Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
Finale: Allegro ma non troppo
Ժամանակացոյց Փոտքասթ

Փոթորիկի պահուն վստահինք ու կառչինք Յիսուսին. Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւն

«Յիսուս Սուրբ Հաղորդութեան մէջ մեզ կը համախմբէ իր շուրջը, մեզի կը պարգեւէ իր Խօսքը, կը սնուցանէ իր Մարմնով եւ Արեամբ, ապա մեզ կը հրաւիրէ բացերը երթալու, բոլորին փոխանցելու համար այն ամէն բաները զոր ունկնդրեցինք ու անոնց հետ կիսելու այն ինչ որ ընկալեցինք, ամէնօրեայ կեանքին մէջ, նոյնիսկ երբ այս մէկը դժուար է»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 23 Յունիս 2024ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Պապը Առաքելական Պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուց օրուան խորհրդածութիւնը զայն կեդրոնացնելով օրուան Աւետարանական հատուածին վրայ, որ քաղուած էր Մարկոսի Աւետարանէն (Գլ 4,35-41) ուր կը պատմուի Յիսուսին կողմէ փոթորիկի խաղաղացման դրուագը։

«Մեծ փոթորիկ մը ելաւ եւ ալիքները նաւուն վրայ կու գային, այնպէս, որ գրեթէ նաւը ընկղմելու եզրին էր։ Ինք նաւուն ետեւի կողմը բարձի վրայ կը քնանար. արթնցուցին զանիկա …. ու ելլելով՝ սաստեց հովին եւ ծովուն եւ տիրեց անդորրութիւնը»։

Յիսուս կ՛ուզէ զօրացնել աշակերտներուն հաւատքը

«Մէկ գիշեր առաջ նոյնինքն Յիսուս անոնցմէ խնդրած էր ծովուն միւս ափը անցնիլ» ըսաւ Սրբազան Պապը։

«Անոնք արհեստավարժ էին, փոթորիկ մը սակայն կարող էր զանոնք դժուարութեան մատնել։ Կարծես Յիսուս զանոնք ուզեց փորձել։ Բայց եւ այնպէս զանոնք առանձին չի թողուց, անոնց հետ էր նաւուն վրայ, հանդարտ, առ աւելին կը քնանար։ Բայց երբ փոթորիկը կը բռնկի Ան իր ներկայութեամբ կը հանգստացնէ զանոնք, կը քաջալերէ, եւ կը խրախուսէ հաւատք ունենալ մինչ անոնց կ՛ընկերանայ վտանգէն անդին» ըսաւ ապա ի միջի այլոց Քահանայապետը հաստատելով, որ «Յիսուս այսպէս կը վերաբերի` իր աշակերտներուն հաւատքը զօրացնելու ու զանոնք աւլէի արի դարձնելու համար»։

«Անոնք արդարեւ այս փորձառութենէն դուրս կւ գան աւլի գիտակից ու աւելի զօրաւոր եւ պատրաստ դիմագրաւելու այլ խոչընդոտներ եւ դժուարութիւններ, ներառեալ Աւետարանը հռչակելու արկածախնդրութեան վախը... մինչեւ խաչն ու մարտիրոսութիւնը, Աւետարանը տանելով բոլոր ազգերուն» յարեց Նորին Սրբութիւնը եւ աւելցուց «Յիսուս նոյնը կ՛ընէ նաեւ մեր հետը, յատկապէս Սուրբ Հաղորդութեան մէջ»։

Յիսուս մեզ կ՛օգնէ դիմակայելու դժուարութիւնները

«Ան մեզ կը համախմբէ իր շուրջը, մեզի կը պարգեւէ իր Խօսքը, կը սնուցանէ իր Մարմնով եւ Արեամբ, ապա մեզ կը հրաւիրէ բացերը երթալու, բոլորին փոխանցելու համար այն ամէն բաները զոր ունկնդրեցինք ու անոնց հետ կիսելու այն ինչ որ ընկալեցինք, ամէնօրեայ կեանքին մէջ, նոյնիսկ երբ այս մէկը դժուար է»։

«Ան մեզ չի խնայեր դժբախտութիւններէն, բայց, երբեք չլքելով մեզ, կ՛օգնէ դիմակայելու զանոնք։ Այսպիսով, մենք ալ Յիսուսին օգնութեամբ յաղթահարելով դժուարութիւնները, կը սորվինք միշտ աւելիով կառչիլ Իրեն ... բոլորին ըսելու, որ Երկնքի Արքայութիւնը ներկայ է, այստեղ է, և որ Յիսուսի հետ մեր կողքին մենք կարող ենք զայն աճեցնել միասին, բոլոր պատնէշներէն անդին» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը, եւ հրաւիրեց մենք մեզի հարցեր տալու, եթէ փորձանքի պահուն գիտենք յիշել Յիսուսին մեր կեանքին մէջ ներկայութիւնն ու անոր մեզի նուիրած օգնութիւնը, եթէ փոթորիկի պահուն գիտենք Անոր կառչիլ վերագտնելու համար անդորրութիւնն ու խաղաղութիւնը, աղօթքի մէջ, Աստուծոյ Խօսքին ունկնդրութեան մէջ եւ հաւատքի եղբայրական բաժնեկցութեան մէջ...»

Նորին Սրբութիւնը հուսկ խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը, որպէսզի դժուար պահերուն մեզի պարգեւէ Աստուծոյ վստահելու անդորրութիւնը այնպէս ինչպէս ինք խոնարհութեամբ եւ քաջութեամբ ընկալեց Աստուծոյ կամքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/06/2024, 12:07

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >
Prev
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930   
Next
May 2025
SuMoTuWeThFrSa
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031