև մի քանի երեխաներ։ Թող Տէրը երկինքի մէջ ընդունի անոնք որոնց իրենց կեանքը կորսնցուցին և մխիթարէ այդ ժողովուրդը, որ այդքան տառապած է տարիներու հակամարտութիւններու պատճառաւ։
Եւ այժմ դիմենք խաղաղութեան Թագուհիին, Աստուածամօր, որուն նուիրուած է այս գեղեցիկ Աթոռանիստ Եկեղեցին։ Անոր կը յանձնեմ ձեր բոլոր ընտանիքները, հիւանդները եւ ձեզմէ իւրաքանչիւրը, ձեր սրտերուն մէջ կրած մտահոգութիւններով եւ բարի դիտաւորութիւններով» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով իր խօսքը եւ սկիզբ տալով Հրեշտակ Տեառն Մարեմեա
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ