Յիշենք մեր մկրտութեան օրուան թուականը, երբ մենք դարձանք Աստուծոյ զաւակներ. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի 7 Յունուար 2024ին Լատինաց մօտ կը յիշատակուի Յիսուսի Սուրբ Մկրտութեան տօնը որուն առիթով աւանդութեան համաձայն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Սիքստինեան մատրան մէջ գլխաւորեց Վատիկանի մէջ աշխատաւորներու նորածին մանուկներու Սուրբ Մկրտութեան Խորհուրդը ապա կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան խորհուրդին վրայ մեկնաբանելով Մարկոս Աւետարնիչէն քաղուած Յիսուսին Յորդանան գետին մէջ Սուրբ Յովհաննէս Կարապետի ձեռքով մկրտութեան դրուագը ու այդ առիթով «Ջուրէն ելլելուն պէս երկինքը բացուած տեսաւ եւ Հոգին աղաւնիի պէս՝ որ իր վրայ կ’իջնէր։ Եւ ձայն մը եկաւ երկնքէն, որ կ’ըսէր. «Դուն ես իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ»։
Մկրտութիւնը նոր կեանքի պարգեւ
«Այս մէկը եթէ մէկ կողմէ կը բացայայտէ որ Յիսուս Աստուծոյ Որդին մէջ միւս կողմէ մեզի կը խօսի մեր Մկրտութեան մասին, որով մենք ալ դարձանք Աստուծոյ զաւակներ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով որ «Սուրբ Մկրտութեամբ Աստուած կու գայ մեր մէջ, կը բիւրեղացնէ եւ մեր սիրտը կը բուժէ մեղքէն, ու մեզ առ յաւէտ կը դարձնէ իր զաւակները»։
Յիշել մեր մկրտութեան օրը
«Մկրտութիւնը նոր կեանքի մը պարգեւն է, կը նշանակէ Յիսուսին մէջ դառնալ Աստուծոյ սիրուած զաւակներ, ասոր համար կարեւոր է յիշել մեր մկրտութեան օրը ու տօնախմբել զայն» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով նաեւ այս առնչութեամբ շնորհակալութիւն յայտնելու մեր ծնողաց որ մեզի տարին դէպի աղբիւրը, ու նաեւ անոր որ մատակարարեց մկրտութեան խորհուրդը, կնքահայր ու կնքամայրը, եւ հասարակութիւնը։
«Սրբազան Պապը հուսկ հրաւիրեց հարց տալու եթէ մենք գիտակից ենք Մկրտութեան շնորհքով ընդունած պարգեւին» ապա հրաւիրեց Մկրտութեան յիշատակով ընկալել Աստուծոյ ներկայութիւնը մեր մէջ ու այդ ընել խաչակնքումով` Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ, միասնաբար։լել Աստուծոյ ներկայութիւնը մեր մէջ ու այդ ընել խաչակնքումով` Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ, միասնաբար։
Մարիամ Սուրբ Հոգւոյն տաճար թող մեզի օգնէ տօնախմբելու եւ ընկալելու Տիորջ մեր մէջ գործած հրաշալիքները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ