Աստուծոյ ներկայութիւնը նշմարել փոքրութեան մէջ. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
13րդ օրն ըլլալով Սրբազան Պապը կը գտնուի Ճեմելլի հիւանդանոց եւ այսօր եւս տեղի չունեցաւ չորեքշաբթի օրուան աւանդական հրապարակային ունկնդրութիւնը, բայց եւ այնպէս որոշուեցաւ, ինչպէս անցեալ չորեքշաբթի, հրատարակել ունկնդրութեան առիթով պատրաստուած խորհրդաւորութիւնը, որ նուիրուած էր «Յիսուս Քրիստոս մեր Յոյսը» նիւթին, որ այս տարուայ Յոբելենական տարուայ ընտրուած նիւթն է եւ կը շարունակէ կեդրոնացած ըլլալ Յիսուսի մանկութեան դրուագներուն վրայ, ինչպէս այսօր` Ղուկաս Աւետարանի (Ղուկ. 2,27-29) մէջ պատմուած Յիսուս ի տաճար ընծայման դէպքը։
Արդարեւ ըստ օրէնքին` Մարիամ եւ Յովսէփ քառասնօրեայ Մանուկ Յիսուսը կը տանին տաճար եւ այնտեղ կը հանդիպիn Սիմէոն ծերունիին` որ Սուրբ Հոգիէն մղուած, գիրկը առնելով Յիսուսը կը ճանչնայ զայն որպէս Մեսիա։ Նոյնը կը կատարէ նաեւ Աննան` Սամուէլ Մարգարէին մայրը, իր կարգին ճանչնալով Մանուկը` որպէս փրկիչ։
«Տաճարին մէջ` որ աղօթքի տուն է, Սուրբ Հոգին կը խօսի տարեց մարդու մը սրտին, Սիմէոնին, Աստուծոյ սուրբ ժողովուրդի անդամ, որ պատրաստուած է սպասումի եւ յոյսի, եւ կը սնուի Իսրայէլի Աստուծոյն խոստումներու կատարումի իղձով։ Սիմէոն տաճարին մէջ կը զգայ Տիրոջ Օծեալին ներկայութիւնը, ան կը տեսնէ լոյսը, որ կը ցոլայ «խաւարին» մէջ մխրճուած ժողովուրդներուն վրայ եւ կ՛երթայ այդ մանուկին ընդառաջ, ինչպէս մարգարէացած էր Եսայի մարգարէն` «ան ծնաւ մեզի համար», «մեզի տրուեցաւ», «խաղաղութեան Իշխան»։ Սիմէոնը կ՛ողջագուրէ այդ մանուկը, որ փոքր եւ անպաշտպան է, կը հանգչի անոր բազուներուն մէջ, բայց իրականութեան մէջ, Սիմէոնն է որ կը գտնէ գոյութեան լիութիւնը եւ մխիթարութիւնը, այդ մանուկը գրկելով։ Եւ այս մէկը կ՛արտայայտէ յուզիչ երախտագիտութեամբ լի երգով մը, որ Եկեղեցւոյ մէջ դարձած է օրուայ վերջին աղօթքը.
«Ալ հիմա, ո՛վ Տէր, արձակէ քու ծառադ խաղաղութիւնով քու խօսքիդ համեմատ. Վասն զի իմ աչքերս տեսան քու փրկութիւնդ որ բոլոր ժողովուրդներուն առջեւ պատրաստեցիր, լոյս մը հեթանոսները լուսաւորելու եւ փառք քու Իսրայէլ ժողովուրդիդ»։
«Սիմէոնը կ՛երգէ ուրախութիւնն անոր որ փորձարկեց Իսրայէլի Փրկչին հետ հանդիպումը ու զայն կարող է փոխանցել ուրիշներուն։ Ան հաւատքի վկան է, յոյսի վկայ, ու Աստուծոյ սիրոյ վկայ եւ լի այդ հոգեւոր մխիթարութեամբ մահը կը տեսնէ ոչ որպէս աւարտ, այլ որպէս լիութիւն, ու զայն կը սպասէ որպէս «քոյր» մը` որ ոչ թէ կ՜ոչնչացնէ այլ մուտք գործել կու տայ իսկական կեանք, որուն ան կը հաւատայ»։
Երկու տարեցներու փրկագնման երգը այսպիսով ազատ կարձակէ Յոբելեանի հռչակումը համայն ժողովուրդի և աշխարհի համար։ Երուսաղեմի տաճարին մէջ կրկին կը բորբոքի յոյսը սրտերուն մէջ, քանի` որ Քրիստոս մեր յոյսը այնտեղ մտաւ:
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, մենք ալ նմանինք Սիմէոնին եւ Աննային, այս «յոյսի ուխտաւորներուն», որոնք ունին մաքուր աչքեր, որ կարող են տեսնել երեւոյթներէն անդին, որոնք գիտենք «նշմարել» Աստուծոյ ներկայութիւնը փոքրութեան մէջ, եւ գիտեն ուրախութեամբ ընկալել Աստուծոյ այցելութիւնը ու յոյսը արթնցնել եղբայրներու եւ քոյրերու սրտին մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ