Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
Հայերէն Հաղորդում
Ժամանակացոյց Փոտքասթ
2024.06.30 Angelus

Պէտք ունինք Եկեղեցւոյ մը, ընկերութեան մը, որոնք չեն բացառեր ոչ մէկը. Ֆրանչիսկոս Պապ

Մարմնոյ եւ հոգեկան ցաւերուն դիմաց, հոգիի վէրքերուն, մեզ ընկճեցնող իրադարձութիւններուն եւ նոյնիսկ մեղքին դիմաց, Աստուած մեզ հեռու չի պահեր, մեզմէ չամչնար, մեզ չի դատեր, ընդհակառակը, Ան կը մօտենայ թոյլ տալով, որ իրեն դպչինք եւ ինք մեզի դպչի, ու մեզ կը վերականգնեցնէ մահէն։ Ան մեր ձեռքէն կը բռնէ ըսելու. Աղջիկս, զաւակս, ոտքի ել ! (Հմմտ Մարկոս 5,41)։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 30 Յունիս 2024ի ժամը 12ին, Ֆրանչիսկոս Պապը աւանդութեան համաձայն իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը եւ աղօթքի ընթացքին ներկայացուց խորհրդածութիւն մը մեկնաբանելով օրուան սուրն գրային ընթերցումը։

Յիսուսին երկու հրաշքները

«Այսօրուան Աւետարանը մեզի կը պատմէ երկու հրաշքներու մասին, որոնք կարծես միահիւսուած են իրար միջեւ» ըսաւ Սրբազան Պապը ու պատմեց. «Մինչ Յիսուս կ՛երթար Յայրոսի տունը, ժողովարանի ղեկավարներէն մին, որովհետեւ անոր աղջիկը ծանրապէս հիւանդ էր, ճամբուն վրայ արիւնահոսութենէ տառապող կին մը կը դպչի անոր վերարկուին եւ ինք կանգ կ՛ առնէ զայն բուժելու։ Մինչ այդ կը յայտարարեց որ Յայրոսի աղջիկը մեռած է, բայց Յիսուս կանգ չ՛առներ, կը հասնի մինչեւ անոր տունը, կը մտնէ աղջկան սենեակը ձեռքէն կը բռնէ եւ ոտքի կը կանգնեցնէ, զայն վերակենդանացնելով (Մարկ. 5,21-43)։ Երկու հրաշք` մէկը բուժում է իս միւսը յարութիւն։

«Այս երկու հրաշքները կը պատմեն մէկ եղելութիւն, երկունքն ալ կը պատահին ֆիզիկական շփումի միջոցաւ» շարունակեց Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով երկու բուժուած կիներուն, որոնք նկատուած էին «անմաքուր» ու անոնց հետ կարելի չէր ֆիզիկական շփումը։

Յիսուս կը դպչի ու թոյլ կու տայ որ դպչին իրեն

«Բայց Յիսուս թոյլ կու տայ, որ իրեն դպչին եւ վախ չունի անոնց դպչելէ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը նկատել տալով, թէ ինչպէս Ան «ֆիզիկական բուժումէն առաջ կը խարխլէ սխալ կրօնական պատկերացումը, ըստ որուն՝ Աստուած կը զատէ մաքուրը մէկ կողմ դնելով իսկ անմաքուրը՝ միւս կողմ»:

«Բայց Աստուած այդ բաժանումները չ՛ընէր, որովհետեւ բոլորս իր զաւակներն ենք եւ անմաքրութիւնը յառաջ չի գար ուտելիքներէն, հիւանդութիւններէն եւ ոչ ալ մահէն, այլ անմաքուր սրտէն» յարեց ապա Նորին Սրբութիւնը ու խրախուսեց հասկնալ, որ «մարմնոյ եւ հոգեկան ցաւերուն դիմաց, հոգիի վէրքերուն, մեզ ընկճեցնող իրադարձութիւններուն եւ նոյնիսկ մեղքին դիմաց, Աստուած մեզ հեռու չի պահեր, մեզմէ չամչնար, մեզ չի դատեր, ընդհակառակը, Ան կը մօտենայ թոյլ տալով, որ իրեն դպչինք եւ ինք մեզի դպչի, ու մեզ կը վերականգնեցնէ մահէն։ Ան մեր ձեռքէն կը բռնէ ըսելու. Աղջիկս, զաւակս, ոտքի ել ! (Հմմտ Մարկոս 5,41), Քալէ, յառաջ գնայ, ես քու փրկութեանդ համար դարձայ մեղք»

Աստուած խտրականութիւն չի դներ մէկու ու միւսին միչեւ քանի մեզ կը սիրէ բոլորս 

«Յիսուս ոչ մէկու նկատմամբ խտրականութիւն կը բանեցնէ, քանի որ կը սիրէ բոլորը» կրկնեց Քահանայպետը ու հրաւիրեց հարց տալու եթէ մենք թոյլ կու տանք, որ Տէրը մեզի դպչի, մեզի դպչի Անոր Խօսքը, սէրը` ապա եթէ մենք հեռաւորութիւն կը պահպանենք և մարդիկը կը պիտակաւորենք՝ հիմնուած մեր ճաշակին և նախասիրութիւններուն վրայ:

Ասկէ մեկնելով Սրբազան Պապը հրաւիրեց նայելու Աստուծոյ սրտին, որպէսզի ըսաւ Ան « Եկեղեցին եւ ընկերութիւնը, չբացառեն ոչ մէկը, եւ ոչ մէկուն հետ կը վերաբերին, որպէս անմաքուր, որպէսզի իւրաքանչիւրս, իր պատմութեամբ, ընկալուի եւ սիրուի առանց նախապաշարումներու»։

«Աղօթենք Սուրբ Կոյս Մարիամին, Ան` որ քնքշութեան Մայրն է, բարեխօսէ մեզի ու համայն աշխարհին համար» ըսաւ Քահանայապետը աւարտելով խորհրդածութիւնը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/06/2024, 12:12

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >
Prev
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930   
Next
May 2025
SuMoTuWeThFrSa
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031