2024.05.26 Santa Messa in occasione della Prima Giornata Mondiale dei Bambini

Մանուկներու համաշխարհային յաջորդ Օրը 2026ի սեպտեմբերին

Մանուկներու Համաշխարհային առաջին Օրը աւարտեցաւ յաջորդ Միջազգային Օրուան ժամկէտը յայտարարելով
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Վերջ գտան Մանուկներու Համաշխարհային առաջին Օրուան տօնախմբութիւնները որոնք ունեցան երկու կարեւոր հանգրուաններ, առաջինը շաբաթ 25 Մայիս 2024ի կէսօրէն ետքը, Հռոմի «Օլիմփիքօ» մարզադաշտին մէջ կազմակերպուած մանուկներու ու պատանիներու տօնակատարութեամբ, Ֆրանչիսկոս Պապին մասնակցութեամբ, իսկ երկրորդը Կիրակի 26 Մայիսի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ Նորին Սրբութեան Մանուկներու Համաշխարհային Օրուան առիթով մատուցած Սուրբ Պատարագը որուն, ինչպէս շաբաթ օր, իրենց մասնակցութիւնը բերին հարիւրէ աւելի երկիներէ ժամանած, յիսուն հազարի մօտ մանուկներ իրենց ծնողներու ու հարազատներու հետ միասին։

Պատարագին աւարտին իտալացի հռչակաւոր դերասան ու բեմադրիչ Ռոպերթօ Պենինյի մենախօսութիւն մը ներկայացուց որուն աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ նախ քան հրաժեշտ առնելը բոլոր ներկաներէն, որոնք շարքին Հռոմի քաղաքապետ Ռոպերթօ Կուալթիերի եւ Իտալիոյ Վարչապետ Ճորճա Մելոնին, Մանուկներու Համաշխարհային Օրը կազմակերպող Կոմիտէի անունով յայտարարեց որ «Մանուկներու Համաշխարհային յաջորդ Օրը տեղի պիտի ունենայ 2026ի սեպտեմբերին։

Դերասան Ռոպերթօ Պենինյի Ֆրանչիսկոս Պապին հետ
Դերասան Ռոպերթօ Պենինյի Ֆրանչիսկոս Պապին հետ

 

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/05/2024, 12:28