Տրամադիր ու կարեկից ըլլանք ուրիշներուն նկատմամբ. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Առաքեալները Յիսուսին քով ժողվուեցան ու պատմեցին անոր ամէն ինչ որ ըրին եւ ինչ որ սորվեցուցին։ Անիկա ալ ըսաւ անոնց. «Եկէք դուք առանձին անապատ մը եւ քիչ մը հանգչեցէք», քանզի շատեր կու գային ու կ’երթային եւ հաց ուտելու ալ ժամանակ չէին ձգեր։ Նաւով անապատ մը գացին՝ առանձինն։ Ու ժողովուրդը տեսաւ զանոնք, որ կ’երթային։ Շատեր զանիկա ճանչցան ու ոտքով բոլոր քաղաքներէն հոն կը վազէին։ Անոնցմէ առաջ հասնելով անոր քով ժողվուեցան։ Յիսուս, երբ դուրս ելաւ, շատ ժողովուրդ տեսնելով խղճաց անոնց վրայ, վասն զի հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս էին եւ շատ բաներ սորվեցուց անոնց։ Մարկոս Աւետարանիչէն քաղուած այս հատուածը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Պապին 21 Յուլիսի Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան, զոր Ան սովորութեան համաձայն ներկայացուց առաքելական պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Հանգիստն ու կարեկցանքը
«Աւետարանին մէջ մէկ կողմէն կայ հանգստանալու հրաւէրը եւ միւս կողմէն ամբոխին նկատմամբ գութ» ըսաւ Քահանայապետը, նկատել տալով, թէ «անոնք կը թուան իրարու միջեւ անհաշտ բաներ սակայն միասին կ՛ընթանան. հանգիստ և կարեկցանք» եւ ասկէ մեկնելով հրաւիրեց պահ մը կեդրոնանալ այս համադրութեան վրայ։
Յիսուս նախ կը մտահոգուի աշակերտներուն յոգնութեան համար։ Ան կը նշմարէ վտանգը որ կարող է նաեւ ըլլալ մեր կեանքինը ու մեր առաքելութեանը, ինչպէս զոր օրինակ երբ առաքելութիւնը յառաջ տանելու ոգեւորութիւնը եւ մեզի յանձնուած պատկանութիւններն ու պարտաւորութիւնը մեր կը մղեն դառնալու «աշխուժ գործունէութեան» զոհ, մտահոգուած ըլլալով այն բաներով զոր պէտք է կատարենք ու անոնց արդիւնքներով»։
Ծնողները պէտք է հնարաւորութիւն ունենան իրենց զաւակներուն հետ ժամանակ անցնելու
«Այդ պահուն է` որ մենք մեր աչքին առջեւէն կը կորսնցնենք էականը, մեր ուժերը սպառելով եւ իյնալով մարմնոյ եւ հոգիի յոգնութեան մէջ» ըսաւ Քահանայապետը զգուշացնելով «գործունէութեան բռնապետութենէն», ըլլայ մեր կեանքին, ըլլայ Եկեղեցւոյ մէջ եւ այս ուղղութեամբ ակնարկեց ընտանեկան կեանքէն ներս պատահած իրողութեան երբ հայր մը, իր ընտանիքին առօրեան ապահովելու համար ստիպուած է աշխատանքի երթալ եւ տունէն դուրս ելլել առաւօտեան կանուխ, ապա վերադառնալ գիշերը ուշ, այս մէկը որակելով «ընկերային անարդարութիւն» ու հաստատելով որ «ծնողները պէտք է հնարաւորութիւն ունենան իրենց զաւակներուն հետ ժամանակ անցնելու»։
Յիսուսին առաջարկած հանգստութիւնը ապա աշխարհէն փախուստ մը չէ, ընդհակառակը, կորսուած մարդոց դիմաց ան կը խղճայ անոնց վրայ եւ ահա Աւետարանէն կը սորվինք որ այս երկու իրողութիւնները, հանգիստն ու կարեկցանքը, իրար հետ կապուած են։
Միայն երբ սորվինք հանգիստ ընել կարող կ՛ըլլանք կարեկցանքի
«Արդարեւ միայն եթէ սորվինք հանգիստ ընել կարող պիտի ըլլանք կարեկցելու» յարեց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով որ, «կարելի է կարեկցող հայեացք ունենալ, որ ի վիճակի է միւսին կարիքները ըմբռնել, միայն եթէ մեր սիրտը սպառած չէ «ընելու» անհանգստութեամբ, եթէ գիտենք կանգ առնել եւ երկրպագութեան լռութեան մէջ, ընկալել Աստուծոյ շնորհքը»։
«Առ այդ եղբայրներ եւ քոյրեր, հարց տանք, մենք կանգ կ՛առնենք օրուան ընթացքին, գիտենք ժամանակ յատկացնել մնալու համար Տիորջ հետ թէ միշտ զբաղած ենք ընելիքներով։ Գիտենք գտնել ներքին անապատ մը առօրեայի աղմուկներուն մէջ» յարեց Նորին Սրբութիւնը ու հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը` որպէսզի օգնէ մեզի «հանգչելու Հոգիին մէջ» եւ միշտ «տրամադիր ու կարեկից ըլլալու միւսներուն հանդէպ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ