Մոգերուն նման կանգ առնենք Մանուկ Յիսուսին առջեւ որպէսզի մեկնինք վերանորոգուած. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Այսօր կը տօնախմբենք Տիրոջ Յայտնութիւնը, այսինքն անոր յայտնուիլը համայն ժողովուրդներուն, որոնք ներկայացուած են Մոգերուն մէջ (Մատթ 2,1-12). Անոնք իմաստուն հետազօտողներ են, որոնք աստղը տեսնելով իրենք զիրենք կը հարցաքննեն ու ճամբայ կ՛ելլեն եւ կը հասնին Բեթղեհէմ։ Այնտեղ կը գտնեն Յիսուսը՝ «իր մօր՝ Մարիամի հետ», կը խոնարհին Անոր առջեւ ու անոր կը նուիրեն «ոսկի, խունկ և զմուռս» (հ. 11)»։ Այս խօսքերով է` որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկսաւ Աստուածայայտնութեան տօնին օրը` 6 Յունուար 2024ի կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքին խորհրդածութիւնը, ի ներկայութեան Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու։
Մոգերը դիւրաբեկ մանուկին մէջ ճանչցան կեանքին Տէրը
Ակնարկելով Մոգերուն Յիսուսին տուած վերոնշեալ այցելութեան Քահանայապետը հրաւիրեց խորհիլ այդ իմաստուն մարդոց մասին, որոնք Աստուծոյ ներկայութիւնը կը ճանչնան պարզ Մանուկի մը մէջ, ոչ թէ իշխանի, կամ ազնուականի մը մէջ, այլ աղքատ ընտանիքի մը զաւկին մէջ, ու Անոր առջեւ կը խոնարհին։
Աստղն է` որ զանոնք առաջնորդեց այնտեղ եւ անոնք այդ Մանուկի փոքրիկ եւ անմեղ աչքերուն մէջ կը տեսնեն տիեզերքին Արարիչին լոյսը, որուն իրենց կեանքը նուիրած էին զԱյն փնտռելով։
Մոգերուն համար այս վճռական փորձառութիւնը կարեւոր է նաեւ մեզի համար։ Մանուկ Յիսուսին մէջ մենք կը տեսնենք մարդեղացած Աստուած առ այդ նայինք Անոր ու հիանանք անոր հեզութեան վրայ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։
Յիսուսին հետ մնակը ժամանակին իմաստ տալ է
«Յիսուսին նայիլը, անոր առջեւ մնալը ու Հաղորդութեան մէջ զայն պաշտելը ժամանակի կորուստ չէ այլ ժամանակին իմաստ տալ է» շարունակեց Ան «կը նշանակէ կեանքի ուղղութիւնը գտնել լռութեան մը պարզութեան մէջ, որ կը սնանէ սիրտը» ղարեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու ասկէ մեկնելով հրաւիրեց նաեւ ժամանակ գտնել` նայելու ընդհանրապէս մանուկներուն ու փոքրերուն, որոնք «մեզի կը խօսին Յիսուսին մասին, իրենց վստահութեամբ, իրենց անմիջակութեամբ, իրենց զարմանքով, իրենց առողջ հետաքրքրութեամբ, ու իրենց լալու եւ խնդալու ինչպէս նաեւ երազելու կարողութեամբ»` նման Աստուծոյ։
Կանգ առնենք ու երկրպագենք Յիսուսին
Եթէ կանգ առնենք մանուկ Յիսուսին դիմաց մանուկներու ընկերակցութեամբ պիտի սորվինք զարմանալ ու պիտի վերամեկնինք աւելի պարզ եւ աւելի լաւ, Մոգերուն նման։ Ու պիտի գիտնանք նաեւ աշխարհի հարցերուն դիմաց ունենալ նոր եւ ստեղծագործ հայեացքներ։
Մարիամ Աստուծոյ ու մեր մայրը, թող աճեցնէ մեր սէրը Մանուկ Յիսուսին նկատմամբ ու բոլոր մանուկներուն նկատմամբ` յատկապէս անոնց, որոնք կը տառապին պատերազմներէ ու անարդարութիւններէ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ