VATICAN-POPE-RELIGION-ANGELUS

Իսկական հարստութիւնը Աստուծմէ սիրուած ըլլալն է. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Մենք ալ մեր սրտին մէջ կը կրենք երջանկութեան եւ իմաստով լի կեանքի անզսպելի կարիքը։ Բայց եւ այնպէս կարող ենք պատրանքի մէջ իյնալ մտածելով, որ պատասխանը կը գտնուի նիւթական իրերու եւ երկրային ապահովութիւններու տիրապետման մէջ» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով, որ «Յիսուս կ՛ուզէ մեզի ճշմարտութեան վերադարձնել ու մեզի բացայայտել, որ իրականութեան մէջ բարին որուն կը ձգտինք նոյնինքն Աստուած է, անոր սէրը մեզի համար ու յաւիտենական կեանքը, որ միայն Ինք կարող է մեզի պարգեւել։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 13 Հոկտեմբեր 2024ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Պապ առաքելական պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն առիթով ներկայացուց աւանդական խորհրդածութիւնը մեկնաբանելով Մարկոս Աւետարանիչէն քաղուած աւետարանական հատուածը (Մարկ. 10,17-30) որ կը խօսէր հարուստ մարդու մը մասին, որ կը վազէ Յիսուսին հանդիպելու ու անոր հարց կու տայ. «Բարի՛ վարդապետ, ի՞նչ ընեմ որ յաւիտենական կեանքը ժառանգեմ» եւ Յիսուս կը հրաւիրէ լքել ամէն ինչ եւ իրեն հետեւիլ, բայց անիկա տխրած կը հեռանայ «վասն զի շատ ստացուածք ունէր»։

«Մենք կը տեսնենք այս մարդուն երկու շարժումները. սկիզբը ան կը վազէ Յիսուսին մօտ, վերջաւորութեան սակայն, ան տխուր կը հեռանայ։ Եկէք կենտրոնանանք այս երկու շարժումներուն վրայ» ըսաւ Քահանայապետը։

Հարուստ մարդուն վազքը դէպի Յիսուս ապա հեռանալը Անորմէ

«Նախ եւ առաջ ան Յիսուսին մօտ կ՛երթայ վազելով, կարծես անոր սրտին մէջ բան մը զինք մղեց, որովհետեւ թէեւ ան շատ հարստութիւններ ունէր, ուրախ չէր, ան աւելի լեցուն կեանքի մը փնտռտուքի մէջ էր։ Ան Յիսուսին առջեւ ծունկի կու գայ եւ Յիսուս անոր կը նայի սիրով եւ անոր բուժման առաջարկ մը կու տայ. Ծախել ամէն ինչ ու զանոնք բաժնել աղքատներուն եւ իրեն հետեւիլ։ Բայց անսպասելի եզրակացութիւն մը տեղի կ՛ունենայ. Այդ մարդուն դէմքը կը տժգունի եւ կը հեռանայ։ Յիսուսին հանդիպելու ցանկութիւնը որքան մեծ ու բուռն էր, այդքան ալ սառ և արագ եղաւ հրաժեշտը:

Բարին որուն կը ձգտինք նոյնինքն Աստուած է

«Մենք ալ մեր սրտին մէջ կը կրենք երջանկութեան եւ իմաստով լի կեանքի անզսպելի կարիքը։ Բայց եւ այնպէս կարող ենք պատրանքի մէջ իյնալ մտածելով, որ պատասխանը կը գտնուի նիւթական իրերու եւ երկրային ապահովութիւններու տիրապետման մէջ» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով, որ «Յիսուս կ՛ուզէ մեզի ճշմարտութեան վերադարձնել ու մեզի բացայայտել, որ իրականութեան մէջ բարին որուն կը ձգտինք նոյնինքն Աստուած է, անոր սէրը մեզի համար ու յաւիտենական կեանքը, որ միայն Ինք կարող է մեզի պարգեւել։

Բաժնեկցիլ հարստութիւնները

«Իսկական հարստութիւնը կը կայանայ այն բանին մէջ, որ Յիսուս մեզի նայի սիրով ինչպէս ըրաւ այդ մարդուն հետ, և սիրել մէկը միւսը՝ մեր կեանքը նուէր դարձնելով ուրիշներուն» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը բացատրելով, որ «ասոր համար է, որ Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ ծախելու ամէն բան ու զայն բաժնելու աղքատներուն, որպէսզի մերկանանք մենք մեզմէ. Մեր սուտ ապահովութիւններէ, ուշադիր ըլլալով անոր որ կարիքի մէջ է եւ բաժնեկցելով մեր բարիքները` մեր տաղանդները, բարեկամութիւնը, ժամանակը եւայլն...»։

Ի՞նչ բանի կապուած է մեր սիրտը

Եղբայրներ եւ քոյրեր, այդ հարուստ մարդը չուզեց վտանգել սէրը եւ մեկնեցաւ տխուր դէմքով։ Իսկ մե՞նք։ Հարց տանք ի՞նչ բանի կապուած է մեր սիրտը...գիտե՞նք բաժնեկցիլ աղքատին, դժուարութեան մէջ գտնուողին հետ կամ անոր որ պէտք ունին ունկնդրութեան, ժպիտի, կամ յոյս ներշնչող խօսքի մը։

«Յիշենք այս մէկը. Իսկական հարստութիւնը այս աշխարհին բարիքները չեն, այլ սիրուած ըլլալն է Աստուծմէ ու սորվիլ սիրել Անոր նման» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով հայցել Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը` «որպէսզի օգնէ մեզի Յիսուսին մէջ գտնելու մեր կեանքին գանձը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/10/2024, 12:07

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >