Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
Լատիներէն փառաբանութեան աղօթք
Ժամանակացոյց Փոտքասթ

Յիշենք մեր մկրտութեան թուականը` որպէս նոր տարեդարձի օր մը. Ֆրանչիսկոս Պապ

Եղբայրներ եւ քոյրեր, այսօրուան տօնը մեզի խոկալ կու տայ Աստուծոյ դէմքին ու ձայնի մասին, որոնք կը յայտնուին Յիսուսին մարդեղութեան մէջ։ Ուստի հարց տանք մենք մեզի եթէ մենք մեզ կը զգանք սիրուած Աստուծմէ, եթէ գիտենք ճանչնալ Անոր դէմքը մեր եղբայրներու դէմքին մէջ, եթէ կ՛ունկնդրենք Անոր ձայնը։
Ունկնդրէ այս եւ օրուան այլ լուրերը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 12 Յունուար 2025ի առաւօտեան, Յիսուսի Մկրտութեան տօնին առիթով, Սիքստինեան մատրան մէջ Վատիկանի պաշտօնեաներու զաւակ 21 նորածին մանուկներուն Սուրբ Մկրտութեան Խորհուրդը մատակարարելէն ետքը, Սրբազան Քահանայապետը կէսօրուայ ժամը 12ին, առաքելական պալատի իր գրասենեակէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան տօնին վրայ` Յիսուսին Մկրտութեան տօնը, որ ըսաւ Սրբազան Պապը, «մեզի կը յիշեցնէ շատ բաներ, ներառեալ մեր մկրտութիւնը»։

Յղում կատարելով Ղուկասի Աւետարանին մէջ Յիսուսին մկրտութեան դրուագը պատմող հատուածին (Ղուկ. 3,15-16.21-22) Քահանայապետը դիտել տուաւ` թէ «Յիսուս միանալով ժողովուրդին գնաց ընդունելու համար մկրտութիւնը մեղքերու թողութեան համար» եւ մինչ այս կը պատահէր Երկնքէն ձայն մը կը լսուի որ կ՛ըսէ «Դուն ես իմ սիրելի որդին Որուն ես հաճեցայ», ըսաւ Քահանայապետը եւ հրաւիրեց խորհրդածել ճիշտ այս երկու բառերուն վրայ` խօսք եւ դիմագիծ։

«Աստուած իր Որդիին միջոցաւ յայտնուելով կը հաստատէ առանձնայատուկ վայր մը մարդկութեան հետ երկխօսութեան ու հաղորդութեան մէջ մտնելու համար եւ անիկայ սիրելի Որդիին դիմագիծն է» յարեց Քահանայապետը որ ապա ակնարկելով Խօսքին կրկնեց Աւետարանական խօսքերը` «դուն իմ սիրելի որդին ես»։

«Եղբայրներ եւ քոյրեր, այսօրուան տօնը մեզի խոկալ կու տայ Աստուծոյ դէմքին ու ձայնի մասին, որոնք կը յայտնուին Յիսուսին մարդեղութեան մէջ։ Ուստի հարց տանք մենք մեզի եթէ մենք մեզ կը զգանք սիրուած Աստուծմէ, եթէ գիտենք ճանչնալ Անոր դէմքը մեր եղբայրներու դէմքին մէջ, եթէ կ՛ունկնդրենք Անոր ձայնը» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը ներկաներուն հարց տալով եթէ կը յիշեն իրենց Մկրտութեան թուականը որ ըսաւ Ան շատ կարեւոր է։

«Եթէ չէք յիշեր զայն երբ տուն վերադառնաք հարցուցէք ձեր ծնողներուն մկրտութեան թուականը ապա զայն տօնախմբեցէք որպէս նոր տարեդարձ մը, Աստուծոյ Սուրբ Հոգիին մէջ վերածնունդը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը հրաւիրելով մենք մեզ յանձնել Սուրբ Կոյս Մարիամին, հայցելով անոր օգնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/01/2025, 12:12

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >
Prev
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930   
Next
May 2025
SuMoTuWeThFrSa
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031