Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
Արխիէն նկար Արխիէն նկար  (Vatican Media)

«Աստուած միշտ կու գայ մեզ փնտռելու, ինչ իրավիճակի մէջ ալ որ կորսուած ըլլանք». Ֆրանչիսկոս Պապ

«Արդարեւ Աստուած չի կարող անցնիլ առանց փնտռելու ան` որ կորսուած է» հաստատած է Ֆրանչիսկոս Պապը գրաւոր խորհրդածութեան մէջ, ակնարկելով նաեւ Զակքէոսը ուրախութեան, երբ տեսաւ Յիսուսին ողորմած հայեացքը։ «Այն նոյն հայեացքը` զոր մենք շատ անգամ դժուարութիւն ունինք ընդունելու, յատկապէս երբ Աստուած կը ներէ անոնց, որոնք մեր կարծիքով, արժանի չեն այդ ներումին։ Կը տրտնջանք, որովհետև կ՛ուզենք սահմաններ դնել Աստուծոյ սիրոյն» եղաւ Քահանայապետին բացատրութիւնը:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Օր մը Յիսուս Երիքովի մէջէն կ’անցնէր։  Ահա մարդ մը, Զակքէոս անունով, որ մաքսապետ ու հարուստ էր,  Կ’ուզէր տեսնել թէ ո՞վ է Յիսուսը։ Բազմութենէն չէր կրնար, վասն զի հասակով կարճ էր։ Ուստի յառաջ վազեց ու ժանտաթզենիի մը վրայ ելաւ, որպէս զի զանիկա տեսնէ, քանի որ անկէ պիտի անցնէր։  Երբ Յիսուս այն տեղը եկաւ, վեր նայելով զանիկա տեսաւ ու ըսաւ անոր. «Զա՛կքէոս, շո՛ւտ ըրէ, ատկէ վար իջիր, վասն զի այսօր քու տունդ պիտի կենամ»։  Ղուկաս աւետարանիչէն քաղուած այս հատուածը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Պապին այսօր Չորեքշաբթի, 2 ապրիլին տարածուած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան առիթով պատրաստուած գրաւոր խորհրդածութեան, որ ինչպէս նախորդ շաբաթներուն եւ Յոբելենական տարւոյն առիթով նուիրուած էր «Յիսուս Քրիստոս մեր Յոյսը» նիւթին` «Յիսուսին կեանքը, հանդիպումները»։

«Սիրելի եղբայրներ և քոյրեր, շարունակենք խոկալ Աւետարանի որոշ կերպարներու հետ Յիսուսի հանդիպումներու մասին: Այս անգամ կ՛ուզեմ կենտրոնանալ Զակքէոսի կերպարին վրայ. Դրուագ մը` որ ինծի հոգեհարազատ է, քանի որ առանձնայատուկ տեղ ունի իմ հոգևոր ճանապարհորդութեան մէջ» կը կարդանք հրատարակուած գրաւոր խորհրդածութեան սկիզբը, որ ինչպէս նշեցինք կեդրոնացած էր Յիսուսի հանդիպումներուն վրայ ու այսօր Զակքէոսի հետ հանդիպումին վրայ։

Յիսուսին Զակքէոսին հետ հանդիպումը 

«Յիսուս Երիքով իջած էր` որ կը գտնուի ծովի մակարդակէն ցած եւ ներկայացուած է որպէս դժոխքի պատկեր, ուր Յիսուս կ՛երթայ փնտռելու համար կորսուածները...իրականութեան մէջ յարութիւն առած Քրիստոսը կը շարունակէ այսօր եւս իջնել ժամանակակից դժոխքներուն մէջ, պատերազմի վայրերուն մէջ, անմեղներու ցաւերուն մէջ, իրենց զաւակներուն մահը տեսած մայրերու սրտերուն մէջ, աղքատներուն անօթութեան մէջ», գրած է Սրբազան Պապը մատնանշելով` որ Ղուկաս Աւետարանիչը Զակքէոսը կը ներկայացնէ որպէս կորստեան մատնուած մարդ մը, որ սխալ ընտրանքներ կատարեց` մեղաւոր մը, որ ինքզինք բացառուած կը զգայ եւ արհամարհուած բոլորէն։

Միշտ յուսալ ու չվհատիլ

Բայց եւ այնպէս Զակքէոսը ամէն ինչ կ՛ընէ տեսնելու համար Յիսուսը եւ Յիսուս զայն տեսնելով կ՛ըսէ թէ կ՛ուզէ իր մօտ օթեւանիլ։ «Արդարեւ Աստուած չի կարող անցնիլ առանց փնտռելու ան` որ կորսուած է» հաստատած է Ֆրանչիսկոս Պապը գրաւոր խորհրդածութեան մէջ, ակնարկելով նաեւ Զակքէոսի ուրախութեան, երբ տեսաւ Յիսուսին ողորմած հայեացքը։ «Այն նոյն հայեացքը` զոր մենք շատ անգամ դժուարութիւն ունինք ընդունելու, յատկապէս երբ Աստուած կը ներէ անոնց, որոնք մեր կարծիքով, արժանի չեն այդ ներումին։ Կը տրտնջանք, որովհետև կ՛ուզենք սահմաններ դնել Աստուծոյ սիրոյն» եղաւ Քահանայապետին բացատրութիւնը:

Թոյլ տանք, որ մեզ գտնէ Աստուծոյ ողորմութիւնը

Տան տեսարանին մէջ Զակքէոս լեսլէն ետքը Յիսուսի ներման խօսքերը կը կայնի, «կարծես յարութիւն առած ըլլար իր մահկանացու պայմաններէն» եւ յանձնառու կ՛ըլլայ վերադարձնել իր գողցածին չորեքպատիկը։ Այս չընէր որպէս փոխհատուցում այլ` որովհետեւ կը հասկնայ, որ սիրելու ձեւը ասիկա է, յանձն առնելով գործնական քայլ մը կատարել. «Ան իր կեանքին նայեցաւ և բացայայտեց այն կէտը, որտեղէն պէտք է սկսիլ փոփոխութիւնը» գրած է Ֆրանչիսկոս Պապը խորհրդածութեան մէջ հրաւիրելով մեզ բոլորս «նմանելու Զակքէոսին ու չկորսնցնելու յոյսը, նոյնիսկ երբ մենք մեզ կը զգան բացառուած կամ անկարող փոխելու մենք զմեզ»։

«Զարգացնենք Յիսուսին տեսնելու մեր ցանկութիւնը և, ամենէն առաջ, թոյլ տանք, որ մեզ գտնէ Աստուծոյ ողորմութիւնը, որ միշտ կու գայ մեզ փնտռելու, ինչ իրավիճակի մէջ ալ որ կորսուած ըլլանք» հաստատած է խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/04/2025, 12:00

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >
Prev
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930   
Next
May 2025
SuMoTuWeThFrSa
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031