Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ

«Զաւակները սիրոյ ամենագեղեցիկ պտուղը եւ Աստուծոյ մեծագոյն օրհնութիւնն են։ Բաց ըլլալ կեանքին». Ֆրանչիսկոս Պապ

Ամուսնութիւնն ու ամուսնական սէրը կիզակէտ հանդիսացան Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութեան որուն աւարտին հրաւիրեց միանալ Փոմփէյի Սուրբ Վարդարանի Տիրամօր աղերսական աղօթքին
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Կիրակի` 6 Հոկտեմբերի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Պապը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց ամուսնութեան, ամուսնական սիրոյն ու ապահարզանի մասին Յիսուսի խօսքերուն վրայ` քաղուած Մարկոսի Աւետարանէն (Գլ. 10,2-16)։

Ամուսնութիւնն ու ապահարզանը

«Մի քանի փարիսեցիներ կ՛ուզեն Յիսուսը դժուարութեան մատնել ու անոր հարց կու տան եթէ արտօնուած է մարդուն իր կինը արձակել, ու Տէրը անոնց ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ աւելի բարձր արժէքի մը վրայ` «մարդու ու կնոջ միջեւ սիրոյ արժէքը», յայտնեց խորհրդածութեան սկիզբը Քահանայապետը ակնարկելով Յիսուսի ժամանակ տիրող այր մարդու եւ կնոջ իրաւունքներու միջեւ անհաւասարութեան ու Յիսուսին շեշտադրումին` որով ուզեց յիշեցնել որ` «Արարիչը այր մարդն ու կինը ուզեց հաւասար իրենց արժանապատւութեան մէջ եւ իրենց տարբերութեան մէջ իրար լրացնող»։

Որպէս մէկ մարմին

«Եւ` որպէսզի այս մէկը պատահի, Յիսուս կ՛ընդգծէ հարկաւորութիւնը, որ իրենց փոխադարձ պարգեւը ըլլայ լիակատար, ներգրաւող, նոր կեանքի մը սկիզբը` որ սահմանուած չէ միայն «մինչեւ` որ ինծի հաճելի է» խոստումին, այլ առ յաւէտ, զիրար ընկալելով փոխադարձ կերպով ու ապրելով «որպէս մէկ մարմին»։

Այս մէկը կը պահանջէ հաւատարմութիւն, նաեւ դժուարութեան մէջ, յարգանք, անկեղծութիւն ու պարզութիւն (Մարկ. 10,15)։ Կը պահանջէ նաեւ համեմատութեան տրամադրութիւն) շատ անգամ նաեւ վիճաբանելու տրամադրութիւն, բայց միշտ պատրաստ ըլլալով ներելու ու հաշտուելու» ըսաւ Սրբազան Պապը խրատելով օրուան աւարտին, նախ քան անկողին մտնելը դիմելու հաշտութեան։

Բաց ըլլալ կեանքին

«Չմոռանանք, նաեւ, որ կարևոր է, որ ամուսինները բաց ըլլան կեանքի պարգևին, զաւակներու պարգեւին, որոնք սիրոյ ամենագեղեցիկ պտուղն են, Աստուծոյ մեծագոյն օրհնութիւնը, ուրախութեան և յոյսի աղբիւր իւրաքանչիւր տան և ընկերութեան ու բոլորի համար», յարեց ապա Սրբազան Պապը, հրաւիրելով զաւակներ բերել աշխարհ, «զաւակներ բերէք» ըսաւ Ան ապա աւելցուց, որ «սէրը պահանջկոտ է, այո, բայց նաեւ գեղեցիկ է ու այնքանով, որ թոյլ տանք ներգրաւուիլ անոր մէջ այնքանով կը բացայայտենք իսկական երջանկութիւնը»։

Սուրբ Վարդարանի Տիրամօր աւանդական աղերսանքը

Խորհրդածութեան աւարտին Քահանայապետը հրաւիրեց մենք մեզի հարց տալու թէ ի՞նչպէս է մեր սէրը, եթէ հաւատարիմ է, վեհանձն, բաց կեանքին...ապա հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը, որպէսզի օգնէ քրիստոնեայ զոյգերը։

«Անոր կը դիմենք հոգեպէս միացած Փոմփէյի Սրբավայրին մէջ համախմբուած հաւատացեալներուն, Սուրբ Վարդարանի Տիրամօր աւանդական աղերսանքին առիթով» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը աւարտելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/10/2024, 12:06

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >