Մենք ալ մենք զմեզ զգանք աղքատ, բանտարկեալ, կոյր, ճնշուած, որպէսզի շնորհքի տարին մերը ըլլայ. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի 26 Յունուարի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Պապը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Յիսուսին Նազարէթ քաղաքի ժողովարան այցելութեան ու այնտեղ կարդացած Եսայի մարգարէի գիրքի մէկ հատուածին վրայ, որով հռչակեց Մեսիային աւետարանող ու փրկող առաքելութիւնը, ապա յայտարարեց «Այսօր այս գրուածը կատարուեցաւ» (հմմտ. Ղուկաս 4,21)։
Տիրոջ շնորհքի տարին
«Անոր համաքաղաքացիները, որոնք սովոր էին զայն տեսնել որպէս ատաղձագործ Յովսէփի որդի, զարմացած և թերահաւատ են, մինչ Յիսուս կը յայտարարէ որ եկած է «Տիրոջ շնորհքի տարին»՝ յոյսի պատգամ բոլորին ու մասնաւորապէս աղքատներուն, բանտարկեալներու, կոյրերուն և ճնշուածներուն համար» նշեց Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով որ «Ժողովարանին մէջ ոչ մէկը զերծ մնաց ինքնիրեն հարց տալէն եթէ անիկա ատաղձագործի զաւակն էր թէ իսկական Մեսիան»
«Աւետարանիչը մեզի կ՛ըսէ թէ նազարէթի բնակիչները չի կարողացան ճանչնալ Յիսուս Տիրոջ օծուածը։ Անոնք կը կարծէին թէ շատ լաւ կը ճանչնային զինք, եւ այս մէկը փոխանակ իրենց սրտերուն ու մտքին բացուածքը դիւրացնելու կը փակէր զանոնք, նման լոյսը ծածկող շղարշի մը»։
Կը ճանչնա՞նք Յիսուսը
«Այս իրադարձութիւնը կը կրկնուի նաեւ այսօր...մենք ալ հարցաքննուած են Յիսուսի ներկայութեան ու խօսքերու մասին... մենք ալ կոչուած ենք Անոր մէջ ճանչնալու Աստուծոյ Որդին` մեր Փրկիչը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը դիտել տալով, որ մեզի ալ կարող է պատահիլ, որ իր համաքաղաքացիներուն նման կարծենք` թէ ան շատ մօտիկ է մեզի, այնքան մօտիկ, որ մտածենք թէ մենք ամէն բան գիտենք Անոր մասին եւ ասկէ մեկնելով հրաւիրեց մենք մեզի հարց տալու եթէ Յիսուսը կը ճանչնանք` որպէս փրկութեան աւետիսը բերողը, եթէ մենք ալ մենք զմեզ կը զգանք աղքատ, բանտարկեալ, կոյր, ճնշուած...այդ պահուն եւ միայն այդ պահուն «շնորհքի տարին» նաեւ ինծի համար պիտի ըլլայ» ըսաւ Քահանայապետը որ խորհրդածութեան աւարտին հրաւիրեց վստահութեամբ դիմելու Սուրբ Կոյս Մարիամին, որպէսզի մեզի օգնէ ճանչնալու Աստուծոյ Որդիին դէմքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ