Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
Messa di Requiem per soli, coro e orchestra [ Scritto per la morte di Bellini; prima esec. Bergamo 1870 ]
Ժամանակացոյց Փոտքասթ
Արխիէն նկար Արխիէն նկար  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Յիսուսին հանդիպումը Նիկոդէմոսէն հետ. խաւարին մէջ եւս կարող ենք գտնել լոյսը

Այսօր եւս ի տես Սրբազան Պապին տակաւին հիւանդանոց գտնուելուն Հրատարակուեցաւ Անոր այսօրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան առիթով պատրաստուած գրաւոր խորհրդածութիւնը, որ կեդրոնացած է Յիսուսի Նիկոդէմոսի հետ հանդիպումի դրուագին վրայ
Ունկնդրէ Քահանայապետին հայող այս եւ այլ լուրերը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Փարիսեցիներէն մարդ մը կար Նիկոդէմոս անունով, որ Հրեայ իշխան մըն էր։ 2 Ասիկա գիշերով Յիսուսին եկաւ եւ ըսաւ անոր. «Ռա՛բբի, գիտենք թէ դուն Աստուծմէ վարդապետ եկած ես, վասն զի մէկը չի կրնար ընել այն հրաշքները, որոնք դուն կ’ընես, եթէ Աստուած իրեն հետ չըլլայ»։ 3 Պատասխան տուաւ Յիսուս եւ ըսաւ անոր. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի. ‘Եթէ մարդ մը նորէն չծնանի, չի կրնար Աստուծոյ թագաւորութիւնը տեսնել’»։ Յովհաննէս Աւետարանիչէն քաղուած այս հատուածը առանցքը կազմեց 19 Մարտին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան առիթով պատրաստուած Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հրատարակուած գրաւոր խորհրդածութեան, որ ինչպէս նախորդ չորեքշաբթիները ի տես Նորին Սրբութեան տակաւին հիւանդանոց գտնուելուն, տարածուեցաւ Վատիկանեան ու այլ լրատուամիջոցներու միջոցաւ։

Յիսուսին հանդիպումները` յոյսի հանդիպում 

Խորհրդածութիւնը կեդրոնացած է «Յիսուս Քրիստոս մեր Յոյսը» նիւթին վրայ ու յատկապէս աւարտելէ ետք Յիսուսի մանկութեան դրուագները Սրբազան Պապը ուզած է անդրադարձ կատարել Աւետարանին մէջ պատմուած Յիսուսի հանդիպումներուն, «հասկնալու համար թէ ի՞նչ ձեւով է. որ Յիսուս յոյս կը պարգեւէ» գրած է Ան.

«Արդարեւ կան կեանքը լուսաւորող եւ յոյս ներշնչող հանդիպումներ» նշած է Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութեան մէջ որպէս առաջին հանդիպում ներկայացնելով Նիկոդէմոսի հետ հանդիպումը` ու զայն որակելով «մարդ մը` որ իր պատմութեամբ կը բացայայտէ թէ կարելի է դուրս գալ խաւարէն ու գտնել Յիսուսին հետեւելու քաջութիւնը»։

Նիկոդէմոսը լոյսը փնտռող մարդ

Նիկոդէմոս կը փնտռէ լոյսը ներքին շփոթի ու խաւարի պահի մը ընթացքին։ Ան Յիսուսին կը մօտենայ գիշերով, որ խորհրդանիշն է խաւարին մէջ գտնուող սրտի մը։ Յիսուս Անոր հետ կը խօսի «վերէն ծնունդի» մը մասին, որ կը ներկայացնէ հարկաւոր փոփոխութիւնը` ընդունելու համար յոյսը։

Կեանքը փոխակերպող Սուրբ Հոգին

Այս փոփոխութիւնը կարելի է Սուրբ Հոգիին միջոցաւ, որ նոր կեանք կը պարգեւէ եւ Նիկոդէմոս հակառակ սկզբնականն դժուարութիւններուն հասկնալու համար Յիսուսին խօսքերը, թոյլ կու տայ կերպարանափոխուիլ եւ վերջաւորութեան ան պիտի ըլլայ այն անձերէն մին, որոնք հոգ կը տանին Յիսուսի մարմնին, անոր մահուընէն ետքը։

Նիկոդէմոսին ուղեւորութիւնը ցոյց կու տայ, որ նաեւ խաւարին մէջ մենք կարող ենք գտնել լոյսը ու թէ փոփոխութիւնը, որքան ալ, որ վախցնելիք ըլլայ, կը մնայ հիմնական` աճելու համար հաւատքի մէջ։

Հայեացքը սեւեռել Խաչեալին

Ինչպէս անապատին իսրայէլացիները դիմագրաւեցին իրենց վախերը՝ նայելով բրոնզէ օձին, մենք ալ կարող ենք նայիլ Խաչելութեան, որ մեզ կ՛ազատէ մեր ամենախոր վախերէն:

«Նիկոդէմոսի նման մենք ալ մեր հայեացքը ուղղենք դէպի Անոր որ խոցուեցաւ, թոյլ տանք, որ մենք եւս հանդիպինք Յիսուսին։ Անոր մէջ կը գտնենք յոյսը դիմագրաւելու համար կեանքին փոփոխութիւնները եւ վերածնելու կրկին», գրած է Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/03/2025, 12:00

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >
Prev
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930   
Next
May 2025
SuMoTuWeThFrSa
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031