Սէրն է պատմութիւնը դատող չափանիշը. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի 2 Փետրուար 2025ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին ներկայացուց աւանդական խորհրդածութիւնը մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը որ քաղուած էր Ղուկասի Աւետարանէն (Ղուկ. 2,22-40) որ կը խօսէր Մարիամի եւ Յովսէփի մասին որոնք մանուկ Յիսուսը կը տանին Երուսաղէմի տաճար, ըստ հրէական օրէնքին։
Մինչ Սուրբ Ընտանիքը ի գործ կը դնէ բան մը որ Իսրայէլի ժողովուրդը սերունդէ սերունդ կը կատարէր կը պատահի աննախընթաց բան մը. Երկու ծերունիներ` Սիմէոն եւ Աննա, կը մարգարէանան Յիսուսի մասին... հռչակելով Իսրայէլի սպասումներուն կատարումը։
«Սիմէոնի եւ Աննայի ծերութեան մէջ կը պատահի նորութիւն մը, որ կը փոխէ աշխարհի պատմութիւնը» եւ «երբ Սիմէոն իր բազուկներուն մէջ կ՛առնէ զայն կը կոչէ երեք ձեւերով. Յիսուս փրկութիւն է։ Յիսուս լոյս է։ Յիսուս հակասութեան նշան է» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը ու մեկնաբանեց Յիսուսին երեք որակումները ըլլայ որպէս փրկիչ, ըլլայ որպէս ժողովուրդները լուսաւորող լոյս, ըլլայ որպէս հակասութեան նշան։
«Յիսուս կը բացայայտէ չափանիշը` որով կը դատենք համայն պատմութիւնը ու նաեւ իւրաքանչիւրի կեանքը։ Այս չափանիշը սէրն է, ան որ կը սիրէ կ՛ապրի, ան որ կ՛ատէ կը մեռնի» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը ու հրաւիրեց մենք մեզի հարցումներ ուղղելու` թէ ի՞նչ սպասումներ ունինք, ո՞րն է մեր յոյսը ու եթէ մեր սիրտը կը բաղձայ տեսնել Տիրոջ դէմքը։
«Աղօթենք Մարիամին, ամենամաքուր մօր, որպէսզի մեզի ընկերակցի պատմութեան լոյսերուն եւ ստուերներուն մէջ, դէպի Տէրը» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ