Որոնել

Pope Francis� Angelus Prayer

Մարդկային իրաւունքներու ժխտումը անընդունելի է. Ֆրանչիսկոս Պապ

Մարեմեան աղօթքի աւարտին Քահանայապետը յիշեց Արժանթինցի առաջին սրբուհի` Մարիա Անթոնիա տէ լա Փաս ի Ֆիկերոան, Լուրտի Տիրամօր ծիսական տօնը եւ Հիւանդներու Համաշխարհային օրը որուն առնչութեամբ մօտիկութիւն արտայայտեց հիւանդներուն ու դիւրաբեկներուն, ապա կոչ ուղղեց վասն խաղաղութեան ու մարդկային իրաւունքներու յարգանքին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Կիրակի` 11 Փետրուարի Մարմեան աղօթքի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունելով Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած ուխտաւորները ակնարկեց Արժանթինցի սրբուհի Մարիա Անթոնիա տէ լա Փաս ի Ֆիկերոային, որուն սրբադասման արարողութիւնը տեղի ունեցած էր առաւօտեան, հրաւիրելով հաւատացեալները ծափողջոյնով ընկալելու այս լուրը։

Ան ակնարկեց նաեւ նոյն օրը յիշատակուող Լուրտի Տիրամօր ծիսական տօնին եւ Հիւանդներու Համաշխարհային օրուան, որ «այս տարի ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ հիւանդութեան ընթացքին յարաբերութիւններու կարեւորութեան վրայ» ըսաւ Ան նշելով` թէ «Առաջին բանը, որուն կարիքը ունինք հիւանդութեան ժամանակ սիրելիներու մօտիկութիւնն է, մօտիկութիւնը առողջապահական գործիչներուն, ու մեր սրտին մէջ Աստուծոյ մօտիկութեան»։

«Բոլորս ալ կոչուած ենք մօտիկ ըլլալու տառապողին ու այցելելու հիւանդները, այնպէս ինչպէս մեզի կը սորվեցնէ Յիսուս Աւետարանին մէջ։ Ասոր համար, այսօր կ՛ուզեմ իմ ու համայն Եկեղեցւոյ մօտիկութիւնը արտայայտել բոլոր հիւանդ անձերուն ու աւելիով դիւրաբեկներուն» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով նաեւ չմոռնալու Աստուծոյ ոճը` «մօտիկութիւն, կարեկցութիւն, քնքշութիւն»։

Ան ապա հաստատեց, թէ «այս Օրուան մէջ չենք կարող լռել ի տես բազմաթիւ անձերուն, որոնց այսօր մերժուած է դարմանումի իրաւունքը, ուստի կեանքի իրաւունքը» ինչպէս անոնք` որոնք կ՛ապրին յետին աղքատութեան մէջ ու նաեւ անոնք` որոնք կ՛ապրին պատերազմի շրջաններուն մէջ։

«Այնտեղ ժխտուած է որեւէ մարդկային հիմնարար իրաւունք։ Ասիկա անհանդուրժելի է։ Աղօթենք մարտիրոս Ուքրանիոյ, Պաղեստինի եւ Իսրայէլի, աղօթենք Միանմարի համար ու պատերազմէ տանջուած բոլոր ժողովուրդներուն համար» կոչ ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապը, ապա ողջունեց իտալիոյ տարբեր շրջաններէն ու աշխարհի տարբեր երկիրներէն ժամանած ուխտաւորներու խումբերը բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ սովորութեան համաձայն աղօթք խնդրելով իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/02/2024, 12:39