Որոնել

2024.09.29 Viaggio Apostolico in Belgio - Santa Messa nel King Baudouin Stadium

Լիբանանը պատգամ է, թող ամենուրէք դադրի կրակոցը. Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը Պրիւքսէլէն

Պրիւքսէլի «King Boudouin Stadium»ի մէջ մատուցած պատարագի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը յիշեց գաղթականներու միջազգային օրը ապա կոչ ուղղեց զինադադարի համար Լիբանանի, Միջին Արեւելքի ու համայն աշխարհի մէջ ապա քաջալերեց Պեճիքացիները «Ճամբայ ելլելու, Յոյսով»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 29 սեպտեմբերին, իր 46րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութեան վերջին օրը, Պրիւքսէլի «King Boudouin Stadium»ի մէջ մատուցած պատարագի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը նախ քան նոյն վայրէն Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը արտասանելը, շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Քաղաքի Արքեպիսկոպոսին, Պելճիքայի Թագաւորական ընտանիքին ու Լիւքսեմպուրկի Դուքսին ու Դքսուհիին, իրենց ներկայութեան ու այս օրերուն իրեն վերապահած ընդունելութեան համար։

Ան ապա իր այս շնորհակալութիւնը ընդլայնեց բոլոր անոնց` որոնք տարբեր ձեւերով համագործակցեցան այցելութիւնը պատրաստելու մէջ, յատուկէն շնորհակալութիւն յայտնելով տարեցներուն ու հիւանդներուն, որոնք իրեն նուիրեցին աղօթքներ։

Գաղութականութեան երեւոյթը հնարաւորութիւն եղբայրութեան

Սրբազան Պապը յիշեց ապա «Աստուած կը քալէ իր ժողովուրդին հետ» բնաբանով այսօր յիշատակուող գաղթականներու եւ փախստականներու Համաշխարհային օրը, կոչ ուղղելով Եւրոպային ու համայն միջազգային հասարակութեան, գաղթականութեան երեւոյթը նկատելու հնարաւորութիւն` «միասին աճելու եղբայրութեան մէջ» ու հրաւիրեց բոլոր հաւատացեալները գաղթական եղբօր ու քրոջ մէջ տեսնելու Յիսուսին դէմքը` որ «կը դառնայ ուխտաւոր հիւր մը մեր միջեւ»

Լիբանանը վիրաւոր պատգամ։ Թող դադրի կրակոցը

Սրբազան Պապը ապա նշեց,  թէ ինք «կը շարունակէ ցաւով ու մեծ մտահոգութեամբ հետեւիլ Լիբանանի մէջ հակամարտութեան ընդլայնումին ու սրումին», հաստատելով, որ «Լիբանանը պատգամ մըն է, եւ այս պահուն ան վիրաւոր պատգամ է» ու «այս պատերազմը անոր ժողովուրդին վրայ կը թողու ահռելի հետքեր»։

«Շատ են, բազմաթիւ են մարդիկը, որ կը շարունակեն մեռնիլ ամէն օր։ Աղօթենք զոհերուն համար, անոնց ընտանիքներուն, աղօթենք խաղաղութեան համար» ըսաւ Սրբազան Պապը ու բոլոր կողմերէն խնդրեց, որ անմիջապէս դադրեցնեն կրակոցը` Լիբանանի, Կազայի, Պաղեստինի եւ Իսրայէլի մէջ։

«Թող ազատ արձակուին բոլոր պատանդները ու թոյլ տրուի մարդասիրական օգնութիւններուն։ Չմոռնանք մարտիրոս Ուքրանիան ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն ապա յայտարարեց թէ Հռոմ վերադարձին սկիզբ պիտի տայ Պալտովինօ Թագաւորի երանացման դատին մաղթելով, որ անոր օրինակը լուսաւորէ կառավարիչները։

Մեզի պէտք է Աւետարանի իմաստութիւնը

Նորին Սրբութիւնը ապա հրաւիրեց դիմել Սուրբ Կոյս Մարիամին, Հրեշտակ Տեառն աղօթքի միջոցաւ, կարեւորելով այս աղօթքը ու զայն յանձնելով երիտասարդներուն, մինչ զանոնք վստահեցուց Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին` որ զոհասեղանին մօտ պատկերացուած է` որպէս Իմաստութեան Աթոռ, հաստատելով. «Այո՛, մեզի պէտք է Աւետարանի իմաստութիւնը։ Հայցենք զայն Սուրբ Հոգիէն»։

Քահանայապետը հուսկ խօսքը աւարտեց Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ Աստուծմէ հայցելով խաղաղութեան շնորհքը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին ըսելով. «Յառաջ` ճամբայ ելէք, Յոյսով»։

Հրաժեշտի արարողութիւնը

Պատարագէն ետքը Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունեց Պելճիքայի Թագաւորական ընտանիքը ու Լիւքսեմպուրկի Դուքսերը ապա փոխադրուեցաւ աւանդատուն որտեղէն անմիջապէս մեկնեցաւ դէպի Պրիւքսէլի օդակայան, ուր նախատեսուած հրաժեշտի ու բարի երթի փրոթոքոլային արարողութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը կը բարձրանայ օդանաւ վերադարձ կատարելու համար Հռոմ` ապա Վատիկան վերջ տալով իր Քահանայապետութեան 46րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութեան։ Նորին Սրբութեան Հռոմ ժամանումը նախատեսուած է գրեթէ երկու ժամ տեւող թռիչքէ մը ետք։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/09/2024, 12:38

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >