Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
ITALY-VATICAN-POPE-HEALTH

Կը զգամ Աստուծոյ համայն Ժողովուրդին աջակցութիւնը. Շնորհակալ եմ աղօթքներուն համար. Ֆրանչիսկոս Պապ

Մէկ Մարտի Մարեմեան աղօթքին համար պատրաստուած գրաւոր խորհրդածութիւնը։ Սրբազան Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց բժիշկներուն, իրեն համար կատարուած աղօթքներուն, ու խնդրեց աղօթել խաղաղութեան համար։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

«Եղբայրներ եւ քոյրեր այս մտածումները ձեզի կ՛ուղղեմ հիւանդանոցէն, ուր ինչպէս գիտէք կը գտնուիմ տարբեր օրերէ ի վեր, բժիշկներու և բուժ աշխատողներու ուղեկցութեամբ, որոնց շնորհակալ եմ ուշադրութեան համար, որով հոգ կը տանին ինծի»։  Այս խօսքերը պարունակուած են այսօր Կիրակի երկու մարտին հրատարակուած Ֆրանչիսկոս Պապի Մարեմեան աղօթքի առիթով պատրաստուած գրաւոր խորհրդածութեան տողերուն մէջ, որ ինչպէս նշեցինք հրատարակուեցաւ ու տարածուեցաւ այսօր, մինչ Սրբազան Պապը կը գտնուի հիւանդանոց եւ կարողութիւնը չունի գլխաւորելու Մարեմեան աղօթքը։

Տեսողութեան եւ համտեսումի զգայարանքները

Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութիւնը կեդրոնացուցած էր Ղուկասի Աւետարանէն քաղուած հատուածին վրայ (Ղուկ. 6, 39-45), ուր «Յիսուս մեզի խորհրդածել կու տայ հինգ զգայարանքներէն երկուքին վրայ` տեսողութիւնը եւ համտեսումը» գրուած է խորհրդածութեան մէջ ուր Սրբազան Պապը կը բացատրէ թէ. «Տեսողութեան համար` ան կը խնդրէ աչքերը մարզել լաւապէս տեսնելու աշխարհը եւ մերձաւորը դատելու գթութեամբ։ Ան կ՛ըսէ. « Առաջ քու աչքէդ գերանը հանէ ու ետքը պարզ պիտի տեսնես քու եղբօրդ աչքին մէջի շիւղը»։

Ուղղել գթասրտութեամբ

«Միայն այս խնամակալ հայեացքով եւ ոչ դատապարտող, եղբայրական ուղղումը կարող է դառնալ առաքինութիւն։ Որովհետեւ եթէ եղբայրական չէ, անիկա ուղղում չէ» կը հաստատէ Սրբազան Պապը։

«Գալով համին, Ան կը բացատրէ որ` Յիսուս մեզի կը յիշեցնէ` թէ «ծառը կը ճանչցուի անոր պտուղներէն»։ Եւ մարդէն եկած պտուղները անոր խօսքերն են, որ կը հասուննան անոր շրթներուն վրայ, այնպէս որ «Բարի մարդը իր սրտին բարի գանձէն բարութիւն կը բղխեցնէ եւ չար մարդը իր սրտին չար գանձէն չարութիւն կը բղխեցնէ. վասն զի բերանը սրտին աւելցուքէն կը խօսի»։

Լաւ պտուղներ տալ

«Գէշ պատողները բռնութեան, սուտի, գռեհիկ բառերն են, լաւ պտուղները` շիտակ եւ ազնիւ բառերն են, որ համ կու տան մեր խօսակցութիւններուն» եղաւ Նորին Սրբութեան հաստատումը որմէ ետքը Ան հրաւիրեց հարց տալ. «Ես ի՞նչպէս կը նայիմ միւս մարդոց, որ իմ եղբայրներս եւ իմ քոյրերս են։ Իմ խօսքերս համով համ ունին, կամ թէ լեցուած են դառնութեամբ ու ունայնութեամբ»։

Շնորհակալ եմ աղօթքներուն համար

«Ես սրտիս մէջ կը զգամ «օրհնութիւնը», որ թաքնուած է փխրունութեան մէջ, որովհետև ճիշտ այս պահերուն մենք աւելի շատ կը սորուինք վստահիլ Տիրոջ. Միևնոյն ժամանակ շնորհակալ եմ Աստուծոյ, որովհետև ան ինծի հնարաւորութիւն կու տայ մարմնով և հոգիով կիսել բազմաթիւ հիւանդ և տառապող մարդոց վիճակը։ Ես շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել ձեզի այն աղօթքներուն համար, որոնք կը բարձրանան դէպի Տէրը, աշխարհի շատ մը վայրերու հաւատացեալներու սրտերէն։ Ես կը զգամ ձեր բոլորի սէրը եւ ձեր մօտիկութիւնը, այս յատուկ պահուն, եւ ես ինքս կը զգամ «գրկուած» և Աստուծոյ համայն Ժողովրդին աջակցութիւնը։ Շնորհակալութիւն բոլորիդ», եղան Ֆրանչիսկոս Պապին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի գրաւոր խորհրդածութեան խօսքերը որուն աւարտին ան վստահեցուց իր աղօթքները, «յատկապէս խաղաղութեան համար»։

Աղօթք վասն խաղաղութեան

«Այստեղէն պատերազմը կը յայտնուի աւելի անհեթեթ։ Աղօթենք մարտիրոս Ուքրանիոյ, Պաղեստինի, Իսրայէլի, Լիբանանի, Միանմարի, Սուտանի, եւ Քիվույի համար։ Վստահութեամբ մենք մեզ յանձնենք Մարիամին, մեր Մօրը։ Բարի կիրակի եւ ցտեսութիւն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/03/2025, 12:00

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >
Prev
March 2025
SuMoTuWeThFrSa
      1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031     
Next
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930