Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
No.12 in Do Minore: Allegro con fuoco
Ժամանակացոյց Փոտքասթ

Սրբազան Պապին նոր տարուայ առաջին Մարեմեան աղօթքը

«Մարիամ Աստուծոյ Սուրբ Մայրը` մեզի թող սորվեցնէ մեր սրտին մէջ պահել ու աշխարհին վկայել Աւետարանին ուրախութիւնը»
Ունկնդրէ այս եւ օրուան այլ լուրերը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Նոր տարուայ առաջին օրը` Յունուար մէկին Ֆրանչիսկոս Պապը օրը առաւօտեան ժամը տասին Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ խաղաղութեան համաշխարհային օրուան նուիրուած սուրբ պատարագով ապա կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց 2025-ի առաջին Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած աւետարանական հատուածին վրայ (Ղուկ. 2,16-21), որուն մէջ առաքեալը կը պատմէ Հովիւներուն Բեթղեհէմի քարայր ժամանելուն դէպքը։

Մարիամին սիրտը

Հրեշտակի աւետիսէն ետքը անոնք «Գացին արտորալով եւ գտան Մարիամը ու Յովսէփը եւ մսուրին մէջ պառկած մանուկը» (16) գրած է աւետարանիչը եւ ասկէ մեկնելով է որ Սրբազան Պապը հրաւիրեց խորհրդածելու այն բանի մասին զոր հովիւները տեսան Բեթղեհէմի մէջ ու նաեւ այն բանի մասին որ չի տեսան` այսինքն Մարիամին սիրտը` ան «այս ամէն բաները կը պահէր ու իր սրտին մէջ կը մտածէր»։

«Յիսուս անունը եփրայերէնով կը նշանակէ «Աստուած կը փրկէ» եւ ճիշտ այս է այն ինչ որ պիտի ընէր Ան։ Տէրը արդարեւ աշխարհ եկաւ մեզի պարգեւելու համար իր իսկ կեանքը։ Աստուած ընտրեց ծնիլ մեզի համար եւ Յիսուս Աստուծոյ յաւիտենական ու անվերջ սիրոյն յայտնութիւնն է` որ խաղաղութիւն կը բերէ աշխարհին» ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով, որ «Մարիամ Աստուածածնայ սիրտը կը համապատասխանէ նորածին Մեսիային, որ կը դրսևորէ Հօր ողորմութիւնը: Այդ սիրտը այն ականջն է, որ լսեց Գաբրիէլ հրեշտակապետին աւետիսը. այդ սիրտը հարսի ձեռքն է, որ տրուեցաւ Յովսէփին, այդ սիրտը այն գիրկն է, որ պարուրեց Եղիսաբեթը իր ծերութեան ժամանակ: Մարիամի սրտին մէջ կը բաբախի իւրաքանչիւր արարածի փրկութեան յոյսը» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը։

Հրաւէր մտաբերելու բոլոր մայրերը

Ան ապա նշեց` որ «մայրերը միշտ ի սիրտ ունին զաւակները» եւ հրաւիրեց այսօր` «տարուան առաջին օրը, նուիրուած խաղաղութեան», մտաբերելու բոլոր մայրերը որոնց կ՛ուրախանան եւ բոլոր այն մայրերը` որոնց սիրտը լի է ցաւով, «որովհետեւ անոնց զաւակները տարահանուած են բռնութեան, ատելութեան ու հպարտութեան պատճառաւ»։

«Որքան գեղեցիկ է խաղաղութիւնը` որ ժողովուրդներուն կեանքը երջանիկ կը դարձնէ։ Որքան տմարդկային է պատերազմը, որ կը ճմլէ մայրերուն սրտերը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հրաւիրելով հարց տալու մենք մեզի` եթէ հասկցած ենք ու կը խոկանք Յիսուսի ծննդեան խորհուրդի մասին ու եթէ մեր կարգին փրկութեան պարգեւին կը համապատասխանենք խաղաղութեան, ներումի եւ հաշտութեան արարքով մը։

«Մարիամ Աստուծոյ Սուրբ Մայրը` մեզի թող սորվեցնէ մեր սրտին մէջ պահել ու աշխարհին վկայել Աւետարանին ուրախութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/01/2025, 12:18

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >
Prev
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930   
Next
May 2025
SuMoTuWeThFrSa
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031