Քահանայապետին Վատիկան վերադարձը նախատեսուած է վաղը` մէկ ապրիլին
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Ֆրանչիսկոս Պապը, ըստ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Մաթթէօ Պրունիի յայտարարութեան, վաղը` շաբաթ մէկ ապրիլին, կարող է վերադառնալ Վատիկան, Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ ցնցղատապի համար բուժումները ստանալէն ետքը, ուր փոխադրուած էր անցեալ չորեքշաբթի օր։
Ուրբաթ 31 Մարտին հրատարակած տեղեկագիրի մը մէջ Մաթթէօ Պորւնի նշեց, որ «Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հինգշաբթի օրը անցուց շատ լաւ կերպով ու երեկոյեան ընթրիքը` «փիցցան» կիսեց հիւանդանոցի մէջ իրեն խնամք տանող անձնակազմին ու Վատիկանի ոստիկանութեան անդամներուն հետ»։
«Այսօր առաւօտեան, նախաճաշէն ետքը, Ֆրանչիսկոս Պապը կարդաց օրաթերթերը եւ լուծուեցաւ աշխատանքի։ Անոր Սանթա Մարթա վերադարձը նախատեսուած է վաղը, օրուան ընթացքին, հետևելով այսօր առաւօտեան կատարուած վերջին քննութիւններու արդիւնքներուն», հաստատեց Մաթթէօ Պրունին։
Ան ապա աւելցուց` թէ ի տես Քահանայապետին տուն վերադարձին, յառաջիկայ կիրակի` 2 ապրիլին, նախատեսուած է Անոր Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ ներկայութիւնը` Ծաղկազարդի օրուայ արարողութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ