Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
FILE PHOTO: Pope Francis leads the Angelus prayer at the Vatican

Սիրելու համար պէտք են քիչ խօսքեր եւ գործնական արարքներ. Ֆրանչիսկոս Պապ

Սէրը կարիք ունի շօշափելիութեան, ներկայութեան, հանդիպումի, նուիրուած ժամանակի ու տարածքի, ան չի կրնար վերածուիլ գեղեցիկ բառերու, պաստառի մը վրայ պատկերներու, ակնթարթի մը «սելֆիներու» կամ հապճեպ պատգամներու։ Ասոնք օգտակար գործիքներ են, բայց բաւարար չեն սիրոյ համար, չեն կարող փոխարինել գործնական ներկայութիւնը»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 11 Փետրուար 2024ին Ֆրանչիսկոս Պապը, Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ նախագահելէ ետք Արժանթինցի առաջին Սրբուհի Մամա Աթուլայի սրբադասման արարողութիւնը, կէսօրին որ գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին ներկայացուց նաեւ աւանդական խորհրդածութիւնը մեկնաբանելով օրուան աւետարանական հատուածը որ քաղուած էր Մարկոսի Աւետարանէն (Գլ. 1,40-45) ուր կը պատմուի Յիսուսին կողմէ բորոտին բժշկութեան դրուագը։

«Հիւանդին աղաչանքին Յիսուս կը պատասխանէ «Կ՛ուզեմ մաքրուէ» (41) , եւ «բորոտութիւնը իսկոյն գնաց վրայէն եւ մարդը մաքրուեցաւ» (42)։

Քիչ խօսքեր եւ գործնական արարքներ

«Ահա տառապողին նկատմամբ Յիսուսին ոճը` քիչ խօսքեր եւ գործնական արարքներ» ըսաւ Քահանայապետը ակնարկելով, թէ Աւետարանին մէջ շատ անգամ կը հանդիպինք Յիսուսին այս վարմունքին, ան «քիչ կը խօսի եւ խօսքերուն կը հետեւեցնէ գործը»... «Ան չի յապաղիր ելոյթներով կամ հարցաքննութիւններով... ցոյց կու տայ նուրբ համեստութիւնն անոր` որ ուշադիր կը լսէ և կը գործէ անմիջապէս, եւ նախընտրաբար առանց ուշադրութիւն գրաւելու»։

«Ասիկա սիրելու սքանչելի ձեւ մըն է ու լաւ պիտի ըլլար զայն երեւակայել եւ իւրացնել» ըսաւ Քահանայապետը հրաւիրելով նաեւ ակնարկ նետել մեր շուրջը կատարուածին երբ կը հանդիպինք այդպիսի վերաբերմունքով անձերու, որոնք սթափ են խօսքերով բայց գործերով վեհանձն, որոնք չեն ցանկար ցուցադրել իրենց զիրենք, այլ պատրաստ են օգտակար դառնալու, արդիւնաւէտ օգնութեան հասնելու մէջ որովհետեւ տրամադիր են ունկնդրութեան։

Սէրը կարիք ունի շօշափելիութեան, ներկայութեան, հանդիպումի

«Այս գործնականութիւնը շատ կարեւոր է մեր այս աշխարհին մէջ ուր կը թուայ թէ միշտ աւելիով ճամբայ կը կտրէ յարաբերութիւններու անհետացող վերացականութիւն մը» ըսաւ ապա Քահանայապետը հրաւիրելով ունկնդրել Աստուծոյ Խօսքը ուր ընդգծուած` թէ «սէրը կարիք ունի շօշափելիութեան, ներկայութեան, հանդիպումի, նուիրուած ժամանակի ու տարածքի, ան չի կրնար վերածուիլ գեղեցիկ բառերու, պաստառի մը վրայ պատկերներու, ակնթարթի մը «սելֆիներու» կամ հապճեպ պատգամներու։ Ասոնք օգտակար գործիքներ են, բայց բաւարար չեն սիրոյ համար, չեն կարող փոխարինել գործնական ներկայութիւնը» ըսաւ Քահանայապետը ու հրաւիրեց հարցաքննելու մենք զմեզ ու հասկնալու թէ ինչ ձեւի վարուելակերպ մը ունինք հուսկ հայցեց Մարիամին հովանին որպէսզի օգնէ մեզէ պատրաստ ու գործնական ըլլալու սիրոյ մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/02/2024, 12:05

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >
Prev
January 2025
SuMoTuWeThFrSa
   1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031 
Next
February 2025
SuMoTuWeThFrSa
      1
2345678
9101112131415
16171819202122
232425262728