2024.01.24 Udienza Generale

Ագահութիւնը` սրտի հիւանդութիւն։ Դիզած հարստութիւնները մեր հետ գերեզման պիտի չտանինք. Ֆրանչիսկոս Պապ

Յիսուս այսպէս կը քարոզէ.  «Երկրի վրայ ձեզի գանձեր մի՛ դիզէք, ուր ցեցը ու ժանգը կ’ապականեն, ուր գողերը պատ կը ծակեն ու կը գողնան. Հապա ձեզի գանձեր դիզեցէք երկինքի մէջ, ուր ո՛չ ցեցը եւ ո՛չ ժանգը կ’ապականեն ու ո՛չ գողերը պատ կը ծակեն եւ կը գողնան։  Քանզի ձեր գանձը հոն է ուր է ձեր սիրտը» (Մատթ. 6,19-20)։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 24 Յունուար 2024ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն ընթացքին շարունակելով մոլութիւններու եւ առաքինութիւններու մասին խորհրդածութիւնները, խօսքը կեդրոնացուց ժլատութեան վրայ` որ ըսաւ Ան, «դրամասիրութեան ձեւն է զոր մարդուն արգելք կը հանդիսանայ վեհանձն ըլլալու»։

«Անիկա մեղք մըն է, որ չի վերաբերիր միայն խոշոր ունեցուածք ունեցող մարդոց, այլ լայնակի մոլութիւն մըն է, որ յաճախ կապ չունի դրամին հետ։ Անիկա սրտի հիւանդութիւն է ոչ թէ դրամապանակի» ըսաւ Քահանայապետը։

Ագահութիւնը մահուան վախը ցրելու փորձ է

«Ագահութիւնը կարող է տիրանալ վանականներուն, որոնք, հրաժարելով հսկայական ժառանգութիւններէն, իրենց խցիկներու մենութեան մէջ կը կապուին քիչ արժէք ունեցող իրերուն: Այդ առարկաները անոնց համար կը դառնան թերափ, որմէ անջատուիլը անհնար էր» շարունակեց Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով թէ «այս հինաւանդութիւնէն բուժուելու համար վանականներուն առաջարկուեցաւ կտրուկ, բայց շատ արդիւնաւէտ մեթոտ մը՝ մահուան մասին մտածականը» ըսաւ Քահանայապետը մատնանշելով, թէ «որքան ալ մարդս բարիքներ դիզէ այս աշխարհիս վրայ` բացարձակապէս վստահ ենք, որ զանոնք պիտի չկարենայ դագաղին մէջ դնել։ Ահա այս մոլութեան անիմաստութեան բացայայտումը» յարեց Ան։

«Ագահութիւնը մահուան վախը ցրելու փորձ է. ան ապահովութիւններ կը փնտռէ, որոնք կը փլուզուին ճիշտ այն պահուն երբ մենք զանոնք կ՛ընկալենք» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով անմիտ մարդուն առակին, որ շտեմարաններ շինեց իր հարստութիւնները ամբարելու համար բայց նկատի չէր առած մահուան կարելիութիւնը” (Ղուկ. 12,20)։

Երկրի վրայ ձեզի գանձեր մի՛ դիզէք

Յիսուս այսպէս կը քարոզէ.  «Երկրի վրայ ձեզի գանձեր մի՛ դիզէք, ուր ցեցը ու ժանգը կ’ապականեն, ուր գողերը պատ կը ծակեն ու կը գողնան. Հապա ձեզի գանձեր դիզեցէք երկինքի մէջ, ուր ո՛չ ցեցը եւ ո՛չ ժանգը կ’ապականեն ու ո՛չ գողերը պատ կը ծակեն եւ կը գողնան։  Քանզի ձեր գանձը հոն է ուր է ձեր սիրտը» (Մատթ. 6,19-20)։

Մենք կարող ենք ըլլալ մեր ունեցած ապրանքներուն տէրը, բայց  յաճախ հակառակը կը պատահի` անոնք են, որ ի վերջոյ մեզի կը տիրանան:

Առատաձեռն ըլլանք բոլորի հետ

Որոշ հարուստներ այլեւս ազատ չեն, անոնք նոյնիսկ հանգստանալու ժամանակ չունին, քանի որ ապրանքներու կուտակումն ալ կը պահանջէ հոգատարութիւն։ Անոնք միշտ անհանգիստ վիճակի մէջ են, քանի որ իրենց ճակատի քրտինքով կառուցուած ժառանգութիւնը կարող է անհետանալ մէկ ակնթարթով: Անոնք կը մոռնան աւետարանական քարոզութիւնը` թէ հարստութիւնները մեղք չեն բայց շատ վստահաբար պատասխանատուութիւն» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը որ խորհրդածութեան աւարտին հաստատեց թէ «Միայն Աստուած հարուստ է և միայն Ան է, որ մեզի կու տայ իսկական հարստութիւն` բայց այդ կ՛ընէ Ինքզինք աղքատացնելով մեզի համար»:

«Այս է այն ինչ որ չի հասկնար ագահը, որ կարող էր շատերու համար օրհնութեան պատճառ ըլլար բայց մխրճուած է ապերջանկութեան փակուղիին մէջ» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը զգուշացնելով ժլատութենէն ու հրաւիրելով առատաձեռն ըլլալ բոլորի հետ, յատկապէս անոնց հետ, որոնք մեզմէ աւելի կարիքաւոր են։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/01/2024, 09:17

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >