Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
Concerto per violoncello
Ժամանակացոյց Փոտքասթ
2024.06.16 Angelus

Դառնանք Աւետարանի վեհանձն սերմնացաններ. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Աստուծոյ Թագաւորութիւնն ալ այդպէս է» ըսաւ Քահանայապետը։ «Տէրը մեր մէջ կը դնէ իր Խօսքին եւ իր շնորհքին սերմերը, որոնք բարի ու առատ են, ապա առանց պահ մը կանգ առնելու մեզի ընկերանալէ, համբերութեամբ կը սպասէ։ Կը շարունակէ հոգ տանիլ մեզի` Հօր մը վստահութեամբ ու մեզի ժամանակ կու տայ որպէսզի սերմերը ծաղկին, աճին ու զարգանան, մինչեւ որ բարի գործերու պտուղները տան»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 16 Յունիս 2024ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Պապը ըստ աւանդութեան իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն առիթով ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց կիրակնօրեայ Աւետարանական հատուածին վրայ, որ քաղուած էր Մարկոս Աւետարանիչէն եւ «սերմի միջոցաւ կը խօսի Աստուծոյ Արքայութեան մասին»։

Հատիկն ու Երկնքի Արքայութիւնը

«Յիսուս տարբեր անգամներ օգտագործած է այս նմանութիւնը, այսօր ալ մեզ կը հրաւիրէ յատկապէս խորհրդածելու կարեւոր մէկ վարուելակերպի մը մասին` Վստահութեամբ սպասումը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, ակնարկելով սերմանումի պահուն ու նշելով, որ «նոյնիսկ եթէ սերմնացանը տարածէ առատ ու լաւ սերմեր եւ որքանով` որ ան լաւապէս պատրաստէ հողը` բոյսերը շուտով չեն բուսնիր, այլ ժամանակ պէտք է»։

«Ուստի սերմանելէ ետքը հարկաւոր է գիտնալ սպասել յոյսով, սերմին թոյլ տալու որ բացուի ճիշտ ժամանակին ու այնպիսի զօրաւոր ծիլեր տայ, որ աւարտին հունձքը առատ ըլլայ» յարեց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով. «Արդարեւ հրաշքը արդեն տեղի կ՛ունենայ գետնի տակ, համբերութիւն պէտք է եւ մինչ այդ հարկաւոր է շարունակել խնամել բոյսը»։

Համբերատար սպասումը

«Աստուծոյ Թագաւորութիւնն ալ այդպէս է» ըսաւ Քահանայապետը։ «Տէրը մեր մէջ կը դնէ իր Խօսքին եւ իր շնորհքին սերմերը, որոնք բարի ու առատ են, ապա առանց պահ մը կանգ առնելու մեզի ընկերանալէ, համբերութեամբ կը սպասէ։ Կը շարունակէ հոգ տանիլ մեզի` Հօր մը վստահութեամբ ու մեզի ժամանակ կու տայ որպէսզի սերմերը ծաղկին, աճին ու զարգանան, մինչեւ որ բարի գործերու պտուղները տան»։

Սերմանել Աւետարանը

«Այսպէս ընելով Տէրը մեզի օրինակ կը դառնայ եւ մեզի եւս կը սորվեցնէ վստահութեամբ սերմանել Աւետարանը այն վայրին մէջ ուր կը գտնուինք» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշելով նաեւ, որ Տէրը մեզի «կը սորվեցնէ որ սպասենք, որպէսզի մեր նետած սերմը աճի ու պտուղ տայ ըլլայ մեր մէջ ըլլայ միւսներուն մէջ...»

«Մեր մէջ եւս արդարեւ, երեւոյթներէն անդին հրաշքը արդեն տեղի կ՛ունենայ եւ ժամանակին առատ պտուղներ պիտի տայ» ընգծեց Քահանայապետը հրաւիրելով մենք մեզի հարց տալու եթէ Աստուծոյ Խօսքը վստահութեամբ կը սերմանենք մեր ապրած միջավայրին մէջ, եթէ գիտենք սպասել եւ գիտենք ամէն բան վստահիլ Տիրոջ»։

Թող` որ Սուրբ Կոյս Մարիամը, որ ընկալեց ու իր մէջ աճեցուց Խօսքին սերմը, մեզի օգնէ, որպէսզի դառնանք Աւետարանի վեհանձն սերմանողներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/06/2024, 12:12

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >
Prev
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930   
Next
May 2025
SuMoTuWeThFrSa
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031