Իւրաքանչիւր բան դարձնենք սիրոյ գործիք. Մարեմեան աղօթք
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի 4 Օգոստոս 2024ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Պապը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան աւետարանական հատուածին վրայ, որ կը խօսի Յիսուսի մասին հացերու եւ ձուկերու բազմացումի հրաշքէն ետքը, երբ Ան կը հրաւիրէ իրեն հետեւող ամբոխը մտածելու ու հասկնալու պատահածին իմաստը։
Բաժնեկցիլ մեր ունեցածը
«Անոնք կերած ու բաժնեկցած էին պատանիի մը բոլորին տրամադրութեան տակ դրած փոքր միջոցները ու նշանը յստակ էր. Եթէ իւրաքանչիւր անձ միւսներուն պարգեւէ այն ինչ որ ունի, Աստուծոյ օգնութեամբ, բոլորն ալ կարող են բան մը ունենալ։ Բայց այդ մարդիկը այս մէկը չէին հասկցած ու Յիսուսը շփոթած էին կախարդի հետ եւ անոր մօտ վերադարձան յուսալով, որ ան հրաշքը կրկնէ» ըսաւ Սրբազան Պապը։
Յիսուս իսկական հացը
«Անոնք իրենց ուղեւորութեան հիմնական փորձառութեան մը դերակատարներն են բայց չհասկցան անոր կարեւորութիւնը եւ անոնց ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր հացերու ե ձուկերու վրայ, նիւթական կերակուրին վրայ, որ շուտով վերջացաւ» աւելցուց Քահանայապետը նշելով, որ «անոնք չի հասկցան, որ այդ մէկը գործիքն էր, որուն միջոցաւ Հայրը, մինչ զանոնք կը կշտացնէր, անոնց կը յայտնէր շատ աւելի կարեւոր բան մը` կեանքին ճանապարհը, որ կը տեւէ առ յաւէտ եւ հացին համը որ անսահման կերպով կը բաւարարէ. Իսկական հացը, որ էր եւ է Յիսուս, մարդացեալ սիրեցեալ Որդին, որ եկաւ կիսելու մեր աղքատութիւնը, որպէսզի անոր միջոցաւ մեզ առաջնորդէ Աստուծոյ եւ Եղբայրներու հետ կատարեալ միութեան ուրախութեան, նուիրումի միջոցաւ2։
Միայն սէրն է որ կեանքը կը լեցնէ
«Նիւթական բաները կեանքը չեն լեցներ. Միայն սէրն է որ կ՛ընէ այդ մէկը։ Եւ որպէսզի այս մէկը պատահի պէտք է քալել սիրոյ ճանապարհէն, որ կը բաժնեկցի ամէն բան առանց ոչ մէկ բան իրեն պահելու» աւելցուց Նորին Սրբութիւնը նշելով որ «Այս մէկը կը պատահի մեր ընտանիքներուն մէջ, երբ ծնողները ամբողջ կեանք մը կը յոգնին լաւապէս մեծցնելու իրենց զաւակները ու անոնց ապագայի համար բան մը թողելու»։
Դառնալ սիրոյ գործիք
Սրբազան Պապը տխուր նկատեց այն երեւոյթը երբ զաւակները ապերախտ կը գտնուին ու կը վիճին ժառանգութեան համար։ «Հօր մը ու մօր մը թողած ժառանգութիւնը դրամը չէ» ըսաւ Ան, «այլ սէրը, որով անոնք իրենց զաւակներուն կու տան ամէն բան, այնպէս ինչպէս կ՛ընէ Աստուած մեզի հետ, մեզի սորվեցնելով սիրել։
Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց հուսկ հարցեր տալու մենք մեզի ու քննարկելու թէ ի՞նչպէսի վարուելակերպ ունինք այս ուղղութեամբ, ապա հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը, որպէսզի մեզի սորվեցնէ իւրաքանչիւր բան դարձնել սիրոյ գործիք։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ