Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
Ծիսական հաղորդում` նուիրուած Աւագ Ուրբաթ օրուայ
Ժամանակացոյց Փոտքասթ
2024.07.28 Angelus

Ճանչնանք եւ ամէն օր համտեսենք Աստուծոյ շնորհքին հրաշքները. Ֆրանչիսկոս Պապ

Հացի եւ ձուկի բազմացումի հրաշքը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Պապին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Կիրակի` 28 Յուլիս 2024-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Պապը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը ու ներկայացուց օրուան խորհրդածութիւնը, զոր կեդրոնացուց Յովհաննէսի Աւետարանէն քաղուած հացերու եւ ձուկերու բազմացումի հրաշքին վրայ (Յովհ. 6,1-15).

«Հրաշք` որուն դերակատարները երեք արարքներ կը կատարեն- զոր Յիսուս կը կրկնէ վերջին ընթրիքի պահուն` նուիրել, գոհութիւն մատուցել եւ բաժնեկցիլ։ Արարքներ որոնք կը կատարենք նաեւ Սուրբ պատարագի ընթացքին» ըսաւ Սրբազան Պապը եւ բացատրեց այս արարքներուն իմաստը, նախ նշելով, որ բաժնեկցելու արարքը կը կրկնուի նաեւ Սուրբ Պատարագի պահուն երբ քահանան կը նուիրէ հացն ու գինին ու թէ Աստուած հինգ հացերը եւ երկու ձուկերը դարձուց ամենամեծ հրաշքին նիւթը` որ է «իր իսկ ներկայութիւնը մեր մէջ, աշխարհի փրկութեան համար», որուն համար պէտք է գոհութիւն յայտնել Տիրոջ` «փառաբանել զԱստուած իր բարութեան համար, մինչ կը սրբացնէ, կը նուիրագործէ եւ կը բազմապատկէ մեր դիւրաբեկ ջանքերը»։

Երրորդ արարքի մասին այսինքն բաժնեկցութեան մասին խօսելով Քահանայապետը մատնանշեց պատարագի ընթացքին Սուրբ Հաղորդութեան բաժնեկցութեան` Տիրոջ պարգեւին պատողը, որ մեզի կը սորվեցնէ իւրաքանչիւր սիրոյ արարքը ապրիլ, որպէս շնորհքի պարգեւ» յարեց Սրբազան Պապը ապա հրաւիրեց մենք մեզի հարցեր տալու, եթէ կը հաւատանք, թէ մենք եզակի բան մը ունինք միւսներուն նուիրելու, եթէ երախտապարտ ենք Տիրոջ մեզի շնորհած պարգեւներուն համար եւ եթէ բաժնեկցութիւնը կ՛ապրինք` որպէս հանդիպումի պահ եւ փոխադարձ հարստութեան առիթ։

Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը, որպէսզի օգնէ մեզի հաւատքով ապրելու իւրաքանչիւր սուրբ պատարագ ու ճանչնալ եւ ամէն օր համտեսել Աստուծոյ շնորհքին հրաշքները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/07/2024, 12:05

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >
Prev
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930   
Next
May 2025
SuMoTuWeThFrSa
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031