Pope Francis visits Jakarta, Indonesia

Քահանայապետը այցելեց Ճաքարթայի «Բարեկամութեան ներքնուղի»ն

Տարբեր կրօնական աւանդութիւններու հաւատացեալները ունին կարեւոր դեր մը` այն է բոլորին օգնել անցնելու ներքնուղիէն հայեացքը սեւեռելով դէպի լոյսը...այնպէս ընելով որ ուղեւորութեան աւարտին մեր հետ քալողը ճանչնանք որպէս եղբայր կամ քոյր մը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կան պատերազմի եւ ահաբեկչութեան ներքնուղիներ, որոնք կ’օգտագործուին թաքցնելու համար զինուորները, ռազմիկները եւ պատանդները: Եւ կան ներքնուղիներ, որոնք ստեղծուած են միաւորելու տարբեր դաւանանքներու մարդիկը բարեկամութեան մէջ։ Այս ներքնուղիներէն մին է ան որ Ճաքարթայի մէջ կը միացնէ «Istiqlal» մզկիթը՝ ամենամեծը Հարաւարեւելեան Ասիոյ մէջ, եւ Աստուածամօր Վերափոխման կաթողիկէ տաճարը։ Ներքնուղի` զոր Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց Ինտոնեզիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, հինգշաբթի 5 սեպտեմբերի առաւօտեան, նախ քան «Իսթիքլալ» մզկիթին մէջ միջկրօնական հանդիպումը։ 

Այցելութեան առիթով Քահանայապետը սրտի խօսքը ուղղելով ներկաներուն նշեց, որ «Բարեկամութեան թունելը» նպատակ ունի ըլլալու երկխօսութեան և հանդիպման վայր, մատնանշելով, թէ ներքնուղիները ընդհանրապէս մութ վայրեր են, ու վախ կարող են յառաջացնել, բայց այս մէկը տարբեր է, որովհետեւ ամբողջութեամբ լուսաւորուած է, որովհետեւ «դուք էք լոյսը, որ զայն լուսաւոր կը դարձնէ, ձեր բարեկամութեամբ եւ մշակած հաշտութեամբ, իրարու թիկունք կանգնելով, ձեր իրար հետ քալելու միջոցաւ, որ ձեզ կը տանի մինչեւ ճանապարհին վերջը, դէպի լոյսի լիութիւնը», յարեց Քահանայապետը։

Ան ապա նշեց, թէ տարբեր կրօնական աւանդութիւններու հաւատացեալները ունին կարեւոր դեր մը, այն է բոլորին օգնել անցնելու ներքնուղիէն հայեացքը սեւեռելով դէպի լոյսը... այնպէս ընելով, որ ուղեւորութեան աւարտին, մեր հետ քալողը ճանչնանք, որպէս եղբայր կամ քոյր մը։

«Սպառնալիքի բազմաթիւ նշաններուն, մութ ժամանակներուն մենք կը հակադրենք եղբայրութեան նշանը, որ, ընկալելով միւսը, յարգելով անոր ինքնութիւնը, զայն կը խրախուսէ ընթանալու միասնական ճանապարհով, որ ստեղծուած է բարեկամութեամբ և որ կը տանի դէպի լոյսը», ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց` որոնք «կը գործեն այն համոզումով, որ կարելի է ապրիլ ներդաշնակութեամբ եւ խաղաղութեամբ»։

«Կը մաղթեմ, որ մեր համայնքները միշտ աւելիով բաց ըլլան միջկրօնական երկխօսութեան եւ ըլլան` ինտոնեզեան յատկանշող խաղաղ համակեցութեան խորհրդանիշ», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եւ աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի օրհնէ բոլոր անոնք, որոնք այս թունելէն կ՛անցնին եղբայրութեան, ներդաշնակութեան եւ բարեկամութեան հոգիով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/09/2024, 09:39