«Աստուծոյ խօսքը ունկնդրելը լռեցնել կու տայ շաղակրատութիւնը». Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի` 19 Մայիս 2024-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ առաւօտեան գլխաւորած Պենտեկոստէի տօնին նուիրուած պատարագը, ժամը 12ին առաքելական պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն ներկայութեամբ, անոնց ներկայացնելով օրուան խորհրդածութիւնը, զոր կեդրոնացուց օրուան տօնին վրայ նշելով. «Այսօր Պենտեկոստէի տօնին օրը կը տօնախմբենք Սուրբ Հոգիին գալուստը` Մարիամի եւ առաքեալներուն վրայ»։
«Աւետարանին մէջ Յիսուս Սուրբ Հոգիի մասին կը խօսի ըսելով, որ Ան մեզի կը սորվեցնէ այն ինչ, որ ինք լսէ» (Յովհ. 16,13) ըսաւ Սրբազան Պապը հարց տալով «ի՞նչ կը նշանակէ այս մէկը, ի՞նչի մասին կը խօսի Ան մեզի», ու բացատրեց.
«Սուրբ Հոգին մեզի կը խօսի այդ խօսքերու մասին, որոնք կ՛ արտայայտեն հրաշալի զգացումներ, ինչպիսիք են՝ սէրը, երախտագիտութիւնը, վստահութիւնը, ողորմութիւնը։ Բառեր, որոնք մեզի ճանչցնել կու տայ այն գեղեցիկ, լուսաւոր, մնայուն ու շօշափելի փոխյարաբերութիւնը, ինչպիսին է Աստուծոյ յաւերժական սէրը, անոնք սիրոյ փոխակերպող խօսքեր են, որ Սուրբ Հոգին կը կրկնէ մեր մէջ, և որ լաւ է, որ ունկնդրենք զանոնք քանզի մեր սրտին մէջ ծնիլ ու աճեցնել կու տան նոյն զգացումները եւ նոյն մտադրութիւնները։
«Ասոր համար կարեւոր է, որ մենք անոնցմով սնուինք ամէն օր, կարդալով ու խորհրդածելով Աստուծոյ Խօսքին մասին, մեր հետ տանելով գրպանի Աւետարան մը» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով որ «Աստուծոյ խօսքը ունկնդրելը լռեցնել կու տայ շաղակրատութիւնը» ու հրաւիրելով տեղ բանալ Սուրբ Հոգիի ձայնին նաեւ Երկրպագութեամբ եւ աղօթքով։
«Աւետարանը կարդալ ու խորհրդածելը, լուռ աղօթելը, լաւ խօսքեր ըսելը դժուար բաներ չեն, մենք բոլորս կարող ենք ընել զանոնք, անոնք աւելի դիւրին են քան մէկը միւսը նախատելը» յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը ու խօսքը աւարտեց հայցելով որ Սուրբ Կոյսը որ ներկայ է Պենետեկոստէի օրը օգնէ մեզի որպէսզի հլու ու հնազանդ ըլլանք Սուրբ Հոգիի ձայնին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ