Որոնել

VATICAN-RELIGION-POPE-ANGELUS

«Ազատ ըլլանք սնափառութենէն և պատրաստ ծառայութեան» Ֆրանչիսկոս Պապ

«Մենք՝ բոլորս, կենդանի ենք, որովհետեւ ընկալուեցանք, բայց իշխանութիւնը մեզի կը ստիպէ մոռանալ այս ճշմարտութիւնը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ, դիտել տալով, որ «իշխանութեան պայքարի առաջին տուժողները ճիշտ վերջիններն են՝ փոքրերը, թոյլերը, աղքատները» թէեւ «Աւետարանը կը շարունակէ ըլլալ լի յոյսով կենդանի Խօսք մը»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Կիրակի` 22 սեպտեմբեր 2024ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Պապ իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը սովորութեան համաձայն կեդրոնացուց օրուան Աւետարանական հատուածին վրայ (Մարկ. 9,30-37), որ «կը խօսի Յիսուսի մասին` որ կը յայտնէ, թէ ի՞նչ պիտի պատահի իրեն իր կեանքի աւարտին ըսաւ Քահանայապետը մէջբերելով Յիսուսին խօսքերը. «Որդին մարդոյ պիտի մատնուի մարդոց ձեռքը, զանիկա պիտի սպանեն ու երբ սպաննուի՝ երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ» (Մարկ. 9,31)։

Ո՞վ է մեծը

«Աշակերտները մինչ Վարդապետին կը հետեւին մտահոգուած են այլ բաներով եւ երբ Յիսուս անոնց հարց կու տայ թէ ինչի մասին կը վիճաբանին անոնք լուռ կը մնան, որովհետեւ կը վիճաբանէին այն հարցի շուրջ թէ ո՞վ էր իրենց մինչեւ մեծը», նկատել տուաւ Քահանայապետը մատնանշելով այն հակասութեան` որ կար Յիսուսին ու աշակերտներուն մտածելակերպի միջեւ։

«Ան անոնց կը պարզէր իր կեանքին իմաստը եւ անոնք կը խօսէին իշխանութեան մասին։ Եւ ահա ամօթը կը փակէ անոնց բեռանը։ Մինչ Յիսուս բացայայտօրէն անոնց կը պատասխանէ ըսելով. «Եթէ մէկը կ’ուզէ առաջինը ըլլալ, ամենէն յետինը պէտք է ըլլայ եւ ամէնուն սպասաւորը» (Հմմտ. Մարկ. 9,35)»։

Ըլլալ ամէնուն սպասաւորը

«Յիսուս այս կերպով կը նորոգէ մեր ապրելաոճը։ Մեզի կը սորվեցնէ որ իշխանութիւնը չի կայանար ամենահզօրներու տիրապետութեան մէջ այլ ամենատկարի խնամքին մէջ։ Եւ այս կ՛ընէ մանուկ մը կոչելով իր մօտ ու գիրկը առնելով կ՛ըսէ. «Ով որ այսպիսի մանուկներէն մէկը ընդունի իմ անունովս, զիս կ’ընդունի»։

Աւետարանը յոյսի կենդանի Խօսք

«Մենք՝ բոլորս, կենդանի ենք, որովհետեւ ընկալուեցանք, բայց իշխանութիւնը մեզի կը ստիպէ մոռանալ այս ճշմարտութիւնը» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով, որ «իշխանութեան պայքարի առաջին տուժողները ճիշտ վերջիններն են՝ փոքրերը, թոյլերը, աղքատները»։ Քանի՞ մարդիկ կը տառապին եւ կը մերժուին ու կը մահանան իշխանութեան պայքարի հետեւանքով։ Անոնք կեանքեր են, զոր աշխարհը մերժեց, այնպէս ինչպէս մերժեց Յիսուսը» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով` որ «Աւետարանը սակայն կը շարունակէ ըլլալ լի յոյսով կենդանի Խօսք մը»։

Յիսուսին դիմագիծը ճանչնալ ամենափոքրերու դիմագիծին մէջ

Սրբազան Պապը հրաւիրեց առ այդ մենք մեզի հարց տալու «եթէ գիտենք Յիսուսին դիմագիծը ճանչնալ ամենափոքրերու դիմագիծին մէջ, եթէ հոգ կը տանինք մերձաւորին եւ եթէ երախտապարտ ենք անոնց, որոնք հոգ կը տանին մեզի»։

«Աղօթենք Սուրբ Կոյս Մարիամին, որպէսզի ըլլանք անոր նման ազատ սնափառութենէն և պատրաստ ծառայութեան» եղան Նորին Սրբութեան եզրափակիչ խօսքերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/09/2024, 12:08

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >