Չկորսնցնենք յոյսը` Աստուած ողորմած է և միշտ մեզ կը սպասէ. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Յիսուս Քրիստոս մեր յոյսը։ Յիսուսին կեանքը։ Հանդիպումները։ Սամարացի կինը։ «Ջուր տուր ինծի խմելու» (Յով. 4,7)։ Այս է չորեքշաբթի 26 Մարտ 2025ի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան առիթով մտածուած ու այսօր տարածուած Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին խորհրդածութեան նիւթը։
Արդարեւ ինչպէս յայտնէ է, անցեալ 14 Փետրուարէն ասդին, այսինքն այն օրէն երբ Քահանայապետը ստիպուած եղած էր Ճեմելլի հիւանդանոց փոխադրուիլ երկկողմանի թոքաբորբը խնամելու համար, ինքնաբերաբար դադրեցան Անոր բոլոր գործունէութիւնները ու թէեւ Նորին Սրբութիւնը անցեալ կիրակի օր 23 Մարտին դուրս եկաւ հիւանդանոցէն ու վերադարձաւ Վատիկան, տակաւին յայտնի չէ թէ Ան երբ պիտի կարողանայ վերսկսիլ իր առօրեայ կեանքը, ի տես նաեւ բժիշկներու յանձնարարութեան, որ Ան առ նուազն այլ քառասուն օրուայ տեւողութեամբ շարունակէ իր բուժարանային խնամքները, ներառեալ թթուածինի բարձր հոսքի կիրառումները։
Ինչպէս անցեալ օրերուն այսօր եւս` 26 Մարտին, լոյս տեսաւ Սրբազան Պապին խորհրդածութիւնը որ ինչպէս անցեալ չորեքշաբթի օր նուիրուած էր Յիսուսին կեանքին ու անոր ունեցած հանդիպումներն մէկուն` Սամարացի կնոջ հետ հանդիպումը (Յովհաննէս 4,5-26)։
Սամարացի կինը չէր սպասէր որ մարդ մը տեսներ ջրհորին մօտ, ընդհակառակը ան կը յուսար որ ոչ մէկը գտնէր այնտեղ...գուցէ որովհետեւ կ՛ամչնար իր կեանքէն, ինքզինք կը զգար դատուած ու դատապարտուած եւ իր յարաբերութիւնները խզած էր միւսներուն հետ։
Իսկ Յիսուս Գալիլեայէն հրէաստան երթալու համար կարող էր այլ ճանապարհ մը ընտրել առանց Սամարիայէն անցնելու։ Ան սակայն կ՛ընտրէ այդ ճամբան եւ կանգ կ՛առնէ ճիշտ աղբիւրին մօտ, կէսօրուայ ժամուն։ Տէրը արդարեւ մեզ կը սպասէ եւ այնպէս կ՛ընէ որ մենք զինք գտնենք ճիշտ այն պահուն երբ կը մտածենք թէ մեզի համար այլեւս յոյս չկայ։
Յիսուս կը փափաքի օգնել այդ կնոջ, որպէսզի անիկայ հասկանայ, թէ ուր փնտռել սիրուած ըլլալու իր ցանկութեան ճշմարիտ պատասխանը:
Յիսուսին հանդիպումը կը սկսի ցանկութիւն մը արտայայտելով. «Ջուր տուր ինծի», եւ ջուրը աստուածաշունչին մէջ իղձի պատկերն է, եւ Յիսուս ամենէ առաջ ծարաւը ունի այդ կնոջ փրկութեան։
Յիսուս սամարացի կնոջ կը հանդէպի կէսօրին, այն պահուն երբ աւելի լոյս կայ եւ ինքզինք կը յայտնէ որպէս Մեսիա լոյս սփռելով նաեւ այդ կնոջ կեանքին մէջ։
Կ՛օգնէ անոր վերատեսելու իր պատմութիւնը որ ցաւալի է, ունեցած էր հինգ ամուսիններ եւ վեցերորդը ամուսին մը չէ։ Կինը երբ կը նշմարէ որ Յիսուս իր կեանքի մասին ամէն բան գիտէ երկխօսութեան նիւթը կը փոխէ ու զայն կը դնէ կրօնական գետնի վրայ, կրօնը որ կը բաժներ հրեաները սամարացիներէն։
Տէրը սակայն միշտ ալ աւելի մեծ է խոչընդոտներէն եւ այդ սամարացի կնոջ կը նուիրէ ամենամեծ յայտնութիւնը, անոր խօսելով Հօր մասին, զոր պէտք է պաշտել ճշմարտութեամբ ու հոգիով ու երբ վերջինս նկատել կու տայ, որ այս բաներու համար աւելի լաւ է սպասել Մեսիան, Յիսուս կը պատասխանէ «Ես եմ, որ քեզի կը խօսիմ» (v. 26), կարծես ըսել կ՛ուզէր` որ «ես եմ Ան, որ կարող է վերջապէս համապատասխանել սիրուած ըլլալու քու ցանկութեանդ»։
Այն պահուն սամարացի կինը կը վազէ քաղաքի մարդիկը կանչելու, որովհետեւ ճիշտ սիրուած ըլլալու փորձառութենէն է որ կը բխի առաքելութիւնը։
Այդ կինը սիրահարուած անձի մը նման իր կուժը կը թողու Յիսուսի ոտքին։ Այդ կուժին ծանրութիւնը գլխուն վրայ անոր կը յիշեցներ իր իրավիճակը, իր կեանքին ծանրութիւնը։ Այդ կուժը սակայն այժմ Յիսուսին ոտքին լքուած էր եւ անցեալը այլեւս ծանրութիւն մը չէ։ Կինը հաշտուած է։
Այսպէս պէտք է պատահի նաեւ մեզի։ Աւետարանը հռչակելու համար մենք պէտք ունինք մեր պատմութիւններուն ծանրութիւնը թողուլ Տիրոջ ոտքերուն առջեւ, Անոր յանձնելու մեր անցեալին բեռը։ Միայն հաշտուած անձեր կարող են Աւետարանը տանիլ ուրիշներուն։
Սիրելի եղբայրներ և քոյրեր, չի կորսնցնենք յոյսը: Նոյնիսկ եթէ մեր պատմութիւնը ծանր ու բարդ կը թուայ, , գուցէ նոյնիսկ աւերուած, մենք միշտ հնարաւորութիւնն ունինք զայն յանձնելու Աստուծոյ և նորէն սկսելու մեր ճանապարհը: Աստուած ողորմած է և միշտ մեզ կը սպասէ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ