Փնտռել, բնակիլ, հռչակել` Յիսուսի աշակերտներուն երեք բայերը. Կիրակնրօեայ Մարեմեան աղօթք

Մենք ալ այսօր յիշենք Տիրոջ հետ առաջին հանդիպումը ու մենք մեզի հարց տանք եթէ տակաւին սիրահարուած աշակերտներ ենք, եթէ կը փնտռենք Տէրը, եթէ Անոր հետ կը բնակինք աղօթքին մէջ, եւ եթէ կը զգանք մեր ուրախութիւնը կիսելու կարիքը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօրուան աւետարանը, մեզի կը ներկայացնէ Յիսուսին հանդիպումը իր առաջին աշակերտներուն հետ  (Յովհ. 1,35-42)։ Այս տեսարանը մեզ կը հրաւիրէ յիշելու Յիսուսին հետ մեր առաջին հանդիպումը։ Մեզմէ իւրաքանչիւրս առիթը ունեցաւ հանդիպելու Յիսուսին, մանուկ հասակին, երիտասարդ ժամանակին ու մեծահասակ։ Եւ յիշելէն ետք` վերանորոգելու ուրախութիւնը Անոր հետեւելու ու մենք մեզի հարց տալու ի՞նչ կը նշանակէ Տիրոջ աշակերտը ըլլալ։ Աւետարանական այսօրուայ հատուածը կարող ենք առնել երեք բայեր. Փնտռել, բնակիլ, հռչակել»։ Այս խօսքերով է, որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ 14 Յունուարի կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութեան, զոր աւանդութեան համաձայն արտասանեց իր գրասենեակի պատուհանէն, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ, եւ որ սովորութեան համաձայն կեդրոնացուց օրուան Աւետարանական հատուածին վրայ։

Փնտռել

«Նախ եւ առաջ փնտռել», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, դիտել տալով, որ երկու աշակերտները, Յովհաննէս Կարապետի վկայութեան շնորհիւ, սկսան հետեւիլ Յիսուսին ու Ինք «նշմարելով` որ անոնք իրեն կը հետեւին կ՛ըսէ անոնց. «Ի՞նչ կը փնտռէք»։ Ասոնք Յիսուսին առաջին խօսքերն են, զոր կ՛ուղղէ անոնց, հրաւիրելով նախ եւ առաջ նայելու իրենց ներաշխարհին, հարցաքննելու իրենց սրտին իղձը։ Տէրը արդարեւ մակերեսային «followers» չ՛ուզեր, այլ անձինք` որոնք թոյլ կու տան հարցաքննել իրենց զիրենք ու ներգրաւուիլ իր Խօսքով։ Ուստի Յիսուսին աշակերտները ըլլալու համար պէտք է նախ եւ առաջ զինք փնտռել, փնտռել եւ ունենալ բաց սիրտ մը, որոնումի մէջ եւ ոչ թէ յագեցած։

Բնակիլ

Երկրորդ բայը բնակիլն է եւ աշակերտները տեղեկութիւններ կամ լուրեր չէին փնտռէր Աստուծոյ մասին, եւ ոչ ալ հրաշքներ կամ նշաններ, անոնք կը փափաքէին Մեսիային հետ հանդիպիլ, Անոր հետ խօսիլ Անոր հետ մնալ, մտիկ ընել Անոր։ Ասոր համար անոնց հարցումը կ՛ըլլայ. «Ու՞ր կը բնակիս»։ Եւ Յիսուս կը հրաւիրէ զանոնք ըսելով. «Եկէք եւ տեսէք»։ Տիրոջ աշակերտին համար ամենակարեւոր բանը Անոր հետ մնալն է։  Հաւատքը արդարեւ տեսութիւն մը չէ այլ հանդիպում մը` երթալ եւ տեսնել ուր կը բնակի Տէրը ու բնակիլ Անոր հետ։

Հռչակել

«Փնտռել, բնակիլ եւ ի վերջոյ հռչակել», ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով, որ այդ աշակերտներուն Յիսուսին հետ ունեցած առաջին հանդիպումը այնքան զօրեղ փորձառութիւն մըն էր, որ անոնք ընդմիշտ կը յիշեն ժամը «մօտաւորապէս տասներորդ ժամն էր» (39) կ՛ըսէ աւետարանը։

Անոնց սիրտը այնքան լի էր ուրախութեամբ, որ անոնք կը զգան այդ ընդունած պարգեւը հաղորդելու կարիքը։ Արդարեւ երկուքէն մին` Անդրէասը կը փութայ այդ մէկը կիսելու իր եղբօր Սիմոնին հետ,  ապա զայն կ՛ առաջնորդէ Յիսուսին մօտ։

Աւետարանի ուրախութիւնը վարակիչ է

«Աւետարանի ուրախութիւնը միշտ ալ վարակիչ է եւ երբեք անհատական: Այստեղէն է, որ կը ծնի եւ միշտ ալ կը վերածնի աւետարանական շարժականութիւնը»։

Մենք ալ այսօր յիշենք Տիրոջ հետ առաջին հանդիպումը ու մենք մեզի հարց տանք եթէ տակաւին սիրահարուած աշակերտներ ենք, եթէ կը փնտռենք Տէրը, եթէ Անոր հետ կը բնակինք աղօթքին մէջ, եւ եթէ կը զգանք մեր ուրախութիւնը կիսելու կարիքը։

Սուրբ Կոյս Մարիամը, Յիսուսին առաջին աշակերտը, մեզի թող պարգեւէ իղձը փնտռելու զԱյն, բնակելու Անոր հետ, ու հռչակելու զԱյն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/01/2024, 12:07

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >