Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
Լատիներէն փառաբանութեան աղօթք
Ժամանակացոյց Փոտքասթ
VATICAN-POPE-MASS-NEW YEAR-ANGELUS

Կեանքին իմաստը գտնենք դառնալով յոյսի նշան բոլոր անոնց որոնց կը հանդիպինք. Ֆրանչիսկոս Պապ

Այսօր Եկեղեցին կը յիշատակէ Յիսուսին յայտնութիւնը. Ճանչնանք Յիսուսը որ մեզի մօտիկ է։ Քահանայապետին Աստուածայայտնութեան տօնին Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը
Ունկնդրէ այս եւ օրուան այլ լուրերը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօր Եկեղեցին կը յիշատակէ Յիսուսին յայտնութիւնը եւ Աւետարանը կը կեդրոնանայ Մոգերուն վրայ, որոնք երկար ճանապարհորդութենէ մը ետք կը հասնին Երուսաղէմ երկրպագելու Յիսուսին»։ Խօսքերն են ասոնք զոր Ֆրանչիսկոս Պապը արտասանեց Երկուշաբթի վեց Յունուարին Յայտնութեան տօնին առիթով իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքէն առաջ ներկայացուցած խորհրդածութեան սկիզբը։

«Եթէ ուշադրութիւնը դարձնենք պիտի բացայայտենք թէ մինչ այդ իմաստունները հեռուէն կու գան գտնելու համար Յիսուսը, անոնք որոնք մօտ են ոչ մէկ քայլ կը կատարեն դէպի Բեթղեհէմի քարայրը։ Մոգերը աստղին հետեւելով յանձն կ՛առնեն մեծ ծախսեր, ժամանակ կը տրամադրեն եւ կը դիմագրաւեն մարտահրաւէրներ եւ կը յաղթահարեն բոլոր դժուարութիւնները տեսնելու համար Թագաւոր Մեսիան, որովհետեւ գիտեն թէ մարդկութեան պատմութեան մէջ եզակի բան մը պատահեցաւ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ «Մինչ անոնք, որոնք Երուսաղէմ կ՛ապրին եւ որ պէտք էին ուրախ ըլլալ ու վազել տեսնելու Տէրը կը մնան անշարժ»։

«Քահանաներն ու Աստուածաբանները ճիշտ կերպով կը մեկնաբանեն Սուրբ Գրութիւնները ու Մոգերուն ցուցմունքներ կու տան գտնելու համար Մեսիան բայց չեն լքեր իրենց ամպիոնները։ Անոնք չեն մտածեր թէ կ՜արժէ դուրս ելլել Երուսաղեմէն եւ Մոգերուն ընկերանալ մինչեւ Բեթղեհէմ» յարեց Սրբազան Պապը հրաւիրելով մենք մեզի հարց տալու` թէ որ դասակարգի կը պատկանինք` եթէ նման ենք հովիւներուն, Մոգերուն կամ անոնց` որոնք թէեւ ֆիզիկապէս մօտ են Անոր, չեն բանար իրենց սրտին ու կեանքին դռները։

Քահանայապետը ապա ակնարկեց այն պատմութեան որ կը խօսի չորրորդ Մոգի մը մասին որ շատ ուշ կը հասնի Երուսաղէմ, ճիշտ այն ժամանակ երբ Յիսուս կը խաչուէր, որովհետեւ ուղեւորութեան ընթացքին յաճախ կանգ առաւ օգնելու համար կարիքաւորներուն ու անոնց նուիրելով Յիսուսին սահմանուած նուէրները։ Ի վերջոյ ծերունի մը անոր ըսաւ. Ճշմարիտ կ՛ըսեմ քեզի այն բոլոր բաները որ ըրիր իր աղբերներէս վերջիններէն մէկուն ինծի ըրիր։

Ան ի վերջոյ հրաւիրեց Սուրբ Կոյս Մարիամէն խնդրել, որ մեզի օգնէ, որպէսզի նման հովիւներուն եւ մոգերուն գիտնանք ճանչնալ Յիսուսը, Սուրբ Հաղորդութեան մէջ, աղքատին մէջ, լքուածին մէջ, մեր եղբօր ու քրոջ մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/01/2025, 12:10

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >
Prev
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930   
Next
May 2025
SuMoTuWeThFrSa
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031